Տխրունի — Ա­ւետ ­Ղա­զէ­րեան

0
269

­Թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­մայն­քի հա­մեստ եւ աշ­խա­տու­նակ ան­դամ մը, գա­ղա­փա­րի ազ­նիւ եւ լուռ ըն­կեր մը՝ Ա­ւետ ­Ղա­զէ­րեան իր աչ­քե­րը փա­կեց 26 Ապ­րի­լին, հի­ւան­դու­թեան շրջան մը ան­ցը­նե­լէ ետք։
Ա­ւե­տը ծնած էր 1937-ին Կ­րե­տէ կղզիի ­Ռե­թիմ­նօ քա­ղա­քը։ Այն տա­րի­նե­րուն, տա­կա­ւին նկա­տա­ռե­լի թիւ մը հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան կ­՚ապ­րէր Կ­րե­տէի մէջ եւ կը փոր­ձեր հա­յու­թեան դի­մա­գի­ծը պա­հել ­Յու­նաս­տա­նի հե­ռա­ւոր այդ մա­սը։
Այդ­պէս էր նաեւ Ա­ւետ ­Ղա­զէ­րեա­նի ըն­տա­նե­կան յար­կէն ներս, ուր ան ծնող­քէն ստա­ցաւ հա­յե­ցի նախ­նա­կան շուն­չը, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ու ա­ւե­լի զար­գա­ցաւ 1946-էն յե­տոյ, երբ փո­խադ­րո­ւե­ցաւ Ա­թէնք։
­Փոքր տա­րի­քէն ան մաս կազ­մեց գա­ղու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան, այն որ ա­մէն ե­րի­տա­սար­դի հա­մար կը սկսի Հ.Մ.Ը.Մ-ի սկաու­տա­կան շար­քե­րով եւ կը շա­րու­նա­կո­ւի պա­տա­նե­կան ու ե­րի­տա­սար­դա­կան շար­ժու­մով։ ­Տար­բեր չէր կրնար ըլ­լալ Ա­ւե­տին հա­մար, որ իր ա­ռա­ջին ծլար­ձա­կում­նե­րը ի­մաս­տա­ւո­րեց սկաու­տա­կան եւ Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դա­կան ծաղ­կուն կեան­քին մէջ, ստա­նա­լով հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան, հա­յա­վա­յել ար­ժէք­նե­րու եւ ազ­գա­յին գա­ղա­փար­նե­րու ամ­բող­ջա­կան նե­րար­կու­մը։
Ա­ւետ ու­նե­ցաւ նաեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն­ներ, մաս կազ­մե­լով Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեա­նի բե­մադ­րած թա­տե­րա­կան կտոր­նե­րուն, ըլ­լայ ­Ֆիք­սի շրջա­նի կամ կեդ­րո­նա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն, ո­րոնց յայ­տա­գիր­նե­րուն մէջ իր ա­նու­նը ե­րեւ­ցաւ զա­նա­զան դե­րե­րու ստանձ­նու­մով։
­Կա­նու­խէն մտաւ Հ.Յ.Դ. շար­քե­րը եւ մնաց մին­չեւ վերջ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հա­ւա­տա­րիմ ան­դա­մը։
­Կազ­մեց հայ­կա­կան ո­գիով ըն­տա­նիք մը։ Ա­մուս­նա­ցաւ թե­սա­ղո­նի­կա­հայ ժրա­ջան ան­դամ­նե­րէն՝ Իս­կու­հի ­Գոս­տի­կեա­նին հետ։ ­Բախ­տա­ւո­րո­ւե­ցան եր­կու զա­ւակ­նե­րով՝ ­Սե­դան եւ ­Սի­մո­նը, ո­րոնց քա­ջա­լե­րե­ցին գործ­նա­կան ներ­կա­յու­թիւն ու­նե­նալ հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ եւ ի­րենց օ­րի­նա­կով մաս­նա­կից դառ­նալ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան եւ Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թիւն­նե­րուն։ Ա­ւե­լի յե­տոյ, իր կեան­քի ու­րա­խու­թիւ­նը ամ­բող­ջա­ցաւ տես­նե­լով իր թոռ­նիկ­նե­րը եւ ու­րա­խա­նա­լով ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով։
1976-ին մնա­յուն կայք հաս­տա­տեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ եւ այ­նու­հե­տեւ ա­մե­նայն կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ մաս կազ­մեց այն­տե­ղի հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան։
­Քա­ջա­լե­րեց ա­մէն տե­սա­կի գոր­ծու­նէու­թիւն, զօ­րա­վիգ կանգ­նե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ, ­Ծաղ­կո­ցի, ա­կում­բի, միու­թե­նա­կան եւ կու­սակ­ցա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, քա­ջա­լե­րեց իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը եւ այլ հայ­րե­նակ­ցի­ներ, որ­պէս­զի ներդ­րում ու­նե­նան շրջա­նի հա­մայն­քա­յին կեան­քին։
­Հեզ ու քաղց­րա­բա­րոյ նկա­րա­գի­րի տէր, սի­րո­ւե­ցաւ բո­լո­րէն իր ազ­նո­ւու­թեան եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան հա­մար, բա­րի վա­րո­ւե­լա­կեր­պով լաւ յի­շա­տակ­ներ թո­ղեց իր ե­տին։
­Վեր­ջին շրջա­նին Ա­ւետ կը դի­մագ­րա­ւէր ա­ռող­ջա­կան խնդիր­ներ, ո­րոնք ազ­դե­ցին իր վրան եւ մա­շե­ցու­ցին ֆի­զի­քա­կան տո­կու­նու­թիւ­նը։ Իր մա­հով սու­գի մէջ մատ­նեց ան­մի­ջա­կան ըն­տա­նի­քը, նաեւ հա­րա­զատ­նե­րը Ա­թէն­քի մէջ, ո­րոնց հետ պա­հեց ջերմ ըն­տա­նե­կան ու զգա­ցա­կան կա­պեր մին­չեւ վերջ։
­Թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հինգ­շաբ­թի, 28 Ապ­րի­լին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ բա­րե­կամ­նե­րու եւ գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կեր­նե­րուն։
Ա­ւետ ­Ղա­զէ­րեա­նի մա­սին անդ­րա­դար­ձաւ հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս ծ.վրդ. ­Փա­շա­յեան։ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ, իր մար­մի­նը հո­ղին յանձ­նո­ւե­լէ ա­ռաջ, գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ դամ­բա­նա­խօ­սեց ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան, ո­րուն խօս­քը կու տանք ստո­րեւ։
­Հան­գիստ՝ սի­րե­լի ըն­կե­րոջ մար­մի­նին։

Ք.Է.

Ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեա­նի դամ­բա­նա­կա­նը

­Սի­րե­լի ըն­կեր Ա­ւետ,
Ա­հա ե­կաւ վեր­ջին հրա­ժեշ­տի սրտաճմլիկ պա­հը ու ին­ծի վի­ճա­կո­ւե­ցաւ ու­նե­նալ այդ տխուր պա­տի­ւը՝ կո­մի­տէու­թեանս կող­մէ ար­տա­բե­րել այս քա­նի մը պարզ, սա­կայն ան­կեղծ խօս­քե­րը։
­Պարզ եւ ան­կեղծ, ո­րով­հե­տեւ դուն ալ որ­պէս մարդ ե­ղար պարզ ու ան­մի­ջա­կան, ինչ­պէս նաեւ ան­կեղծ գա­ղա­փա­րա­կից կու­սակ­ցա­կան ըն­կեր, մնա­լով հա­ւա­տա­րիմ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան վսեմ գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան։ ­Ծա­նօ­թա­ցայ քե­զի իմ մա­նուկ հա­սա­կէս, որ­պէս մեր սի­րե­լի ըն­կեր ­Սի­մո­նի եւ ­Սե­դա­յի հայր, ինչ­պէս նաեւ ըն­տա­նի­քիս ա­մե­նա­լաւ եւ մտեր­միկ ըն­կեր­նե­րէն մին։ Ե­րէկ գի­շեր, ըն­կեր ­Տիգ­րա­նին եւ ընկ. ­Պետ­րո­սին հետ այ­ցե­լե­ցինք տունդ մա­տու­ցե­լու հա­մար այն յար­գան­քի տուր­քը, որ վա­յել է դաշ­նակ­ցա­կան ըն­կե­րոջ մը կո­րուս­տի պա­րա­գա­յին։ ­Բո­լորս ալ զգա­ցինք այն ջերմ մի­ջա­վայ­րը, յի­շե­լով ան­շուշտ մեր ծնող­նե­րու վա­ղե­մի ըն­կե­րու­թիւ­նը քե­զի հետ։ ­Դուն ե­ղած էիր միշտ կու­սակ­ցա­կան բա­ռա­պա­շա­րով սահ­մա­նո­ւած՝ սեւ աշ­խա­տան­քի եւ ճշմա­րիտ նո­ւի­րու­մի հին ըն­կե­րը։ ­Պատ­րաստ էիր օգ­նել եւ թի­կունք կանգ­նիլ իւ­րա­քան­չիւր ձեռ­նար­կի մը ի­րա­գործ­ման նպա­տա­կին, ըլ­լա­լով միշտ ա­նե­րե­ւոյթ դիր­քե­րուն վրայ իբ­րեւ ան­կեղծ զի­նո­ւոր, հա­մո­զո­ւած շար­քա­յին եւ ի վեր­ջոյ պարզ, շի­տակ եւ ազ­նիւ մարդ։ ­Խօսքս պի­տի չեր­կա­րեմ, ո­րով­հե­տեւ գի­տեմ, որ դուն ալ սա­կա­ւա­խօս էիր այս տե­սա­կի հրա­պա­րա­կա­յին դրսե­ւո­րում­նե­րուն ժա­մա­նակ։ ­Կը նախնտ­րէիր լուռ գոր­ծը եւ ին­չու չէ կծու, բաց խօս­քե­րով լի ըն­կե­րա­կան կա­տակ­նե­րը։ ­Վեր­ջին յի­շա­տակս քեզ­մէ կը մնայ 2007-ի Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի օ­րո­ւան ա­ռի­թով, ա­ւան­դա­կան հա­րի­սա­յի պատ­րաս­տու­թեան գի­շե­րը, որ ձա­խո­ղե­ցաւ իմ սխա­լով։ ­Բայց եւ այն­պէս, յա­ջորդ օ­րը ե­ղար մեր կող­քին մին­չեւ վերջ, ո­րով­հե­տեւ ու­նէիր ըն­կե­րա­յին պար­տա­կա­նու­թեան եւ նպա­տա­կի ի­րա­գործ­ման ար­ժէք­նե­րուն բարձր գի­տակ­ցու­թիւ­նը։
Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի կո­մի­տէու­թեան կող­մէ խո­րին ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ կը յայտ­նենք մեր սի­րե­լի ըն­կե­րոջ ըն­տա­նե­կան սգա­կիր ան­դամ­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս իր կնոջ, մեր սի­րե­լի տի­կին Իս­կու­հիին եւ իր որ­դի­նե­րուն՝ ­Սե­դա­յին եւ ըն­կեր ­Սի­մո­նին։

Եր­թաս բա­րով, սի­րե­լի ըն­կեր։