Երեքշաբթի¸ 21 Փետրուար 2023–ին¸ Յունաստանի թեմի Առաջնորդ Սրբազան հայրը՝ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան¸ Յունաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան պրն. Ճորճ Ցունիսի հրաւէրով¸ ներկայ գտնուեցաւ դեսպանատան հիւապատոսարանի նորակառոյց մասնաբաժինի բացման պաշտօնական հանդիսութեան։ Բացումը կատարեց Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարար պրն. Էնթընի Պլինքըն¸ որ պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէր Յունաստան։ Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Աթէնքի եւ Համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս՝ Տ.Տ. Երոնիմոսը։ Պետական փոքրաթիւ հրաւիրեալներու կարգին¸ Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր շնորհաւորական եւ յաջողութեան մաղթանքները փոխանցեց Ա.Մ.Ն.ի դեսպան պրն. Ցունիսի։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Ա.Մ.Ն.ի Աթէնքի դեսպանատան հիւպատոսարանի շէնքի բացման հանդիսութիւն