Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու դես­պան ­Ռի­չըրտ ­Միլզ Եր­կու­շաբ­թի՝ 27 ­Մար­տին, այ­ցե­լած է ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նի կեդ­րոն, ուր հան­դի­պած է Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեա­նի, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ Ս­պար­տակ ­Սէյ­րա­նեա­նի եւ Հ.Յ.Դ. Գ.Մ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Հ.Յ.Դ. նա­խընտ­րա­կան շտա­բի պա­տաս­խա­նա­տու Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեա­նի հետ:
Ող­ջու­նե­լով դես­պա­նը՝ Հ.Յ.Դ. Գ.Մ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան նախ ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­րո­զար­շա­ւի ըն­թաց­քը, մօ­տե­ցում­նե­րը, ա­պա՝ ընդգ­ծած է ընտ­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ հա­սա­րա­կու­թեան վստա­հու­թեան բարձ­րաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:
­Վար­դա­նեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն՝ այն ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար, ո­րուն շնոր­հիւ այ­սօր կեան­քի կո­չո­ւո­ւած են ընտ­րա­կան օ­րէնսգր­քի շարք մը պա­հանջ­ներ, հնա­րա­ւոր ե­ղած է վե­րահսկ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ սար­քեր ձեռք բե­րել:
­Դես­պան ­Միլզ իր կար­գին շեշ­տած է, որ ­Հա­յաս­տա­նի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քա­ցիի քո­ւէն կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի:
«­Քո­ւէար­կե­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցող բո­լոր ան­ձանց ես շա­րու­նա­կում եմ յոր­դո­րել Ապ­րի­լի 2ին մաս­նակ­ցե­լու քո­ւէար­կու­թեա­նը՝ ի­մա­նա­լով, որ այն փակ է ու գաղտ­նի եւ որ տե­ղա­մա­սե­րում կի­րա­ռո­ւող նոր տեխ­նո­լո­գիա­ներն ի­րենց քո­ւէար­կու­թեան ար­դիւն­քը չեն ար­ձա­նագ­րում:
­Շատ կա­րե­ւոր է, որ բո­լոր կող­մե­րը հան­դէս բե­րեն պա­տաս­խա­նա­տու վե­րա­բեր­մունք եւ հե­տե­ւեն օ­րէն­քին թէ՛ քա­րոզ­չու­թեան շրջա­նում, եւ թէ՛ քո­ւէար­կու­թեան օ­րը:
­Հա­ւա­սա­րա­պէս կա­րե­ւոր է նաեւ այն, որ ընտ­րող­ներն էլ ի­րենց հեր­թին պա­տաս­խա­նա­տու լի­նեն՝ չվերց­նեն կա­շառք եւ այ­սօր տրո­ւող մի քա­նի դրա­մի դի­մաց չվա­ճա­ռեն ի­րենց ե­րե­խա­նե­րի ա­պա­գան»,- նշած է դես­պա­նը:
Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան նշած է, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ սկսած է ո­րա­կա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու գոր­ծըն­թաց մը, ո­րուն մէկ մասն է միայն նոր խորհր­դա­րա­նի ձե­ւա­ւո­րու­մը:
Այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ Հ.Յ.Դ.ի դե­րը ա­ռանց­քա­յին ե­ղած է: ­Ռուս­տա­մեան յի­շե­ցու­ցած է, թէ Ընտ­րա­կան օ­րէնսգր­քին շուրջ ի՛նչ ան­նա­խա­դէպ հա­մա­ձայ­նու­թիւն ձեռք բե­րո­ւած է քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մի­ջեւ:
­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ընդգ­ծած են նաեւ, որ ի­րենք սուտ խոս­տում­ներ չեն տուած, ամ­բո­խա­վա­րու­թիւն չեն ը­րած, ե՛ւ ընդ­դի­մու­թիւն, ե՛ւ իշ­խա­նու­թիւն ե­ղած ժա­մա­նակ ի­րենց սկզբունք­նե­րը չեն փո­խած: