«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ամենամեայ եռօրեայ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան 2018ի Յունիս 8-10, Հայաստանի մէջ:
«Ուրախ ենք, որ հանրութեան կ՛իրազեկենք աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ մարդոց դէմ իրականացուող վայրագութիւններուն մասին` պարգեւատրելով զանոնք, որոնք շարունակ կը պայքարին այդ խնդիրներու դէմ` վտանգելով սեփական կեանքը»,- ըստ «Մեդիամաքս»ի՝ ըսած է «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:
«Հայաստան, որ յառաջընթաց ապրած է` հակառակ անցեալի տառապանքներուն, կը յաւակնի դառնալու մարդասիրական գաղափարներու, քննարկումներու եւ գործունէութեան համաշխարհային կեդրոն: Միւս տարի եւս իրականացնելով այս կարեւոր ձեռնարկները` «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը ձգտի շարունակելու գործքով արտայայտելու երախտագիտութիւնը` աջակցելով կարիքի մէջ գտնուողներուն»,- նշած է ան:
2018ի ձեռնարկներու ընթացքին տեղի պիտի ունենան Aurora Dialogues քննարկումները, որ միջազգային հարթակ է գիտնականներու եւ փորձագէտներու համար` ուսումնասիրելու եւ քննարկելու մարդասիրական մարտահրաւէրները:
Համաժողովը պիտի ձգտի բացայայտելու խնդիրները, վերլուծելու անցեալի դասերը եւ խրախուսելու նորարարական գործունէութիւնը ներկայիս` ապագան լաւը դարձնելու նպատակով:
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւն
Յաջորդ «Աւրորա»ն Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018ի Յունիս 8էն 10