Ի­ջե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. բազ­մա­մարդ հան­րա­հա­ւաք մը: Կր­թու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար ­Լե­ւոն Մկրտ­չեան՝ դի­մե­լով ի­ջե­ւան­ցի­նե­րուն, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց մեծ ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար: Ան նշեց, որ ընտ­րա­պայ­քա­րը ար­դէն իր ա­ւար­տին կը մօ­տե­նայ: ­Ժո­ղո­վուր­դը այս ըն­թաց­քին կրցաւ հե­տե­ւիլ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու թէ՛ ծրա­գիր­նե­րուն, թէ՛ գոր­ծե­լաո­ճին:
«­Կը մօ­տե­նանք մեր ժո­ղո­վուր­դին, մեր պե­տու­թեան հա­մար շատ կա­րե­ւոր ընտ­րու­թիւն մը: 2 Ապ­րի­լին պի­տի ընտ­րո­ւի ո՛չ միայն հեր­թա­կան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը, այ­լեւ մենք ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն սկսեալ, պի­տի ընտ­րենք խորհր­դա­րա­նա­կան հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռու­ցո­ւած­քը»,- նշեց Մկրտ­չեան, ա­պա՝ ա­ւել­ցուց.- «Ես այս մտա­ւո­րա­կան քա­ղա­քին` Ի­ջե­ւա­նի մէջ կը դի­մեմ ձե­զի, սի­րե­լի՛ ժո­ղո­վուրդ, ճիշդ կողմ­նո­րո­շո­ւե­ցէ՛ք եւ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիին հա­մար ա­մէ­նէն սուղ բա­նե­րէն մէ­կը` սե­փա­կան ձայ­նը, տո­ւէք ձեր խիղ­ճով, ո­րով­հե­տեւ այս ընտ­րու­թիւ­նը պի­տի ո­րո­շէ յա­ռա­ջի­կայ 5-10 տա­րի­նե­րու մեր ապ­րե­լա­կեր­պը»:
Ա­պա՝ Մկրտ­չեան կոչ ուղ­ղեց քո­ւէար­կե­լու յօ­գուտ Հ.Յ.Դ.ին, ո­րով­հե­տեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը 125 տա­րիէ ի վեր իր ժո­ղո­վուր­դին հետ կը քա­լէ: «­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ե՛ւ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ ե­ղած է ժո­ղո­վուր­դին մէջ, ժո­ղո­վուր­դին հետ, եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն ժա­մա­նակ կի­սած է զա­նոնք ժո­ղո­վուր­դին հետ: Ա­սի­կա այն կու­սակ­ցու­թիւնն է, որ եր­բեք իր սկզբունք­նե­րուն չէ դա­ւա­ճա­նած, իր ա­նու­նը չէ փո­խած. ա­սի­կա այն կու­սակ­ցու­թիւնն է, ո­րուն հա­մար գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան կա­րե­ւոր հիմ­նադ­րոյ­թը հայ տե­սա­կին շա­րու­նա­կու­թիւնն է»,- հաս­տա­տեց ան:
Մկրտ­չեան լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ նաեւ այն փաս­տը, որ բո­լոր կու­սակ­ցու­թիւն­ներն ալ լաւ խոս­տում­ներ կու տան, ա­պա՝ յոր­դո­րեց նա­յիլ այդ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ան­ցեա­լին ու ըն­թաց­քին եւ տես­նել, թէ ո՛ր կու­սակ­ցու­թիւ­նը ինչ­պի­սի՞ ըն­թաց­քով շա­րու­նա­կած է իր ու­ղին առ­նո­ւազն վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րուն:
«­Դո՛ւք էք յե­նա­րա­նը, սի­րե­լի՛ ժո­ղո­վուրդ, եւ ե­թէ այ­սօր ուժ տաք մե­զի` ձեր ձայ­նը տա­լով Հ.Յ.Դ.ին, վստահ ե­ղէ՛ք, որ ա­նոր պա­տաս­խա­նը պի­տի ստա­նաք, պի­տի ստա­նաք ոչ թէ խա­բէու­թեան եւ խոս­տում­նե­րու ձե­ւով, այլ, ի դէմս ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, դուք պի­տի ու­նե­նաք լուրջ, կա­յուն յե­նա­րան»,- եզ­րա­փա­կեց Մկրտ­չեան:

«Ո­րե­ւէ քո­ւէար­կու­թիւն, որ կը կա­տա­րո­ւի քա­ղա­քա­ցիին ա­զատ կամ­քով, ա­տի­կա Դաշ­նակ­ցու­թեան յաղ­թա­նակն է»

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան 27 ­Մար­տին, Ի­ջե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Հ.Յ.Դ. բազ­մա­մարդ հան­րա­հա­ւա­քի ըն­թաց­քին, դի­մե­լով ժո­ղո­վուր­դին նշեց, որ 2 Ապ­րի­լին ընտ­րու­թիւ­նը ա­նոնցն է, մեր երկ­րի ա­պա­գան ա­նոնց ձեռքն է, եւ կոչ ուղ­ղեց ան­պայ­ման մաս­նակ­ցե­լու քո­ւէար­կու­թեան, ան­կախ ան­կէ, թէ ո­րո՛ւն կը քո­ւէար­կեն` կա­րե­ւոր է, որ բո­լո­րը մաս­նակ­ցին քո­ւէար­կու­թեան:
«Ո­րե­ւէ քո­ւէար­կու­թիւն, որ ա­զատ կամ­քով կը կա­տա­րո­ւի ա­զատ քա­ղա­քա­ցիի կող­մէ, ա­տի­կա ­Դաշ­նակ­ցու­թեան յաղ­թա­նակն է, ո­րով­հե­տեւ ա­տի­կա նոր սկիզ­բի ա­ռա­ջին քայլն է, ո­րով­հե­տեւ ա­տի­կա ար­դար ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին քայլն է: ­Մի՛ խա­բո­ւիք այն բամ­բա­սանք­նե­րով, որ կ­՛ը­սեն, թէ ա­մէն ինչ ար­դէն ո­րո­շո­ւած է ան­կախ ձեր քուէար­կու­թե­նէն, այդ­պէս չէ, ե­թէ այդ­պէս ըլ­լար այս­քան շատ ընտ­րա­կա­շառ­քի մա­սին չէին խօ­սեր, ընտ­րա­կա­շառ­քի ար­ժէ­քը չէին բարձ­րաց­ներ կամ ի­ջեց­ներ: ­Գիտ­ցէք` ո՛չ միայն ընտ­րա­կա­շառքն է քրէօ­րէն պատ­ժե­լի, այլ նաեւ ընտ­րա­կա­շառք ստա­նալն է քրէօ­րէն պատ­ժե­լի»,- ա­սաց ­Մա­նո­յեան:
­Մա­նո­յեան դի­մե­լով ներ­կա­նե­րուն նշեց, որ ե­թէ ի­րենց քո­ւէն տան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, ա­պա այդ ձայ­նե­րը չեն փո­շիա­նար: Ըստ ­Մա­նո­յեա­նի՝ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ չկայ ուժ մը, որ միայն 5 ա­թոռ ու­նե­նա­լով կա­տա­րած ըլ­լայ այն­քան գործ, որ­քան ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը, եւ ա­տի­կա ան ը­րած է ե՛ւ ընդ­դի­մու­թեան, ե՛ւ իշ­խա­նու­թեան մէջ: