Մարտ 20էն, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուի: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ նախագահ Սահակեան մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի յուշակոթողի պաշտօնական բացման արարողութեան:
21 Մարտին, ան Անթիլիասի մէջ հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր դասի բարձրաստիճան խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայրենիք-Սփիւռք, եկեղեցի-հասարակութիւն փոխ-յարաբերութիւններուն, Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ու տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ Արցախին միշտ սատարելու համար՝ կարեւոր համարելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերը Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման գործին մէջ:
Նոյն օրը, Անթիլիասի մէջ նախագահ Սահակեան մասնակցեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100ամեակին նուիրուած համաժողովի բացման արարողութեան եւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով: Ան յայտնեց, որ 1918 թուականը մեր ժողովուրդի պատմութեան ամենաբեկումնային ժամանակահատուածներէն էր, երբ հայ ժողովուրդը վերականգնեց դարեր առաջ կորսնցուցած իր ազգային պետականութիւնը:
«Անկախ պետականութեան վերականգնումը սոսկ հռչակագիր չէր: Անիկա օտարին կողմէ սկուտեղի վրայ մեզի մատուցուած պարգեւ չէր: Կործանման եզրին կանգնած ժողովուրդ մը, որ ընդամէնը երեք տարի առաջ ենթարկուած էր ցեղասպանութեան եւ սպանդի, իր մէջ ո՛չ միայն ուժ գտաւ տէր կանգնելու սեփական ճակատագիրին ու երկրին, այլ նաեւ վճռորոշ ճակատամարտերու մէջ ջախջախեց ցեղասպան թշնամին: Նման զարգացումները եւ յաղթանակները առ այսօր ոմանց համար անհաւատալի եւ առեղծուածային կը թուին: Ոմանց, բայց ո՛չ մեզի, ո՛չ մեր ժողովուրդին համար: Այսպիսի սխրանքի գաղտնիքը Աստուծոյ եւ իր սեփական ուժերուն հանդէպ մեր ժողովուրդի անկոտրում հաւատքին մէջ է, հարազատ հողին հետ մէկ ամբողջութիւն ըլլալու, անսպառ լաւատեսութեան եւ անձնուիրութեան մէջ»,- ըսաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը: Իր ելոյթին աւարտին, նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ Արցախը կանգնած է ամուր եւ հաստատակամ՝ Մայր Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ միասին մաքառելու յանուն հայոց անկախ պետականութեան յետագայ զարգացման ու հզօրացման, հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, յանուն պայծառ եւ յուսալի ապագայի: «Այս է մեր հերոսամարտերուն խորհուրդը, եւ բոլորս պարտաւոր ենք մեր կարելին ընելու այս ուղղութեամբ»,- եզրափակեց Բակօ Սահակեան:
Համաժողովին կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի եւ զանազան երկիրներու գիտական, քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի
յուշակոթողի բացում Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ
Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Չորեքշաբթի՝ 21 Մարտի երեկոյեան ժամը 5:00ին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի յուշակոթողի պաշտօնական բացումը:
Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու նախագահ Սահակեանը նախ ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու մատուռին առջեւ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով անոնց, ապա ուղղուեցան եկեղեցւոյ ձախ կողմը խրոխտ կերպով կանգնած Հայաստանի Հանրապետութեան յուշակոթող, ուր հնչեց «Գթա՛ տէր» շարականը` հոգիներուն հանգստութեան համար հայ ազգի նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը տուին ազգին եւ ազատ ու անկախ հայրենիքին համար:
Հայաստանի, Արցախի եւ «Կիլիկիա» քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ներկաներուն իր պատգամը յղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ ողջունեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահը, Հայաստանի նախագահին եւ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ միւս համայնքներու ներկայացուցիչները, պաշտօնական եւ ժողովրդային ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց յուշակոթողի բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ Պէզիքեաններուն, յուշակոթողի հեղինակ քանդակագործ Անդրանիկ Դաւթեանին ու անոր գործակիցներուն, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսարանի ճարտարապետներէն Յակոբ Շամլեանին ու Վազգէն Չեքիճեանին:
Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, որ աւելի քան հինգ դարերու ստրկութեան ու հալածանքի, Ցեղասպանութեան ու աքսորի ճիրաններուն մէջ տուայտող մեր ժողովուրդը 28 Մայիս 1918ին կերտեց իր նոր արշալոյսը` ազատ ու անկախ Հայաստանը` աւելցնելով, որ թէեւ այս անկախութիւնը երկար չտեւեց, ու պայմաններու բերումով կորսնցուցինք զայն, սակայն, Հայաստանի քայլերգին հին բառերով` «թշուառ ու անտէր» դարձած հայրենի հողին վրայ ծածանեցաւ Եռագոյնը` դրօշը անկախութեան: Անոր համաձայն, թէեւ Հայաստանի անկախութեան յաջորդող տարիները տառապալից եղան, սակայն հայրենի ժողովուրդը կառչած մնաց իր պապենական հողին ու դարաւոր մշակոյթին եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի գաղափարը միշտ վառ պահեց իր մէջ, որպէսզի երկար տասնամեակներու սպասումէ ետք 21 Սեպտեմբեր 1991ին կրկին դիմաւորէ արշալոյսը եւ կերտէ անկախութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը փոխ առաւ առաքեալին խօսքը` «Եթէ Աստուած մեզի հետ է, ո՞վ կրնայ մեզի դէմ ըլլալ», եւ հաստատեց, որ փառք Աստուծոյ, որ իր ճամբէն քալող առաջին ժողովուրդին` մեզի հետ եղաւ, փառք հայ ժողովուրդին, որ կերտեց անկախութիւնը, որ կը կերտուի հաւաքական հաւատքով ու արեամբ, որ կը պահպանուի հաւաքական կամքով եւ պայծառ տեսիլքով:
«Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին առիթով բարձրացած այս յուշակողոթը անլռելի զանգակատուն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ համայն մարդկութեան մեր հայրենիքին ու Արցախին անկախութիւնը, մեր ժողովուրդին ազատութիւնը աւետող, այս յուշակոթողը սիրոյ եւ երախտագիտութեան շօշափելի արտայայտութիւն է նկատմամբ այն բոլոր հայորդիներուն, որոնք մտքով, գրիչով, խօսքով, քրտինքով, ծառայութեամբ եւ արեամբ անկախութիւն կերտեցին` Արցախէն սկսեալ մինչեւ Արարատեան դաշտ: Անիկա գնահատանքի, սիրոյ եւ յարգանքի արտայայտութիւն է այն բոլոր հերոսներուն նկատմամբ, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան ճամբուն վրայ»,- ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ան դիտել տուաւ, որ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ շատ խորհրդանշական պատկեր մը կը պարզուի ի տես մայր տաճարին աջ կողմը կանգնած ու պահանջատիրութիւն յուշող Նահատակաց յուշարձանին, ինչպէս նաեւ ձախ կողմը բարձրացած անկախութեան նուիրուած յուշակոթողին, որ կոչ կ՛ուղղէ կառչած մնալու հայրենի հողին ու չհեռանալու Հայաստանէն, կոչ` Արցախի ժողովուրդին, վերանորոգ կամքով ու հաւատքով շարունակելու քաջաբար պաշտպանել հողը, ինքնորոշման իրաւունքն ու անկախութիւնը, կոչ` սփիւռքահայութեան, կորովով եւ յանձնառութեամբ շարունակելու մասնակից դառնալ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման աշխատանքներուն:
Արամ Ա. Կաթողիկոս նշեց, որ անկախութեան համար կանգնեցուած յուշակոթողը կազմուած է երեք ամրակուռ սիւներէ` Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, որոնք միասնաբար անբաժան ու անբաժանելի երրորդութիւն մըն են, որոնք կը բարձրանան դէպի երկի՛նք, անմահութի՛ւն եւ յաղթանա՛կ` աւելցնելով, որ այդպէս պէտք է ըլլայ հայութիւնը` մէկ ամբողջութիւն, միաձուլուած ու միակամ:
Իր խօսքին եզրափակիչ մասով Արամ Ա. Կաթողիկոսը ըսաւ, որ այս յուշակոթողը պէտք է ըլլայ յուշ առթող, հաւատք ներշնչող, կամք կռանող, տեսիլք տուող, հայոց պատմութեան ընդերքներէն ժայթքող պատգամ` կոչ ուղղելով զայն վերածելու ազգային ուխտատեղիի, ուր իւրաքանչիւր հայ պէտք է ուխտէ նուիրաբար եւ ամէն գնով ծառայել իր ազգին ու անոր գերագոյն շահերուն: Արարողութիւնը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ
Հ.Յ.Դ. պատուիրակութեան հետ
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի՝ 21 Մարտի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութեան հետ: Արցախի Հանրապետութեան նախագահին կ՛ընկերակցէին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան եւ արցախցի պաշտօնատար այլ անձեր, կը հաղորդէ «Ազդակ»: Այնուհետեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան կարդաց նախագահական հրամանագիրը` պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը պարգեւատրելու գծով: 30 Օգոստոս 2016ին ստորագրուած հրամանագիրը կը նշէ, որ ղեկավարուելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 68րդ յօդուածի 17րդ կէտով եւ հիմք ընդունելով «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու մասին» օրէնքը` հանրապետութեան նախագահը կ՛որոշէ ի նշանաւորումն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25ամեակին եւ պետական, հասարակական, քաղաքական, իրաւական, կրթական, մշակոյթի եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար «Մխիթար Գոշ» մետալով պարգեւատրել հայագէտ եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը: