Աւստ­րա­լիոյ ­Կա­նաչ­նե­րու ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան իր ծրագ­րին մէջ նե­րա­ռած է Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան բնա­կիչ­նե­րու ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րես»՝ այս մա­սին կը յայտ­նէ Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը:
­Կա­նաչ­նե­րու ­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը, որ ճանչ­ցած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, կոչ ը­րած է կա­ռա­վա­րու­թեան «­Ճանչ­նա­լու ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թիւ­նը եւ զօ­րաց­նե­լու Աւստ­րա­լիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի եւ ա­նոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հետ»:
«Աւստ­րա­լիոյ ­Կա­նաչ­նե­րը կ­՛ար­ձա­նագ­րեն ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի գոր­ծադ­րած ջան­քե­րը` կա­ռու­ցե­լու ա­զատ եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­սա­րա­կու­թիւն օ­րի­նա­ւոր խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով, ինչ­պէս նաեւ շա­րու­նա­կա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տու կա­ռա­վա­րու­թիւն ու­նե­նա­լու հար­ցով»,- կ­՛ը­սո­ւի կու­սակ­ցու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ:
Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի տնօ­րէն ­Վա­չէ ­Ղահ­րա­մա­նեան ող­ջու­նած է կու­սակ­ցու­թեան ո­րո­շու­մը` նշե­լով, որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղը հա­զա­րա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ե­ղած է մեծ հայ­կա­կան հայ­րե­նի­քի մէկ մա­սը: Աւստ­րա­լիոյ մէջ Ար­ցա­խի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Քայ­լար ­Մի­քա­յէ­լեան եւս Լ.Ղ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան ա­նու­նով ող­ջու­նած է քա­ղա­քա­կան ու­ժի ո­րո­շու­մը: «­Սա իս­կա­պէս պատ­մա­կան ճա­նա­չում է: Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ժո­ղո­վուր­դը ար­դէն 26 տա­րիէ ի վեր կ­՛ապ­րի անվ­տան­գու­թեան մշտա­կան սպառ­նա­լի­քի տակ:
Այ­դու­հան­դերձ, ա­նոնք կրցած են կա­ռու­ցել ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տու­թիւն, որ կը սպա­սէ աշ­խար­հի կող­մէ ճա­նաչ­ման»,- ընդգ­ծած է ան:
Աւստ­րա­լիոյ դաշ­նա­յին խորհր­դա­րա­նին մէջ Աւստ­րա­լիոյ ­Կա­նաչ­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւած են ­Վե­րին ­Պա­լա­տին մէջ ի­նը ծե­րա­կու­տա­կա­նով եւ ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Պա­լա­տին մէջ մէկ ան­դա­մով: