­Մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը (ձա­խէն աջ), ­Վար­դա­նեան ­Մա­րիամ, ­Մաւ­րո­մուս­տա­քա­քիս ­Կոնս­տան­դի­նոս, ­Խա­նի­կեան ­Մա­րի, ­Յու­նա­նեան ­Տիգ­րան, Մ­խի­թա­րեան ­Մա­րիէլ, Եոր­ղան­ճեան Ք­րիս­տին, ­Բար­սե­ղեան Ա­լեքս, ­Փա­փա­տո­յեան­նի ­Գա­թե­րի­նա, ­Ցի­ցոս ­Նի­կո­լաոս, Ս­քար­ցի­լա­քի Ան­նա ­Մա­րիա, ­Մա­նիա­տա­քիս Ալ­քի­նոոս, ­Մահ­տե­սեան ­Ռի­թա

Հ. Կ. Խ.-ի Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան ազ­գա­յին միջ­նա­կարգ ­վար­ժա­րա­նի 2022-2023 ու­սում­նա­կան ­տա­րեշր­ջա­նի ­տե­ղե­կա­գիր

­Վե­րա­մուտ

2022-2023 տա­րեշր­ջա­նի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցումն ու ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ 2022 ­Սեպ­տեմ­բեր 14-ին հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ՝ ­Տէր ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի: ­Ներ­կայ էին՝ ­Տէր ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան, Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թեան եւ Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու ծնող­ներ:

Ար­ձա­նագ­րու­թիւն եւ ա­շա­կեր­տու­թեան թիւ

Ու­սուց­չա­կան կազմ

­Տա­րեշր­ջա­նի ա­ռա­ջին օ­րէն ու­սուց­չա­կան կազ­մը ներ­կա­յա­ցաւ ծա­ռա­յե­լու մեր դպրո­ցէն ներս ու բաղ­կա­ցաւ հե­տե­ւեալ­նե­րէն (այբ­բե­նա­կան կար­գով).
1. Էւս­տա­թիու Իոան­նիս՝ ու­սո­ղու­թեան ու­սու­ցիչ, 2. ­Կե­քաս Է­ւան­կե­լոս՝ անգ­լե­րէն լե­զո­ւի ու­սու­ցիչ, 3. ­Սափ­րի­չեան Ար­շա­լոյս ՝ տնօ­րէ­նու­հի եւ ու­սուց­չու­հի հա­յոց լե­զո­ւի, գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան, 4. Ս­տա­մա­թա­քիս Ար­ղի­րիս՝ տե­ղե­կա­գի­տու­թեան ու­սու­ցիչ, 5. Վ­լա­խո­փու­լու Անտ­րո­նի­քի՝ յու­նաց լե­զո­ւի ու գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի, 6. ­Տու­մաս ­Թեո­դո­րոս՝ մարմ­նա­մար­զու­թեան ու­սու­ցիչ, 7. ­Փա­փաի­լիա ­Նաւ­սի­քա՝ Ֆ­րան­սե­րէն լե­զո­ւի ու­սուց­չու­հի, 8. ­Փի­փե­րի­տու Է­լե­նի՝ ի­րա­գի­տու­թեան, տար­րա­լու­ծու­թեան, կեն­սա­բա­նու­թեան եւ աշ­խար­հագ­րու­թեան ու­սուց­չու­հի, 9. ­Քոլ­ցի­տա Ա­լեք­սանտ­րա՝ յու­նաց լե­զո­ւի ու գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի:
Ու­սուց­չա­կան կազ­մի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տնօ­րէ­նու­թեան հետ ամ­բողջ տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին ե­ղաւ ջերմ ու ար­դիւ­նա­ւէտ, միշտ ա­ռա­ջադ­րե­լով մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն բազ­մա­կող­մա­նի կրթու­թիւնն ու ա­նոնց հո­գեմ­տա­ւոր ա­ռողջ աճ­ման յար­մա­րա­գոյն պայ­ման­նե­րը ստեղ­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նը:

2022-2023 ­տա­րեշր­ջա­նի
ու­սում­նա­կան եւ կր­թա­կան ­վի­ճակ

Ն­կա­տի առ­նե­լով Կր­թու­թեան ­Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ թե­լադ­րո­ւած ներ­քին ար­ժե­ւոր­ման ուղ­ղու­թիւն­նե­րը, տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը ու­սուց­չա­կան կազմ եւ տնօ­րէ­նու­թիւն ճշդե­ցինք կրթա­կան թի­րախ­նե­րը: Այս տա­րի կեդ­րո­նա­ցանք մաս­նա­ւո­րա­բար հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին, թատ­րո­նին (հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան), բնա­պահ­պա­նու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի իբ­րեւ զբօ­սա­տե­ղի քա­րոզ­չու­թեան եւ մեր պա­տա­նի ա­շա­կերտ­նե­րու հո­գե­կան ամ­րապնդ­ման:
Ու­սուց­չա­կան կազ­մը կազ­մեց խմբակ­ներ, ո­րոնք յանձն ա­ռին ի­րա­գոր­ծել յատ­կա­պէս մշա­կո­ւած ծրա­գիր­ներ:
Այս ծրա­գիր­նե­րը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ, կի­րա­ռե­լով ար­դիա­կան, նո­րա­րար եւ ապ­րու­մա­յին մի­ջոց­ներ, ո­րոնք մեր ա­շա­կերտ­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւ­նը արթն­ցու­ցին եւ աշ­խու­ժա­ցու­ցին զա­նոնք: Ա­ւան­դա­կան երգ ու պար, սո­վո­րու­թեանց վեր­յի­շում եւ վե­րապ­րում, թա­տե­րա­խում­բի կազ­մու­թիւն, խմբա­յին- հա­մա­գոր­ծակ­ցա­կան այ­լեւ ան­հա­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­ներ, հար­ցա­խոյզ­ներ, առ­ցանց աշ­խա­տանք­ներ, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն, յօ­դո­ւա­ծագ­րու­թիւն եւ բա­զում այլ դաս­տիա­րակ­չա­կան մի­ջոց­ներ ի գործ դրինք, ջանք չխնա­յե­լով, որ­պէս­զի բարձր ո­րա­կի, ան­կախ ու­սուց­ման պայ­ման­ներ ստեղ­ծենք դպրո­ցէն ներս եւ դուրս:
Այս­պի­սով, տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին մեր ա­շա­կեր­տու­թեան ու­սում­նա­կան վի­ճա­կը կ­‘ամ­փո­փո­ւի հե­տե­ւեալ կեր­պով.

­Ծա­նօթ՝ ­Վե­րոն­շեալ գնա­հա­տա­կան­նե­րը տրուած են քսա­նի վրայ հե­տե­ւեալ հի­մուն­քով. ­Մի­ջակ՝ 10-12,4. ­Լաւ՝ 12,5-15,4. ­Շատ ­Լաւ՝ 15,5-18,4. ­Գե­րա­զանց՝ 18,5-20:
Ու­րա­խու­թեամբ կը հրա­ւի­րենք հե­տե­ւեալ գե­րա­զանց ա­շա­կերտ­նե­րը յա­ջորդ տա­րեշր­ջա­նի յու­նաց Ազ­գա­յին տօ­նի՝ ­Հոկ­տեմ­բեր 28-ի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան, որ­պէս­զի ստա­նան Կր­թու­թեան ­Նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պար­գե­ւո­ւող վկա­յա­գիր­ներն ու մրցա­նակ­նե­րը.

Ա. ­Դա­սա­րա­նէն՝
1. Ե­զե­կիէ­լեան Ա­րամ, 2. ­Լու­լու­մա­րիս Ան­տո­նիս, 3. ­Մար­տի­կեան Ալ­պեր, 4. ­Խա­չե­րեան ­Կա­րէն, 5. Պարղուտեան Վանա 

Բ. ­Դա­սա­րա­նէն՝
1. ­Գար­ճեան Ա­րիս, 2. ­Գու­յում­ճեան ­Նա­թա­լի

Գ. ­Դա­սա­րա­նէն՝
1. ­Բար­սե­ղեան Ա­լեքս, 2. ­Մա­նիա­տա­քիս Ալ­քի­նոոս

Մր­ցա­նակ­ներ

Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, մեր ­Վար­ժա­րա­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան Ու­սո­ղու­թեան Ըն­կե­րու­թեան «­Թա­լիս» եւ «­Պիւ­թա­կո­րաս» մրցոյթ­նե­րը, ո­րոնց մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ան­գամ մը եւս բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան:
­Բա­նա­սէր տի­կին ­Քոլ­ցի­տա­յի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, այս տա­րի եւս մեր ­Վար­ժա­րա­նէն ներս կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ վի­պագ­րու­թեան մրցոյթ, որ­մէ ի յայտ ե­կան տա­ղան­դա­ւոր գրող­ներ:
­Բա­ցա­ռիկ աշ­խա­տանք ներ­կա­յա­ցուց Բ. ­Դա­սա­րա­նէն ­Նա­թա­լի ­Գու­յում­ճեան, որ ար­ժա­նա­ցաւ յա­տուկ մրցա­նա­կի:
Հ. Կ. Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած է Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցու­թեան մրցա­նա­կը, որ կը շնոր­հո­ւի շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն հա­յա­գի­տա­կան ա­ռար­կա­նե­րուն ա­մե­նաե­ռան­դուն ճի­գը թա­փող եւ լա­ւա­գոյն ար­դիւն­քը ներ­կա­յաց­նող ա­շա­կեր­տին:
Այս տա­րի մրցա­նա­կին կ’ար­ժա­նա­նայ՝ ­Մա­նիա­տա­քիս Ալ­քի­նոոս:

­Ձեռ­նարկ­ներ, նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ

Ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը, ա­մէն տա­րո­ւան պէս, տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը ընտ­րեց իր դա­սա­րա­նա­յին եւ դպրո­ցա­կան վար­չու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ ա­նոնք ա­ւե­լի աշ­խուժ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն դպրո­ցի կեան­քէն ներս եւ գործ­նա­պէս կ­’իւ­րաց­նեն ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կա­նոն­նե­րը: Այս տա­րո­ւան դպրո­ցա­կան ա­շա­կեր­տա­կան վար­չու­թիւ­նը յա­տուկ ե­ռան­դով աշ­խա­տե­ցաւ ­Հա­յաս­տան մեր այ­ցե­լու­թեան նա­խա­հա­շի­ւին կա­րե­ւոր ներդ­րում մը ցու­ցա­բե­րե­լու նպա­տա­կով, ինչ որ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւե­ցաւ:
Ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան տօ­նե­րը նշե­ցինք պատ­շաճ ու ստեղ­ծա­գործ կեր­պով: ­Տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը ճոխ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­ցին, թա­տե­րա­կան եւ գի­տե­լիք­նե­րու խա­ղե­րով, բա­նաս­տեղ­ծա­կան քննա­կան ու վեր­լու­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով, պատ­մա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցում­նե­րով:
­Սեպ­տեմ­բե­րին կազ­մա­կեր­պե­ցինք ներ դպրո­ցա­կան մար­զա­կան խա­ղեր:
­Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թով ու լե­զո­ւով ապ­րե­ցանք: ­Կազ­մա­կեր­պե­ցինք յա­ճա­խա­կի ա­շա­կեր­տա­կան տօ­նախմ­բու­թիւն­ներ եւ հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի ու ա­ւան­դա­կան եր­գի ու պա­րի աշ­խա­տա­նոց, մաս­նակ­ցու­թեամբ ա­շա­կեր­տու­թեան, ծնող­նե­րու եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին: Այս ձեռ­նարկ­նե­րը հայ­կա­կան շուն­չով ու­րա­խու­թիւն ստեղ­ծե­ցին դպրո­ցէն ներս: ­Հա­յե­րէ­նով ապ­րե­լու օր­րան դար­ձու­ցինք մեր դպրո­ցը, հա­յե­րէ­նով քննե­լով բազ­մա­պի­սի կրթա­կան նիւ­թեր:
Ա­մէն յար­մար ա­ռի­թով խօ­սե­ցանք յու­նա­հայ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րուն եւ ­Միու­թեանց մա­սին, խրա­խու­սե­լով մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ւե­լի՛ աշ­խուժ կեր­պով շա­րու­նա­կեն մաս­նակ­ցիլ հայ կեան­քին:
Ա­ռի­թը ու­նե­ցանք այ­ցե­լե­լու Ա­զատ Օ­րի խմբագ­րա­տու­նը, ուր ծա­նօ­թա­ցանք թեր­թի պատ­մու­թեան, տպագր­ման գոր­ծըն­թա­ցին: ­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը խան­դա­վա­ռո­ւած, ստեղ­ծե­ցին խմբագ­րա­կան խմբակ մը եւ սկսան ի­րենց ա­ռա­ջին թղթակ­ցու­թիւն­ներն ու յօ­դո­ւած­նե­րը գրել:
­Բա­րե­կեն­դա­նին խա­ղեր կազ­մա­կեր­պե­ցինք ու խա­ղա­ցինք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ: Ըստ ա­ւան­դու­թեան, ա­շա­կերտ­նե­րը այդ օր «դա­տե­ցին» ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րը:
­Յատ­կա­պէս զարկ տո­ւինք մեր պա­տա­նի­նե­րու ըն­կե­րա­յին զգայ­նու­թեան եւ մարդ­կա­յին հա­մե­րաշ­խու­թեան:
Այս­պի­սով. Ա­շա­կեր­տու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կո­կիկ գու­մար մը գո­յա­ցաւ ու փո­խան­ցո­ւե­ցաւ Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան երկ­րա­շար­ժէն ա­ղէ­տեալ սու­րիա­հայ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն օ­ժան­դա­կե­լու նպա­տա­կով:
­Մեր դպրո­ցին մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցինք ՍՔԵՓ (­Սին­տեզ­մոս ­Քի­նո­նի­քիս էւ­թի­նիս եա ­Փէ­տիա քէ նեուս) Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ու Ե­րե­խա­նե­րու հա­մար Ըն­կե­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ­Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, որ յա­տուկ աշ­խա­տա­նո­ցով մը մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րա­զեկ դար­ձուց ան­դա­մա­լոյծ­նե­րու խնդիր­նե­րուն եւ ու բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար ար­դար ըն­կե­րու­թեան մը պայ­ման­նե­րուն:
Ամ­բողջ տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին հա­ւա­քե­ցինք կեր­պըն­կա­լէ շի­շե­րու կա­փա­րիչ­ներ, եւ զա­նոնք նո­ւի­րե­ցինք ան­դա­մա­լոյծ­նե­րու «­Կեան­քին հան­դէպ սէր» կազ­մա­կեր­պու­թեան, որ­պէս­զի սայ­լակ­ներ գնո­ւին:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րուն եւ բո­ղո­քի ցոյ­ցին ներ­կայ ե­ղանք, վե­րա­հաս­տա­տե­լով մեր սրբա­զան ուխ­տը՝ պայ­քա­րե­լու մին­չեւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ:
­Դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րե­ցինք դէ­պի ­Նի­քէա­յի պատ­կե­րաս­րա­հը, ուր դի­տե­ցինք «1922, ­Յու­նաս­տա­նը կը դի­մա­ւո­րէ հայ գաղ­թա­կան­նե­րը» ցու­ցա­հան­դէ­սը եւ մաս­նակ­ցե­ցանք կրթա­կան աշ­խա­տա­նո­ցին, Ակ­րո­պո­լի­սի թան­գա­րան, Ա­թէն­քի աստ­ղա­դի­տա­րա­նը, Էւ­ղե­նի­տիօ ­Հաս­տա­տու­թիւ­նը, Ի­լիու­պո­լի­սի բնա­գի­տա­կան կրթա­կան ­Հաս­տա­տու­թիւ­նը եւ թատ­րոն:
­Մեր դպրո­ցը Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի «Ա­թի­նա Պ­րո­մա­խոս» կան­խար­գել­ման կեդ­րո­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով, ի­րա­կա­նա­ցուց յա­տուկ կրթա­կան ծրա­գիր մը, ո­րու նպա­տակն էր հո­գե­պէս ա­ռա­ւել եւս ամ­րապն­դել մեր պա­տա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը։
Ծ­րա­գի­րը կը նե­րառ­նէր ո­րո­շա­կի նիւ­թեր՝ ինք­նագ­նա­հա­տու­մը, հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը եւ մարդ­կա­յին սահ­ման­նե­րը, բազ­մա­զա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր ըն­կա­լու­մը պա­տա­նի­նե­րուն կող­մէ:
­Խորհր­դակ­ցե­լով վե­րոն­շեալ կեդ­րո­նի հո­գե­բան՝ տի­կին Վ­լու­թող­լո­ւին հետ, կար­գա­ւո­րե­ցինք տուեալ ծրագ­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը շա­բա­թա­կան դա­սա­րա­նա­յին հան­դի­պում­նե­րով ­Նո­յեմ­բե­րի սկիզ­բէն մին­չեւ ­Մար­տի վերջ:
Ծ­րագ­րի սկիզ­բը տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­բա­նին հետ ա­ռա­ջին շփման հան­դի­պում , իսկ ա­ւար­տին՝ ծրագ­րի գնա­հա­տում:
­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը դրա­կան ար­ձա­գանք ու­նե­ցան այս ծրագ­րէն, հե­տե­ւա­բար յա­ռա­ջի­կայ տա­րի եւս պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը «Ա­թի­նա Պ­րո­մա­խոս»-ի հետ:
Բ­նա­պահ­պա­նա­կան (ձի­թե­նիի) եւ մշա­կու­թա­յին (թատ­րո­նի) մեր ծրա­գիր­նե­րու ծի­րէն ներս, կազ­մա­կեր­պե­ցինք եւ ի­րա­գոր­ծե­ցինք ան­մո­ռա­նա­լի ե­ռօ­րեայ պտոյտ մը դէ­պի ­Գա­լա­մա­թա, ­Միստ­րաս, Ս­պար­թա եւ ­Փի­լոս:Այն­տեղ մեր ա­շա­կերտ­նե­րը եւ մենք ա­ռի­թը ու­նե­ցանք այ­ցե­լե­լու ­Միստ­րաս բեր­դա­քա­ղա­քը եւ թան­գա­րա­նը, Ս­պար­թա­յի ձի­թե­նիի եւ ձի­թաիւ­ղի թան­գա­րա­նը, ­Գա­լա­մա­թա­յի պե­տա­կան ար­խի­ւի մաս­նա­ճիւ­ղը եւ « ­Հայ գաղ­թա­կան­նե­րը ­Գա­լա­մա­թա­յի մէջ. 1921-1947» ցու­ցա­հան­դէ­սը, հին ­Մե­սի­նիի ամ­փի­թատ­րոնն ու թան­գա­րա­նը, ­Փի­լոս ծո­վե­զե­րեայ քա­ղա­քը եւ ­Գա­լա­մա­թա­յի բո­լոր տե­սար­ժան վայ­րերն, ինչ­պէս նաեւ հա­յոց տրա­մադ­րո­ւած ե­կե­ղե­ցին ու ­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շար­ձա­նը:
Բ­նա­պահ­պա­նա­կան ծրագ­րի ծի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պե­ցինք նաեւ բա­ցա­ռիկ աշ­խա­տա­նոց մը Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան ­Վար­ժա­րա­նին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով, ո­րու ըն­թաց­քին եր­կու ­Վար­ժա­րան­նե­րու եւ ­Ման­կա­պար­տէ­զի ա­շա­կերտ­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան ձի­թե­նիին եւ ա­նոր պտու­ղին հիա­նա­լի յատ­կու­թիւն­նե­րուն եւ ճա­շա­կե­ցին հա­րուստ ու հա­մեղ նա­խա­ճաշ մը ա­շա­կերտ­նե­րու եւ պա­տաս­խա­նա­տու ու­սու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած:
­Նա­խակր­թա­րան­նե­րու ա­ւար­տա­կան­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պե­ցինք ծա­նօ­թաց­ման օր, ո­րու ըն­թաց­քին մեր զոյգ ­Նա­խակր­թա­րան­նե­րու վե­ցե­րորդ դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ, ծա­նօ­թա­ցան մեր շէն­քա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րուն եւ ա­ռի­թը ու­նե­ցան ալ ա­ւե­լի սեր­տաց­նե­լու ի­րենց բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րը:
­Կազ­մա­կեր­պե­ցինք նաեւ Հ.Կ.Խ.-ի ­Զա­ւա­րեան նա­խակր­թա­րա­նի ա­ւար­տա­կան­նե­րու ծնող­նե­րուն հա­մար, ծա­նօ­թաց­ման, զե­կու­ցա­կան հան­դի­պում մը:
­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ ջերմ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով, կազ­մա­կեր­պե­ցինք հա­ճե­լի պտոյտ­ներ դէ­պի մեր մօ­տիկ ­Նէա Զ­միռ­նիի հրա­պա­րա­կը եւ Ս­տաւ­րոս ­Նիար­խոս ­Հաս­տա­տու­թեան պու­րա­կը: ­Մեր ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նին հետ Ուր­բաթ օ­րո­ւան ըն­կե­րա­յին հան­դի­պում­ներ եւ թա­տե­րա­խում­բի ու պա­րա­խում­բի փոր­ձեր ի­րա­կա­նա­ցան ա­կում­բէն ներս:
Այս տա­րի եւս մեր ա­ւար­տա­կան­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պե­ցինք դպրո­ցա­կան եւ մաս­նա­գի­տա­կան ընտ­րու­թեան դա­սըն­թաց աշ­խա­տա­նոց, զոր վա­րեց մաս­նա­գի­տա­ցած յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած հո­գե­բան մը:
­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը դար­ձան մեր հնա­մեայ մշա­կոյ­թի դես­պան­ներ: ­Մենք կա­տա­րե­ցինք այ­ցե­լու­թիւն մը Ղ­լի­ֆա­տա­յի 8-րդ ­միջ­նա­կարգ ­վար­ժա­րա­նը, ուր ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան մեր ա­շա­կերտ­նե­րու աշ­խա­տու­թիւն­ներ մեր պատ­մու­թեան ու հա­րուստ մշա­կոյ­թի մա­սին, հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան եր­գեր ու պա­րեր: Եր­կու դպրոց­նե­րու մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւե­ցան ջերմ բա­րե­կա­մա­կան կա­պեր եւ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ ­Բա­րե­կա­մու­թեան յու­շա­գիր:
Քն­նու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ վեր­ջին օ­րը բո­լորս միա­սին զո­ւար­ճա­ցանք ­Վար­դա­վա­ռի ջրա­խա­ղով:
­Տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին մեծ պա­տի­ւը եւ ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցանք մեր յար­կէն ներս հիւ­րըն­կա­լե­լու ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս՝ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­հայ­րա­պե­տը, ­Թո­ւա­յին կա­ռա­վար­ման նա­խա­րար՝ պա­րոն ­Քի­րիա­քոս ­Փիե­րա­քա­քիս եւ Ատ­տի­կէի նա­հան­գա­պետ՝ պա­րոն Եոր­ղիոս ­Փա­թու­լիս:

­Յա­րա­բե­րա­կան

1. ­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րուն հետ ան­մի­ջա­կան, յա­ճա­խա­կի եւ սի­րա­լիր ու շի­նիչ կապ հաս­տա­տե­ցինք, թէ՛ մօ­տէն, թէ՛ էլ. նա­մա­կագ­րու­թեան եւ հե­ռա­ձայ­նի մի­ջո­ցաւ: ­Միշտ հա­մա­խոր­հուրդ գոր­ծե­ցինք, ի խնդիր մեր պա­տա­նի­նե­րու լա­ւա­գոյն աճ­ման:
2. Սր­բա­զան ­Հօր եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան հետ մեր կա­պե­րը ե­ղան յար­գա­լից, իսկ Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րուն հետ՝ ան­մի­ջա­կան ու գործ­նա­կան:
3.­ Սի­րա­լիր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին եւ տեղ­ւոյն ­Վար­չու­թիւն­նե­րուն հետ:
4.­ Վար­ժա­րա­նէն ներս հիւ­րըն­կա­լե­լով Ե­րե­ւա­նի ­Ման­կա­վար­ժա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի ­Պատ­մու­թեան բա­ժի­նի վա­րիչ՝ պա­րոն ­Խա­չա­տուր Ս­տե­փա­նեա­նը, միաս­նա­բար քննե­ցինք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան աս­պա­րէ­զի մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:
5.­ Սի­րա­լիր եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիով սահ­մա­նո­ւած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք մեր ­Վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան ­Վար­չու­թեան հետ:
6. Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին եւ տեղ­ւոյն ­Վար­չու­թիւն­նե­րուն հետ մեր կա­պե­րը ե­ղած են սի­րա­լիր եւ շի­նիչ:
7.­ Կա­նո­նա­ւոր կապ հաս­տա­տած ենք շրջա­նի Կրթու­թեան Տ­նօ­րէ­նու­թեան հետ, հա­մադ­րե­լով մեր կրթա­կան աշ­խա­տան­քը ըստ ա­նոնց թե­լադ­րանք­նե­րուն: ­Հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած ենք Տ­նօ­րէ­նին եւ մեր ­Վար­ժա­րա­նը հսկող բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ, ամ­րապն­դե­լով ար­դէն իսկ գո­յա­ցած փո­խա­դարձ յար­գանքն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը:
8. Ս­տա­ցո­ւած ու ա­ռա­քո­ւած նա­մակ­ներ, հրա­ւէր­ներ, հաս­տա­տագ­րեր եւ այլ բնոյ­թի փաս­տա­թուղ­թեր պա­հած ենք է­լեկտ­րո­նա­յին ար­խի­ւով, ինչ­պէս թե­լադ­րո­ւած է:
9. Ու­սուց­չա­կան կազ­մի ժո­ղով­ներ գու­մա­րած ենք կեդ­րո­նա­նա­լով մեր ա­շա­կերտ­նե­րու կրթա­կան ըն­թաց­քին այ­լեւ ա­նոնց հո­գեմ­տա­ւոր աճ­ման: ­Նիս­տե­րու տո­մա­րին մէջ ան­ցու­ցած ենք 39 ա­տե­նագ­րա­յին ար­ձա­նագ­րու­թիւն:

Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թիւն

­Տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թիւ­նը մէկ ան­դա­մով հա­մալ­րեց իր ­Վար­չու­թիւ­նը, որ բաղ­կա­ցաւ հե­տե­ւեալ ան­դամ­նե­րէն.
­Մէ­րի ­Գո­ճա­յեան, ­Մա­րի­նէ ­Պետ­րո­սեան, ­Սո­ֆիա ­Լա­զա­րեան, Ա­լի­նա ­Գաէ, ­Վե­րո­նիկ ­Գո­նեա­լեան
­Վար­չու­թիւ­նը ա­մէն ջանք թա­փեց, որ­պէս­զի գո­հաց­նէ ­Վար­ժա­րա­նի կա­րիք­նե­րը: ­Տա­րեշր­ջա­նի սկիզ­բը կա­տա­րեց խմբա­յին ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար: ­Կազ­մա­կեր­պեց ա­շա­կերտ­նե­րու նկա­րա­հա­նում: ­Նոր ­Տա­րո­ւան ար­ձա­կուր­դէն ետք ա­ւան­դա­կան գա­թա­ներ ու նո­ւէր­ներ տրա­մադ­րեց ա­շա­կերտ­նե­րուն: Ե՛րբ որ կա­րի­քը զգա­ցո­ւե­ցաւ, նիւ­թա­պէս սա­տար կանգ­նե­ցաւ մե­զի:
­Վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց նաեւ ծնող­նե­րուն հա­մար հան­դի­պում­ներ շա­բա­թա­կան դրու­թեամբ հո­գե­բան ­Տի­կին Ն. Վ­լու­թող­լո­ւին հետ՝ հո­գե­բա­նա­կան ա­ջակ­ցու­թեան եւ խորհր­դա­տո­ւու­թեան նպա­տա­կով։
­Հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ա­մէն Ուր­բաթ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 20:00 -21:30 մեր դպրո­ցի դա­սա­րան­նե­րէն ներս:

Ա­մա­վեր­ջի հան­դէս եւ վկա­յա­կա­նաց բաշ­խում

­Մեր ­Վար­ժա­րա­նի ա­մա­վեր­ջի հան­դէսն ու վկա­յա­կա­նաց բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հինգ­շաբ­թի 15 ­Յու­նիս 2023-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 21.30-ին, մեր բա­կին մէջ:
­Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան մեր ա­շա­կերտ­նե­րու կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը եւ հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն եր­գեր եւ հայ­կա­կան պա­րեր:
­Շա­բաթ մը ետք, ­Չո­րեք­շաբ­թի 21 ­Յու­լի­սի ե­րե­կո­յեան ա­շա­կեր­տա­կան թա­տե­րա­խում­բին կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ­Մու­շեղ Իշ­խա­նի «­Սառ­նա­րա­նէն ե­լած մար­դը» եւ ­Փաւ­լոս ­Մա­թե­սի­սի «Ա­պա­գան մի­միայն մե՛րն է» (յու­նա­րէն) թա­տեր­գու­թիւն­նե­րը:

Ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի ­Հայ­րե­նիք

Այս տա­րի մեր ­վար­ժա­րա­նը սեր­տօ­րէն հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լով մեր ծնող­նե­րուն, Հ.Կ.Խ.-ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան եւ Տնտե­սա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րուն հետ կա­րո­ղա­ցանք կազ­մա­կեր­պել եւ ի­րա­կա­նաց­նել եօթ­նօ­րեայ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի ­Մայր ­Հայ­րե­նիք՝ ­Հա­յաս­տան 2023-ի ­Յու­նիս 26-էն մին­չեւ ­Յու­լիս 02: Այս մէ­կը կա­րե­լի ե­ղաւ ի­րա­գոր­ծել շնոր­հիւ Տն­տե­սա­կան ­Խոր­հուր­դի եւ Հ.Կ.Խ.-ի յատ­կա­ցում­նե­րուն, ան­հատ­նե­րու նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րու, ծնող­նե­րու ներդ­րու­մով եւ մեր ա­շա­կերտ­նե­րու աշ­խուժ գոր­ծու­նէու­թեան. ա­նոնք ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին կազ­մա­կեր­պե­ցին կարգ մը ձեռ­նարկ­ներ (պա­րա­հա­ւա­քոյթ­ներ, թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­ներ, տօ­նա­վա­ճառ եւ այլն) ո­րոնց­մէ գո­յա­ցաւ կո­կիկ գու­մար մը:
Ուխ­տագ­նա­ցու­թեան ման­րա­մասն ծրա­գի­րը հե­տե­ւեալն էր. Օր ա­ռա­ջին՝ ­Ժա­մա­նում Ե­րե­ւան: Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րու եւ կեդ­րո­նա­կան շու­կա­յին մէջ պտոյտ: Այ­ցե­լու­թիւն ­Սար­գիս ­Փա­րա­ջա­նեա­նի (­Սեր­գէյ ­Փա­րա­ջա­նո­վի) թան­գա­րան:
Օր երկ­րորդ՝ Այ­ցե­լու­թիւն ­Խոր ­Վի­րապ, ­Գէորգ ­Չա­ւու­շի ար­ձան, ­Նո­րա­վանք, Ա­րե­նիի քա­րան­ձաւ եւ Ե­րե­ւա­նի գնաց­քի կա­յա­րան ու ­Սա­սուն­ցի ­Դա­ւի­թի ար­ձան: ­Գի­շե­րա­յին պտոյտ Ե­րե­ւա­նի մէջ:
Օր եր­րորդ՝ Այ­ցե­լու­թիւն ­Չա­րեն­ցի ­Կա­մար, ­Գառ­նիի հե­թա­նո­սա­կան տա­ճար, ­Գե­ղար­դի վանք, թոն­րա­տուն մը եւ «­Քա­րե­րի սիմ­ֆո­նիա» հրա­շա­գեղ ձո­րը: Ի­րի­կու­նը ներ­կայ ե­ղանք «­Բա­րե­կա­մու­թիւն» պա­րա­յին հա­մոյ­թի ներ­կա­յաց­ման, ուր հրա­ւի­րո­ւած էինք: Այն­տեղ ի պա­տիւ մե­զի, յու­նա­կան պար մըն ալ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ:
Օր չոր­րորդ՝ Այ­ցե­լու­թիւն Օ­շա­կա­նի ­Սուրբ ­Մես­րոպ ե­կե­ղե­ցին, ուր մաս­նակ­ցե­ցանք օ­րո­ւան հան­դի­սա­ւոր պա­տա­րա­գին եւ Ս. ­Հա­ղոր­դու­թիւն ստա­նա­լէ ետք, խո­նար­հե­ցանք մեր այ­բու­բե­նը ստեղ­ծող հան­ճա­րի դամ­բա­նին առ­ջեւ: Այ­ցե­լե­ցինք թան­գա­րանն ու այ­բու­բե­նի այ­գին: Ա­պա ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Գիւմ­րի քա­ղա­քը, ուր այ­ցե­լե­ցինք ­Գիւմ­րիի մայր ­Հա­յաս­տա­նը, ­Սեւ ամ­րո­ցը, ­Ձի­թող­ցոնց տուն- թան­գա­րա­նը: ­Ճա­շե­ցինք հիա­նա­լի ձո­րի մը մէջ գտնո­ւող ճա­շա­րա­նի մը մէջ եւ ա­պա պտտե­ցանք ­Գիւմ­րիի փո­ղոց­նե­րուն մէջ:
Օր հին­գե­րորդ՝ Այ­ցե­լու­թիւն ­Սար­դա­րա­պատ եւ ­Պատ­մու­թեան ու ազ­գագ­րու­թեան թան­գա­րան, Էջ­միա­ծին եւ ­Մա­տե­նա­դա­րան: Ի­րի­կու­նը Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ դի­տե­ցինք «­Գա­յիա­նէ» պա­լէն:
Օր վե­ցե­րորդ՝ Այ­ցե­լու­թիւն ­Սե­ւա­նայ լիճ, ­Սե­ւա­նայ վանք, ­Դի­լի­ջան, ­Հա­ղար­ձին վանք, ­Պարզ լիճ: ­Գի­շե­րը, վե­րա­դառ­նա­լով Ե­րե­ւան, այ­ցե­լե­ցինք մայր ­Հա­յաս­տա­նը:
Օր եօթ­նե­րորդ՝ ­Հիւ­րա­նո­ցին մէջ հան­դի­պում Հ.Հ. Կր­թու­թեան ­Նա­խա­րա­րու­թեան Ս­փիւռ­քի պա­տաս­խա­նա­տո­ւի՝ ­Կա­րէն Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի հետ: ­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան ա­զա­տօ­րէն զրու­ցե­լու պա­րոն Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի հետ, շօ­շա­փե­լով ա­պա­գայ ուս­մանց հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը հայ­րե­նի­քէն ներս: ­Մեր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­ցինք ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ան­մար բո­ցին դի­մաց ու այ­ցե­լե­ցինք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նը: Ա­պա ուղ­ղո­ւե­ցանք դէ­պի ­Վեր­նի­սաժ եւ ­Վար­դան ­Մա­մի­կո­նեա­նի ար­ձան: Ի­րի­կու­նը դի­տե­ցինք ­Թա­թուլ Ալ­թու­նեա­նի ա­նո­ւան պե­տա­կան եր­գի պա­րի ան­սամպ­լի հրա­շա­լի ներ­կա­յա­ցու­մը: Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ վեր­ջին պտոյ­տէն ետք, յի­շա­տակ­նե­րով ու զգա­ցում­նե­րով լից­քա­ւո­րո­ւած՝ վե­րա­դար­ձանք ­Յու­նաս­տան:

­Վար­ժա­րա­նի 30+1 տա­րի­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան նո­ւի­րո­ւած խրախ­ճանք

­Շա­բաթ 8 ­Յու­լի­սի ե­րե­կո­յեան, մեր մար­զա­դաշ­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վար­ժա­րա­նի 30+1 տա­րի­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան նո­ւի­րո­ւած խրախ­ճանք կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ դպրո­ցի Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան։ ­Ներ­կայ էին շրջա­նա­ւարտ­ներ, նախ­կին ու ներ­կայ ու­սու­ցիչ­ներ, պաշ­տօ­նեա­ներ եւ դպրո­ցի բա­րե­կամ­ներ։
­Յա­ջոր­դա­բար խօսք ա­ռին Ծ­նո­ղա­կան ­միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հիի՝ ­Մէ­րի ­Գո­ճա­յեան, տնօ­րէ­նու­հի՝ Ար­շա­լոյս ­Սափ­րի­չեան եւ վար­ժա­րա­նի ա­ռա­ջին տնօ­րէն՝ ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան։ ­Ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ դպրո­ցի ար­խի­ւէն քա­ղո­ւած լու­սան­կար­նե­րով ու տե­սե­րիզ մը, որ կէս ժա­մո­ւան տե­ւո­ղու­թեամբ, ամ­փոփ կեր­պով կը ներ­կա­յաց­նէր ներ­կա­նե­րուն քաղց­րա­գոյն ապ­րո­ւած պա­հե­րը։
Օ­րո­ւան խո­հա­րարն էր՝ ­Յա­կոբ Ե­սա­յեան, որ բա­ցա­ռիկ սե­ղան մը սար­քած էր, իսկ ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ­Ճորճ Ս­թամ­պո­լեան եւ ­Յա­կոբ ­Չա­ղա­նեան ներ­կա­նե­րուն տրա­մադ­րու­թիւ­նը բարձ­րա­ցու­ցին ի­րենց պատ­րաս­տած խմիչք­նե­րով։
Ե­րե­կո­յին յա­տուկ խան­դա­վա­ռու­թիւն ըն­ծա­յեց ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը, իր հայ­կա­կան պա­րե­րով: Ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ կէս գի­շեր պա­րե­րով, խինդ ու ծի­ծա­ղով։ ­Շա­տեր, բարձ­րա­նա­լով ի­րենց հին դա­սա­րան­նե­րը եւ նստե­լով նոյն նստա­րան­նե­րուն վրայ, նկա­րուե­ցան ու վեր­յի­շե­ցին ե­րա­նե­լի ա­շա­կեր­տա­կան օ­րե­րը։ ­Ներ­կա­նե­րուն իբ­րեւ նո­ւէր բաշ­խո­ւե­ցաւ դպրո­ցի 30+1 տա­րի­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած մէ­կա­կան կրծքա­զարդ:

Շ­նոր­հա­կա­լիք

­Պարտք կը զգանք ան­գամ մը եւս հրա­պա­րա­կաւ մեր շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քը ուղ­ղել Սր­բա­զան ­Հօր, Հ.Կ.Խ.՝ մօր, Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան եւ Տն­տե­սա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րուն, մեր կող­քին կանգ­նած սի­րե­լի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նին:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր սի­րե­լի ծնող­նե­րուն ա­նոնց ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թեան հա­մար: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր ծնո­ղա­կան ­Միու­թեան: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան եւ ­Զա­ւա­րեան նա­խակր­թա­րան­նե­րու Տ­նօ­րէն­նե­րուն, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ, ա­մա­վեր­ջի հան­դէ­սին հա­մար լու­սար­ձա­կին եւ պաս­տա­ռին սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րու­թեան հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք՝ ­Յով­հան­նէս ­Թէր­զեան, ­Սեր­գօ ­Մով­սէ­սեան, ­Թա­րեք Ալ­մու­նա­ճէթ, ­Լիա ­Փաւ­լու, ­Գալ­ֆա­յեան, Ա­թա­րեան եւ ­Գու­յում­ճեան ըն­տա­նիք­նե­րուն ա­նոնց նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր դպրո­ցի մայ­րի­կին՝ տի­կին Ա­նի ­Քէօշ­կէ­րեա­նին: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր վա­րորդ­նե­րուն եւ ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն:
­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք կ’ուղ­ղենք մեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնք ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մով կը ծա­ռա­յեն այս դպրո­ցէն ներս:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լո՛ր ա­նոնց, ո­րոնք հա­ւատ­քով սա­տա­րե­ցին մեր ­Վար­ժա­րա­նի յա­ջող գոր­ծու­նէու­թեան:

­Վեր­ջին պատ­գամ մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն

­Մենք միաս­նա­բար նշե­ցինք ա­ւար­տը ձեր կեան­քի կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգ­րո­ւա­նին՝ ա­շա­կեր­տա­կան տա­րի­նե­րու ա­ռա­ջին ու կա­րե­ւո­րա­գոյն փու­լին՝ ­Հա­յե­ցի ­Դաս­տիա­րա­կու­թեան: ­Տասն­մէկ տա­րի դուք մեր ­Վար­ժա­րան­նե­րէն ներս ըմ­բոշխ­նե­ցիք ա­նուշ բոյ­րը մեր ինք­նու­թեան, մեր մշա­կոյ­թին, մեր ոս­կեղ­նիկ լե­զո­ւին: Շն­չե­ցիք ու ա­րա­րե­ցիք հայ­կա­կան կտու­րի տակ, մայ­րե­նի տա­քուկ ծո­ցին մէջ:
«­Մենք ա­րեան կան­չեր ու­նենք մեր սրտում,
Ան­կա­տար տեն­չեր ու­նենք դեռ շատ…» կ­’ը­սէ ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ: ­Մենք լաւ գի­տենք, ինչ­քան ար­դա­րա­սէր ու պա­հան­ջա­տէր էք: ­Թէեւ ձեր ար­մատ­նե­րը ամ­րա­ցան հոս՝ օ­տա­րու­թեան մէջ, բայց ձեր սրտե­րուն ու հո­գի­նե­րուն մէջ մեր հայ­րե­նի­քի բո­ցը վա՛ռ է: ­Բո­լո՛րս փայ­փա­յենք ու գուր­գու­րանք այդ բո­ցին, որ­պէս­զի միշտ շո­ղայ ան մեր մէջ:
­Դուք հրա­ժեշտ կ\‘առ­նէք այժմ մեզ­մէ, սա­կայն այս յար­կը պի­տի մնայ միշտ ձեր երկ­րորդ տու­նը. հայ­կա­կան ջերմ բոյ­նը, ուր դուք կրնաք մտնել միշտ իբ­րեւ հա­րա­զատ տան­տէր:
­Փոր­ձու­թիւն­նե­րը բազ­մա­թիւ պի­տի ըլ­լան ձեր առ­ջեւ: ­Մենք գի­տե՛նք, որ դուք պի­տի կա­րե­նաք յաղ­թա­հա­րել բո­լո՛­րը: ­Դուք միշտ բա՛րձր դա­սե­ցէք ու պաշտ­պա­նե­ցէ՛ք ձեր ազ­նիւ հո­գին:
­Մեր կեան­քին մէջ ա­մէն րո­պէ կո­չո­ւած ենք պայ­քա­րե­լու, բար­ձունք­ներ նո­ւա­ճե­լու: ­Վա­հան ­Թէ­քէեա­նի քեր­թո­ւա­ծը պի­տի յի­շեց­նեմ ձե­զի՝ «­Հա­ւա­տա­լով թէ կրնաս՝ օ՛ն , բարձ­րա­ցի՛ր, քա՛ջ տղաս»:
­Հա­ւա­տա­ցէ՛ք դուք ձե­զի:
­Հա­սէ՛ք մին­չեւ գա­գա­թը… մին­չեւ սէ­րը: Եւ ե­թէ կա­րե­նաք ձե­զի հետ բարձ­րաց­նել քա­նի մը հո­գի եւս, այն ա­տեն դուք կը գտնէք ա­մե­նա­թան­կար­ժէք գան­ձը՝ եր­ջան­կու­թիւ­նը:

Տ­նօ­րէ­նու­թիւն