ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Յու­լի­սի տաք ու հեղ­ձու­ցիչ օր մըն է: Ար­տա­սահ­մա­նէն Ա­թէնք ժա­մա­նած բա­րե­կամ մը կը փա­փա­քի այ­ցե­լել Աք­րո­բո­լի բա­ւա­կան բարձր բլու­րի մը գա­գա­թին կա­ռու­ցո­ւած հնա­ւանդ տա­ճա­րը: ­Հել­լե­նա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան նրբա­կերտ գլուխ գոր­ծոց մը, իր տե­սա­կին մէջ ե­զա­կի, որ իր անն­ման տես­քով ա­մէն  օր կը հմա­յէ բազ­մա­հա­զար այ­ցե­լու­ներ:
­Բա­րե­կա­միս հետ կը հաս­նինք ստո­րո­տին: ­Տա­ճա­րի հան­դի­պա­կած բլու­րի լան­ջին ըն­դար­ձակ սրճա­րան-ճա­շա­րան մը կայ: Կ­՚ը­սեմ բա­րե­կա­միս, ինչ որ շա­տե­րու ը­սած եմ նոյն վայ­րին մէջ նման պա­րա­գա­նե­րու.
-­Կը բարձ­րա­նաս սա աս­տի­ճան­նե­րէն, ո­րոնք քեզ տա­ճար կ­‘ա­ռաջ­նոր­դեն: Ես այս սրճա­րա­նը նստած ա­ռա­ւօ­տեան սուրճ-սի­կա­րէթս կը վա­յե­լեմ մին­չեւ վե­րա­դարձդ, որ­մէ ետք դար­ձեալ միա­սին ենք:
Ա­թոռ մը գրա­ւե­լով աչ­քով կը հե­տե­ւիմ խռնո­ւած խում­բե­րով աս­տի­ճան­նե­րէն բարձրա­ցող ան­վեր­ջա­նա­լի զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու շա­րա­նին եւ նոյն­պէս՝ իջ­նող­նե­րու: Այս վեր­ջին­նե­րէն շա­տեր յոգ­նած-քրտնած սրճա­րա­նին մուտ­քին կը սպա­սեն, որ սե­ղան պար­պո­ւի եւ ի­րենց հա­մար տեղ բա­ցո­ւի:
Այդ պա­հուն կը նկա­տեմ, թէ ճա­շա­րա­նին հա­ւա­քա­րա­րը, մի­ջին տա­րի­քի տի­կին մը, զբա­ղած է քովն­տի սե­ղա­նին մաք­րու­թեամբ: ­Խօս­քի կը բռնո­ւիմ հա­ւա­քա­րար տիկ­նոջ հետ եւ ա­նոր յոգ­նու­թեան ցա­ւա­կից ե­րե­ւե­լու տրա­մադ­րու­թեամբ, կ­՚ը­սեմ.
-Աշ­խար­հի տար­բեր տե­ղե­րէն տար­բեր գոյ­նի հա­զա­րա­ւոր մար­դեր ա­մէն օր այ­ցի կու գան եւ ա­նոնց­մէ շա­տեր սուրճ-զո­վա­ցու­ցի­չի եւ քիչ մը հան­գիս­տի հա­մար կը նա­խընտ­րեն այս սրճա­րա­նը, իսկ ի­րենց թո­ղօն­նե­րը մաք­րե­լով օ­րա­կան 7-8 ժա­մո­ւան աշ­խա­տան­քի ձեր յոգ­նու­թիւ­նը ան­պայ­ման, որ կը կրկնա­պատ­կո­ւի, կ­’ե­ռա­պատ­կո­ւի: Ամ­բողջ օ­րը աշ­խա­տան­քի մէջ թա­ղո­ւած ըլ­լա­լով վստահ եմ, որ  Ակ­րո­բո­լը այ­լեւս ձե­զի հա­մար յա­տուկ հմայք ու հրա­պոյր չի ներ­կա­յաց­ներ, քա­նի որ ա­մէն վայր­կեան ձեր դի­մացն է ան եւ պատ­ճառ կ­՚ըլ­լայ , որ ի­րեն այ­ցե­լող զբօ­սաշր­ջիկ­ներ հոս գան եւ ձեր յոգ­նու­թիւ­նը ծան­րաց­նեն: ­Թե­րեւս նաեւ կը զար­մա­նաք, թէ ին­չու օ­տա­րա­կան­ներ ամ­րան այս հեղ­ձու­ցիչ տա­քին իսկ կը մագլ­ցին զա­ռի­վե­րը քա­նի մը սիւ­ներ տես­նե­լու հա­մար:
Ինչ ը­նենք. դժբախ­տա­բար այս է կեան­քի չոր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը. մէ­կուն վա­յել­քը յոգ­նու­թեան ու տա­ռա­պան­քի պատ­ճառ է ու­րի­շի մը…:
­Հա­ւա­քա­րար տի­կի­նը կը դադ­րեց­նէ աշ­խա­տան­քը, բա­րե­ձեւ շար­ժու­մով մը կը դառ­նայ ին­ծի եւ յան­դի­մա­նա­կան այն­պի­սի մեղմ ու ա­նուշ շեշ­տով, որ հա­մակ­րե­լի կը դարձ­նէ խօ­սողն ու խօս­քին ե­ղա­նա­կը, կը յա­րէ.
-Ին­չե՜ր կ­՚ը­սէք պա­րոն: Աք­րո­բո­լը ա­մէն օր ու ա­մէն վայր­կեան կը խօ­սի ին­ծի: Ի­րեն կը նա­յիմ ու յոգ­նու­թիւնս կը չքա­նայ: Հ­պարտ եմ ու բախ­տա­ւոր, որ հոս կ­՚աշ­խա­սիմ, Աք­րո­բո­լին դի­մա­ցը…:
Ան­մի­ջա­կան հա­կազ­դե­ցու­թեամբ ար­տա­բե­րո­ւած այդ ե­րեք բա­ռե­րուն խտա­ցու­ցած խո­րին խոր­հուր­դին թա­փան­ցե­լը դժո­ւար չէ.- «Ակ­րո­բո­լը կը խօ­սի ին­ծի»: Եւ՝ «ա­մէն օր ու ա­մէն վայր­կեան կը խօ­սի»…:
­Պար­զա­կեաց, հա­զիւ թէ օ­րա­պա­հիկ մը վաստ­կե­լու հա­մար սե­ղան­ներ մաք­րող ու թա­փօն­ներ հա­ւա­քող հա­մեստ այդ տի­կի­նը կը դրսե­ւո­րէ անշ­պար ազ­նո­ւա­կա­նու­թիւն մը՝ հա­րա­զատ հա­յե­լին իր տա­րեր­քին, որ զինք ան­քակ­տե­լի կա­պով կը կա­պէ ան­ցեա­լէն կա­մա­րո­ւող ազ­գա­յին հպար­տու­թեան, որ բա­ռե­րու վե­րա­ծո­ւած ը­սել կու տայ ի­րեն. « Ին­չե՜ր կ­՚ը­սէք պա­րոն, Աք­րո­պո­լը ա­մէն օր ու ա­մէն վայր­կեան կը խօ­սի ին­ծի…»:

Ա­թէնք, 19 ­Յու­լիս 2022