Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Պորիս Ճոնսընի թուրք նախահայրը՝ Ալի Քեմալ ընդդիմացած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրած ղեկավարներուն եւ, 1922ին, դաժանաբար սպաննուած էր Թուրքիոյ ցեղապաշտ ուժերուն կողմէ: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է Ամերիկայի Հայկական Համաժողովը:
Բրիտանիոյ նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն յայտնի է որպէս Լոնտոնի քաղաքապետ, վառ անհատականութիւն եւ Յունիսի հանրաքուէի Brexit քարոզարշաւի առաջնորդ: Աւելի քիչ տեղեկութիւններ կան անոր անձնական կենսագրութեան մասին, որուն մէջ կ՛արտացոլայ բրիտանացիին բազմաշերտ ցեղային ժառանգութեան խառնուրդը, ուր կայ թուրք նախահայր Ալի Քեմալը: Վերջինս իրապէս ուշադրութիւն գրաւած է իբրեւ ամէնէն համարձակ ձայներէն մէկը, որ ընդդիմացաւ 1915-1923 թուականներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրած ղեկավարներուն եւ, 1922ին, դաժանաբար սպաննուեցաւ ցեղապաշտ ուժերուն կողմէ:
Որպէս լրագրող, իր կեանքին համար անհանգստանալով, 1909ին Ալի Քեմալ փախուստ կու տայ Անգլիա, տարագրութեան մէջ ըլլալով կնոջ՝ Ուինիֆրետի եւ դստեր հետ: Սակայն որդիին ծնունդէն կարճ ժամանակ անց, անոր կինը կը մահանայ յետ-ծննդաբերութեան տենդի պատճառով, Տորսէթի կոմսութեան Պորնմուտ քաղաքին մէջ: Քանի մը տարի ետք՝ 1912ին, ան վերադարձած էր Օսմանեան Կայսրութիւն եւ կրկին ամուսնացած օսմանցի փաշայի մը դստեր՝ Սապիհա Հանըմին հետ:
Ալի Քեմալի առաջին կնոջմէ ունեցած երեխաները, որոնք դեռ կ՛ապրին Անգլիոյ մէջ, որդեգրած էին իրենց մայրական մեծ մօր օրիորդական մականունը՝ Ճոնսըն: Ալի Քեմալի որդին՝ Պորիս Ճոնսընի մեծ հայրը, որ ի սկզբանէ Օսման անունը կը կրէր, հետագային սկսաւ օգտագործելու իր երկրորդ անունը՝ Ուիլֆրիտ: Ճոնսընի նախահայր Ալի Քեմալ օսմանեան պետութեան բնաջնջողական քաղաքականութեան առաւել նշանաւոր թուրք քննադատն էր: Ալի Քեմալ լրագրող եւ հասարակական բանախօս էր, որ նոյնիսկ կարճ ժամանակաշրջան մը՝ 1919ին, յետ-պատերազմեան օսմանեան կառավարութեան մէջ, նախարարի պաշտօն կը վարէր:
Դոկտոր Վահագն Տատրեան, որուն բազմաթիւ հրապարակումները բացայայտած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գերմանական եւ օսմանեան ապացոյցներուն լայն ծաւալը, ներկայացուցած էր երիտթրքական ժամանակաշրջանի քաղաքականութեան մէջ Ալի Քեմալի դերակատարութեան ազդեցիկ նկարագրութիւնը:
Ալի Քեմալ ազատական գաղափարներու կողմնակից էր. որու նմանները կը ճնշուէին թէ՛ երիտթրքական ծայրայեղականներու եւ թէ Մուսթաֆա Քեմալի գլխաւորած թուրք ազգայնականներուն կողմէ: Ալի Քեմալ առաւել պոռթկուն, քան ոեւէ այլ թուրք, դատապարտած է հայերուն դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը եւ սուր քննադատութեան ենթարկած իթթիհատական ցեղապաշտները՝ իբրեւ այդ յանցագործութեան հեղինակներու, անողորմաբար պահանջելով անոնց հետապնդումը եւ պատիժը: Այս վերաբերմունքին համապատասխան՝ ան պայքար կը մղէր նաեւ Քեմալական շարժման դէմ, որուն այն ժամանակ կը սատարէին տապալած Իթթիհատի գաղտնի հրոսակները:
Զայն առեւանգեցին Պոլսոյ «Թոքաթլեան» պանդոկի վարսայարդարին մօտէն եւ մոթոր-նաւակով տարին քաղաքի Ասիական մասը, ուղեւորուելով դէպի Անգարա՝ դաւաճանութեան համար մեղադրանքով դատի: Սակայն Իսմիթի մօտ խումբը կանգնեցուեցաւ Մուսթաֆա Քեմալի հետ միաւորուած այդ ժամանակուան Առաջին զօրքի հրամատարին՝ զօր. Նուրէտտինի կողմէ: Ալի Քեմալը զօրավարին հրահրումով Լինչի դատաստանին ենթարկուեցաւ ամբոխին կողմէ: Անոր գլուխը ջախջախուեցաւ մահակներով, եւ զայն քարկոծելով սպաննեցին:
Նուրէտտին անձամբ այսպէ՛ս նկարագրած է տեղի ունեցածը Ռիզա Նուրին, որուն հետ Լօզան կ՛ուղղուի՝ խաղաղութեան բանակցութիւններ վարելու Դաշնակից պետութիւններուն հետ.
«Անոր արնաշաղախ մարմինը այնուհետեւ կախաղան բարձրացուեցաւ, եւ տապանագիր կախուեցաւ անոր կրծքավանդակին, որուն վրայ գրուած էր. «Արթին Քեմալ»: Զոհին յանպատրաստից հայու անուն շնորհելով՝ զտարիւն թուրքին մեծագոյն արհամարհանքի ենթարկեցին՝ որպէս անարգուած ազգի անդամի»:
Պատմականօրէն անարգուելով Թուրքիոյ մէջ իբրեւ դաւաճանի՝ փորձեր կատարուած էին վերանայելու Ալի Քեմալի ժառանգութիւնը՝ Պորիս Ճոնսընի ճանաչուածութեան բարձրացման զուգահեռ: Ան վերագնահատուեցաւ իբրեւ այլախոհ եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպան: 2004ին Թուրք Լրագրողներու Միութիւնը Ալի Քեմալի անունը նշած էր Թուրքիոյ մէջ նահատակուած լրագրողներու շարքին։