19 Փետրուարի օրը, մեր բոլորին սիրելի ընկ. Բաբգէն Գասապեանի մահուան բօթը անակնկալ մը չեղաւ։ Ամիսներով քամուած հիւանդանոցի անկողինին վրայ, այդ անսպասելի մէկ պահուն ճամբուն մէջ տապալելու արկածը ու գլուխէն ստացած ծայրայեղ վիրաւորումը վերականգնումի ոչ մէկ յոյս կու տային։ Օրնիբուն, իր անմիջական հարազատները կանգնած էին անոր սնարին վրայ, անյոյս վիճակի մէջ սպասելով այն պահը՝ շարժում մը կամ հրաշք մը, որ Բաբգէնը պիտի արթնցնէր իր մահաքունէն, որուն այլեւս անցաւ յաւիտենապէս։
Սուրիոյ անզուգական հայագաղութի ծնունդ էր մեր սիրելի տնօրէնն ու կրթական մշակը՝ Բաբգէնը։ Հայ գիրը փոքրուց արմատացաւ իր մէջ, ծաղկեցաւ ու պտուղ տուաւ Յունաստանի այս ափերուն վրայ, յունահայ մատղաշ սերունդի հոգեմտաւոր դաստիարակութեան մէջ իր ամբողջանուէր ծառայութեամբ։
Սեփական ընտանիք չկազմեց, սակայն իր աշակերտներու մատղաշ աչքերուն մէջ պսպղաց ուսուցիչի սէրը, անոնք ալ՝ յարգանք ու մօտիկութիւն ցուցաբերեցին իրենց ուսուցիչին հանդէպ, որ հարազատ բարեկամի պէս գուրգուրաց բոլորին վրայ։ Թաղման օրը, տասնեակ շրջանաւարտներու յարգանքի տուրքը հարազատօրէն ակներեւ դարձուց տղոց հարուստ զգացումներու արտայայտութիւնը իրենց տնօրէնին հանդէպ։
Հակառակ իր առօրեան մանկական եւ պատանեկան ձայներով լեցնելու առիթներուն, Բաբգէն ապրեցաւ իր մենութեան մէջ։ Առանձնութեան մէջ իսկ, սիրտը կը խայտար, բերկրանք մը կար իր ազնիւ դէմքին վրայ, ներգրաւող ու ազդեցիկ, որ իր խօսակիցին ներգործող լաւատեսութիւն կը ներշնչէր։
Իր պատանեկան տարիներէն, Բաբգէն թրծուեցաւ միութենական կեանքին մէջ։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գայլիկ ու մարզիկ, պատանեկան ու երիտասարդական շարժումներուն մասնակից, գիտակից դաշնակցական շարքային, Համազգայինի անդամ ու վարչական, այս բոլոր յատկանիշները ապրում դարձուց իր աշակերտներու հոգեմտային աշխարհին մէջ, մանաւանդ անոնց սիրել տալով Հայաստան աշխարհի խորհուրդը, ամէն անգամ որ շրջանաւարտներուն հետ իր ոտքը կը կոխէր հայկական սուրբ հողին վրայ։
Դեռ տալիք ունէր ընկ. Բաբգէնը։ Իր կրթական առաքելութիւնը անսպասելիօրէն կանգ առաւ, իսկ իր վաղաժամ մեկնումը ո՛չ միայն ցաւ կը պատճառէ իր հարազատներուն, այլեւ տրտմութիւն մեզ բոլորին եւ զգալի բացակայութիւն մը՝ գաղութի կրթական կեանքէն ներս։
Վաղամերիկ մեր ընկերոջ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 22 Փետրուար 2024-ին, Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ բազմաթիւ հայրենակիցներու, աշակերտներու, ծնողներու, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդին, Հ.Կ.Խաչի եւ Համազգայինի վարչութիւններուն, գաղափարի ընկերներուն, որոնք փութացած էին յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու ընկ. Բաբգէնին եւ ցաւակցելու անոր եղբօր ու հարազատներուն։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Բաբգէն Գասապեանի արժանիքներուն, թուելով անոր կրթական ու միութենական ծառայութեան բաժինները, ինչպէս նաեւ ուրուագծեց հանգուցեալի ազնիւ նկարագիրը։
Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու ուսուցչական կազմերուն եւ գաղափարի ընկերներուն անունով դամբանական արտասանեց ընկ. Հայկանուշ Մինասեան։ Հուսկ, հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ Վիրոնայի գերեզմանատունը։
Երկնային երանութեան մէջ հանգչի մեր սիրելի ընկերոջ ու դաստիարակին տանջուած հոգին։
Ընկ. Հայկանուշ Մինասեանի դամբանական խօսքը
Համեստ, բարեկիրթ, ազնիւ, խոնարհ եւ պարտաճանաչ Բաբգէնը այս բառերով գործակիցներուս եւ գաղափարի ընկերներուս հետ հրաժեշտ կու տանք մեզմէ անհաշտ կերպով բաժնուած ընկերոջ եւ գործակից Բաբգէն Գասապեանին։
Բաբգէնը ճանչցայ 2010-ին, երբ ստանցնեց Հ.Կ. Խաչի «Ճենազեան» ազգ. միջնակարգի տնօրէնութեան պաշտօնը։
Աչքերը կը ցոլային, յուզումի սահմանները կը հասնէին երբ կ՚արտայայտուէր իր սիրելի Հալէպին մասին։ Հալէպը, ուր հայաշունչ օճախի մը մէջ ծնաւ, հասակ նետեց ու կրթութիւն ստացաւ ան.«Ազգային Սահակեան» նախակրթարան եւ «Քարէն Եփփէ» ճեմարան։ Նաեւ մաս կազմեց Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական շարքերուն եւ ոտնագնդակի խումբին։ Իսկ երիտասարդ հասակին տուաւ իր կուսակցական երդումը։
Համալսարանական կրթութիւնը Հայաստան շարունակեց, աւարտելով Երեւանի համալսարանը։ Հայաստանը սրտին կը խօսէր։ Որպէս «Ճենազեան»-ի տնօրէն 10 տարիներ շարունակ, ամենայն պատասխանատուութեամբ, առանց փողերգներու, մինա՛կը կը ստանցնէր ընկերակցիլ եւ կ՚առաջնորդէր միջնակարգին աւարտական դասարանի աշակերտները դէպի Հայաստան պտոյտներուն։ Եւ որոնք շատ ուրախ ու խանդավառ կը վերադառնային։ Վերջին տարիներուն յանձն առած էր «Լ.եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի նախակրթարանին եւ մանկապարտէզին բարդ եւ պահանջատէր տնօրէնութեան պաշտօնը։
Կրթական մշակի իր առաքելութեան կից, մասնակցած էր նաեւ Համազգայինի գործունէութեան, վարելով պատասխանատու պաշտօններ։
Իր վաղահաս կորուստը բոլորիս՝ ձեռքէն անցած աշակերտներուն, գործակից ուսուցիչներուն, համայնքի ազգային եւ կուսակցական կառոյցներուն, գաղափառի ընկերներուն, բարեկամներուն վիշտ ու ցաւ պատճառեց։
Հողը թեթեւ թող ըլլայ, սիրելի ընկեր։