2016 թո­ւա­կա­նը ի­մաս­տա­լից տա­րի էր հնա­բան­նե­րուն, հնա­գէտ­նե­րուն, քա­րան­ձա­ւա­գէտ­նե­րուն հա­մար: ­Նա­խորդ տա­րի բա­ցա­յայ­տուե­ցան եւ լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւե­ցան շարք մը պե­ղում­նե­րու, յայտ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­ներ, ո­րոնք պատ­մա­կան եւ հնա­գի­տա­կան ա­ռու­մով շատ կա­րե­ւոր էին ո՛չ միայն հա­յե­րուս, այլ նաեւ ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նի պատ­մու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան հա­մար: Այս մա­սին կը գրէ Ար­մէն ­Վար­դա­նեան։
2016 թո­ւա­կա­նին հնա­գէտ­նե­րը, քա­րան­ձա­ւա­գէտ­նե­րը խօ­սե­ցան նոր հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու մա­սին՝ վե­րա­հաս­տա­տե­լով, որ ­Հա­յաս­տան այն ե­զա­կի եր­կիր­նե­րէն է, ուր հնա­գոյն աշ­խար­հի պատ­մու­թիւ­նը խոր ար­մատ­ներ ու­նի, եւ որ աշ­խար­հագ­րա­կան փոքր չա­փեր ու­նե­ցող այ­սօ­րո­ւան ­Հա­յաս­տա­նը բաց ու ըն­դար­ձակ հնա­գի­տա­կան աղ­բիւր է ու­սում­նա­սի­րող­նե­րուն հա­մար: ­Սա­կայն պե­տա­կան հո­գա­ծու­թեան բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռով՝ ո՛չ միայն նոր բա­ցա­յայ­տում­նե­րը հո­ղա­կոյ­տի կը վե­րա­ծո­ւին, այլ նաեւ՝ դեռ կան­գուն մնա­ցած պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը:
­Պատ­մա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու դոկ­տոր-փրո­ֆե­սոր, Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի մշա­կու­թա­բա­նու­թեան ամ­պիո­նի վա­րիչ, ­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի հնա­գի­տու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան հիմ­նար­կի Ար­ցա­խի հնա­գի­տա­կան ար­շա­ւա­խում­բի ղե­կա­վար ­Համ­լէտ ­Պետ­րո­սեան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման մէջ թե­րաց­ման պա­տաս­խա­նա­տու կը նկա­տէ թէ՛ պե­տու­թիւ­նը, եւ թէ մաս­նա­ւոր հա­տո­ւա­ծը: «­Սե­փա­կա­նու­թեան նման հո­գա­տա­րու­թիւն չեն ցու­ցա­բե­րում:
­Հա­յաս­տան միակ տա­րածքն է, որ­տեղ հա­յե­րը պատ­մա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նեն ձե­ւա­ւո­րե­լու քա­ղա­քա­կան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հան­րոյթ, սա­կայն այդ գոր­ծըն­թա­ցը տե­ղի չի ու­նե­նում»,- ը­սած է հնա­գէ­տը եւ օ­րի­նակ բե­րած Իս­րա­յէ­լը: «­Պե­տու­թիւն, ո­րը պայ­քա­րում է սե­փա­կան հո­ղակ­տո­րի հա­մար, որ­պէս սրբու­թիւն է վե­րա­բեր­ւում մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րին, իսկ մեր պա­րա­գա­յում ոչն­չաց­ւում է»,- ցաւ յայտ­նած է ան:
­Հո­գա­ծու­թեան պա­կա­սի մա­սին խօ­սած են նաեւ քա­րան­ձա­ւա­գէտ­նե­րը՝ անդ­րա­դառ­նա­լով աշ­խար­հի մէջ բա­ցա­ռիկ նկա­տո­ւող յայտ­նա­գոր­ծու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն։
­Քա­րան­ձա­ւա­գի­տա­կան կեդ­րո­նի նա­խա­գահ ­Սա­մո­ւէլ ­Շա­հի­նեան եւ ­Հա­յաս­տան-Ի­տա­լիա քա­րան­ձա­ւա­գի­տա­կան միա­ցեալ ար­շա­ւա­խում­բի ղե­կա­վար, քա­րան­ձա­ւա­գէտ Սմ­բատ ­Դաւ­թեան, «­Ռա­դիօ­լուր»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, խօ­սե­լով քա­րան­ձա­ւին մէջ յայտ­նա­բե­րո­ւած ժայ­ռան­կա­րին մա­սին՝ փո­խան­ցեց ի­տա­լա­ցի­նե­րուն բնո­րո­շու­մը՝ «ֆան­թաս­թի­քա»: «Ա­ռա­ջին ան­գամ հա­յաս­տա­նեան կարս­տա­յին քա­րան­ձաւ­նե­րից մէ­կում յայտ­նա­բե­րո­ւեց ժայ­ռան­կար, որն իր ո­ճով նման է սպա­նա­կան Ալ­տա­մի­րա­յի քա­րան­ձա­ւում առ­կայ ժայ­ռան­կար­նե­րին: Ա­ռայժմ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն չի ա­րո­ւել, բայց նախ­նա­կան թո­ւագ­րու­թեամբ պա­լէո­լի­թի շրջա­նի է՝ 10-12 հա­զար տա­րի»,- նշած է ­Դաւթեան: Լ­րագ­րո­ղը ու­զած է գիտ­նալ, թէ ո՛ւր կը գտնո­ւի գտա­ծոն, սա­կայն ­Դաւ­թեան դի­տել տո­ւած է, որ ներ­կա­յիս այդ մէ­կը գաղտ­նի կը պա­հո­ւի՝ ժայ­ռա­պատ­կե­րը փրկե­լու մտա­վա­խու­թեամբ, քա­նի որ այ­սօր չա­կեր­տա­ւոր «պահ­պա­նո­ւող» բազ­մա­թիւ քա­րան­ձաւ­ներն իսկ ոչն­չաց­ման եզ­րին են: ­Խօս­քը 20-22 քա­րան­ձաւ­նե­րու մա­սին է, իսկ առ­կայ շուրջ 10 հա­զար քա­րան­ձա­ւէն 100ը կրնան օգ­տա­գոր­ծո­ւիլ զբօ­սաշր­ջու­թեան նպա­տակ­նե­րով: Որ­պէս օ­րի­նակ ան յի­շած է ­Մա­գի­լի քա­րան­ձա­ւը, ո­րուն մէջ առ­կայ պրոն­զէ դա­րու շեր­տը վայ­րա­գօ­րէն ոչնչա­ցո­ւած է:
­Քա­րան­ձա­ւա­գէտ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ ­Սա­մո­ւէլ ­Շա­հի­նեան, իր կար­գին, «­Ռա­դիօ­լուր»ին փո­խան­ցած է, որ քա­րան­ձաւ­նե­րու պահ­պա­նու­թեան ա­ռու­մով պէտք է յստակ ռազ­մա­վա­րու­թիւն մշա­կո­ւի, ո­րով­հե­տեւ մէ­կը պէտք է պա­տաս­խա­նա­տու ըլ­լայ. «Ա­նա­նուն տէ­րեր չեն լի­նում»,- ընդգ­ծած է ան:
­Քա­րան­ձաւ­նե­րէն բա­ցի կան նաեւ այլ կա­րե­ւոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ:
­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի հնա­գի­տու­թեան եւ ազ­գագ­րու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն ­Պա­ւել Ա­ւե­տի­սեան եւս ի­րենց կա­տա­րած պե­ղում­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին ը­սած են, որ պատ­մու­թիւ­նը կը գրո­ւի եր­կու աղ­բիւր­նե­րու հի­ման վրայ՝ գրա­ւոր եւ հնա­գի­տա­կան պե­ղում­նե­րու. ե­թէ նա­խա­պէս գրա­ւոր տո­ւեալ­նե­րը գե­րիշ­խող էին, այ­սօր ար­դէն 99 տո­կո­սով հնա­գի­տա­կա­նը, եւ ա­մէ­նէն տպա­ւո­րիչ ար­դիւն­քը Ա­ւե­տի­սեան նկա­տած է ­Գե­ղա­րօ­տի պե­ղում­նե­րուն ըն­թաց­քին ձեռք բե­րո­ւա­ծը։ Ան դի­տել տո­ւած է, որ հոն աշ­խա­տած է հայ-ա­մե­րի­կեան ար­շա­ւա­խում­բը, եւ հոն­կէ յայտ­նա­բե­րո­ւած են Ք­րիս­տո­սէ ա­ռաջ եր­րորդ հա­զա­րա­մեա­կի ա­ռա­ջին կէ­սի կա­ռոյց­նե­րը, ո­րոնք գե­րեզ­մա­նո­ցին մաս կազ­մած են եւ ծի­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած:
2016 թո­ւա­կա­նին մե­ծա­ծա­ւալ աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րո­ւած են նաեւ «­Սօ­լակ-1» հնա­վայ­րին մէջ, ու­սում­նա­սի­րո­ւած է եւ կ­՛ու­սում­նա­սի­րո­ւի ­Վա­նի թա­գա­ւո­րու­թեան շրջա­նի ար­քա­յա­կան կա­ռոյց­նե­րուն բնո­րոշ յա­տա­կա­գի­ծով ամ­րոց-դղեա­կը, որ սա­կայն ոչ ար­քա­յա­կան ար­հես­տա­նոց­նե­րուն մէջ պատ­րաս­տո­ւած նիւ­թե­րով հնա­վայր է:
Պե­ղում­նե­րու փու­լին մէջ է ­Վի­շապ քա­րա­կո­թող­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ծրա­գի­րը, որ բա­ցա­ռիկ է ա­նով, որ 3000 մեթ­րի վրայ կը կա­տա­րո­ւին աշ­խա­տանք­նե­րը, քա­նի որ որ­պէս կա­նոն հնա­գի­տա­կան յու­շար­ձան­նե­րը ­Կով­կա­սի մէջ 2400 մեթ­րը չեն անց­նիր:
­Քա­րա­կո­թող յայտ­նա­բե­րո­ւած է նաեւ ­Գառ­նի տա­ճա­րի տա­րած­քին, ուր ­Վա­նի թա­գա­ւոր­նե­րը սե­պա­գիր ար­ձա­նագ­րու­թիւն ձգած են: Աս­կէ կա­րե­լի է հե­տեւցնել, որ ա­նոնք ա­ւե­լի հին են, քան ­Վա­նի թա­գա­ւո­րու­թեան շրջա­նը:
­Թէյ­շե­բաի­նի դամ­բա­րա­նա­դաշ­տին մէջ, կամ ինչ­պէս ժո­ղո­վուր­դը կ­՛ը­սէ՝ ­Կար­միր բլու­րի մէջ, եւ Աղձ­քի մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած բա­ցա­ռիկ հե­տա­զօ­տու­թեան ար­դիւն­քով յայտ­նա­բե­րո­ւած են՝ ­Թէյ­շե­բաի­նի պա­րա­գա­յին հա­յոց փո­խար­քա­յի պրոն­զէ կեր­տո­ւած ցլագ­լուխ կեռ մա­կա­նը, իսկ երկ­րոր­դի պա­րա­գա­յին՝ հա­յոց ար­քա­նե­րուն մա­սունք­նե­րը:
Ն­շենք, որ ­Կար­միր բլու­րի պե­ղում­նե­րէն գտնո­ւած մա­կա­նը եւ պե­ղում­նե­րը հեր­քե­ցին ու­րար­տա­ցի­նե­րուն ան­յայտ ծա­գում ու­նե­նա­լու պնդում­նե­րը։ «Ու­րար­տա­ցին ե­ղել է Ա­րա­րա­տեան դաշ­տի բնի­կը»,- հաս­տա­տած է ­Յա­կոբ ­Սի­մո­նեան՝ ա­ւելց­նե­լով.- «­Խո­րա­պէս հա­մո­զուած եմ, որ Ու­րար­տուն դա հայ­կա­կան կայս­րու­թիւն է, իր բազ­մա­շերտ բնակ­չու­թեամբ, որ­տեղ գե­րակշ­ռո­ղը ե­ղել է հայ­կա­կան տար­րը»։