­Հինգ­շաբ­թի, 5 ­Յու­նո­ւար 2023-ի ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցան ­Ճա­շու եւ Ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ըն­թեր­ցո­ւած­նե­րու կա­տա­րում: Ա­պա մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ճ­րա­գա­լոյ­ցի Ս. եւ Ան­մահ պա­տա­րագ, ո­րուն իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ տիկ. ­Սի­րա­նուշ ­Չա­լը­քեան, մե­ներ­գե­լով՝ «­Սուրբ, ­Սուրբ»ն­ ու «­Տէր ո­ղոր­մեա»ն: Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­տօ­նակ, ուր սար­կա­ւագ­ներն ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը միաս­նա­բար եր­գե­ցին «­Խոր­հուրդ ­Մեծ» եւ «Այ­սօր ­Տօն է» շա­րա­կան­նե­րը: Ըն­թաց­քին, ­Հայր սուր­բը խո­րա­նէն Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը առ­նե­լով դա­սին մէջ զե­տե­ղո­ւած սե­ղա­նին վրայ ե­ղող մո­մե­րը վա­ռեց, որ­պէս­զի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը Ք­րիս­տո­սի լոյ­սը խորհր­դան­շող մո­մե­րը վա­ռե­լով ի­րենց հետ տուն տա­նին` իբ­րեւ օրհ­նու­թիւն: Ս. ­Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյս ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած գա­թա­յի հա­տու­մը եւ կո­կիկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն մը: ­Հայր սուր­բը խօսք առ­նե­լով շնոր­հա­ւո­րեց բո­լո­րին ­Նոր ­Տա­րին եւ Ս. Ծ­նուն­դը, մաղ­թե­լով՝ ա­ռողջ, ու­րախ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով լի տա­րի մը: Ա­պա ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի փոխ ա­տե­նա­պետ ­Յա­կոբ ­Գաս­պա­րեան խօսք առ­նե­լով, թա­ղա­կան­նե­րուն ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րեց հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ­Նոր ­Տա­րին եւ Ս. Ծ­նուն­դը: Ա­ւար­տին, ըստ տա­րի­նե­րու բա­րի սո­վո­րու­թեան, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բի ե­րի­տա­սարդ­ներն ու ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը խմբակ­նե­րու բաժ­նո­ւե­ցան եւ շրջա­գա­յե­ցան մեր սի­րե­լի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն տու­նե­րը ու ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ս. Ծնն­դեան Ա­ւե­տի­սը փո­խան­ցե­ցին ա­նոնց:
Ուր­բաթ, 6 ­Յու­նո­ւար 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ս. Ծնն­դեան եւ Աս­տո­ւա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, որ մա­տու­ցեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեան: Ս. ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ էին ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի, ­Տիկ­նանց միու­թեան ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րը, շրջա­նիս գոր­ծող բո­լոր միու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ մեր հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դէն հոծ բազ­մու­թիւն մը:
­Հայր ­Սուր­բը իր քա­րո­զին մէջ անդրա­դար­ձաւ ­Յի­սուս ­Մա­նու­կին Ծնն­դեան դրո­ւա­գին: Իբ­րեւ բնա­բան ընտ­րած էր ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի Ծնն­դեան ա­տեն հրեշ­տակ­նե­րու օրհ­նա­բա­նու­թեան եր­գը, ուր կ­՚ը­սէ. «­Փառք ի բար­ձունս Աս­տու­ծոյ եւ յեր­կիր խա­ղա­ղու­թիւն ի մար­դիկ հա­ճու­թիւն»: ­Քա­րո­զի ըն­թաց­քին ­Հայր ­Սուր­բը խօ­սե­ցաւ եր­կու հիմ­նա­կան կէ­տե­րու մա­սին. ա­ռա­ջին՝ ­Խա­ղա­ղու­թիւն եւ երկ­րորդ՝ ­Սէր: Ա­ւար­տին, ան շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ զա­ւակ­նե­րուն Ս. Ծ­նուն­դը ու ա­նոնց մաղ­թեց, որ Աս­տո­ւած Ի՛ր օրհ­նու­թիւնն ու շնորհք­նե­րը ա­ռա­տա­պէս պար­գե­ւէ իւ­րա­քան­չիւ­րին ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ ­Յի­սուս ­Մա­նու­կին Ծ­նուն­դը ա­ռիթ դառ­նայ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին ան­ձե­րը վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ներ­կա­յու­թեամբ մեր կեան­քե­րը հարս­տացնե­լու: Ա­պա ա­ղօ­թեց, որ Աս­տո­ւած մեր հայ ազ­գին զա­ւակ­նե­րուն ա­մէն տե­սա­կի չա­րի­քէ եւ փոր­ձու­թիւն­նե­րէ հե­ռու պա­հէ եւ մեր նա­հա­տակ զի­նո­ւոր­նե­րուն ծնող­նե­րը Ս. ­Հո­գիով մխի­թա­րէ ու ա­նոնց ար­ցուն­քը ժպի­տի վե­րա­ծէ:
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ջա­կող­մը գտնո­ւող Ս. Մկր­տա­րա­նէն՝ «­Լոյս ի լու­սոյ» շա­րա­կա­նին եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, սրբա­լոյս ­Միւ­ռո­նը Ս. ­Խո­րան բե­րո­ւե­ցաւ, ա­պա շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, ա­ղօթք­նե­րու ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ եւ Ս. ­Միւ­ռո­նի հե­ղու­մով կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ջ­րօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Կն­քա­հայ­րու­թիւ­նը ստանձ­նեց ե­կե­ղեց­ւոյս ու­րա­րա­կիր­նե­րէն՝ ­Թագ­ւոր Ա­ւե­տի­սեան: Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­նե­րուն կող­մէ մեր ժո­ղո­վուր­դին բաժ­նո­ւե­ցաւ օրհ­նո­ւած ջուր: