­­­­Հոկ­տեմ­բեր 17ի այս օ­րը, 61 տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն ժո­ղովր­դա­կան ու սի­րո­ւած դէմ­քե­րէն Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան, որ քնա­րեր­գա­կան իր մեծ տա­ղան­դով դար­ձաւ հա­յոց սրտի խռո­վա­յոյզ եր­գի­չը եւ ար­ժա­նա­ցաւ հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու ­­Վար­պե­տի տիտ­ղո­սին։
­­Նաեւ իբ­րեւ ազ­գա­յին դէմք՝ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան իր ու­րոյն դրոշ­մը դրաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նոր ժա­մա­նակ­նե­րու փո­թոր­կա­յոյզ կեան­քին վրայ։ Իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ ­­Հա­յոց ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի շղթա­յա­զերծ­ման մէջ՝ նախ ­­Հայ ­­Գու­սան գրչա­նու­նով Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի է­ջե­րուն «­­Հայ­դու­կի եր­գեր» բա­նաս­տեղ­ծա­կան շար­քը ստեղ­ծե­լով, ա­պա եւ մա­նա­ւանդ՝ պա­տաս­խա­նա­տու դեր ստանձ­նե­լով, իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի ­­Կո­մի­տէի ան­դամ, ­­Դէ­պի Եր­կիր ֆե­տա­յի գոր­ծիչ­նե­րու անցքն ու զէն­քի եւ զի­նամ­թեր­քի տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու ա­ռու­մով։
Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի ծնունդ է ­­Սա­հակ Ի­սա­հա­կեա­նի որ­դի Ա­ւե­տի­քը, որ ու­սա­նե­ցաւ Ս. Էջ­միած­նի «­­Գէոր­գեան» ճե­մա­րա­նին մէջ։ 1893ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­­Լայփ­ցի­կի հա­մալ­սա­րա­նը, ուր ու­սա­նած շրջա­նին աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Եւ­րո­պա­յի հայ ու­սա­նո­ղա­կան շար­ժում­նե­րուն, մօ­տե­նա­լով յատ­կա­պէս «Դ­րօ­շակ»ին եւ ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան։
1895ին վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայ­րը, ուր ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.­­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ընտ­րո­ւե­ցաւ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի Հ.Յ.Դ. ­­Կո­մի­տէի ան­դամ։ Ան­մի­ջա­պէս գրա­ւեց ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ 1896ին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կան յե­ղա­փո­խա­կա­նի։ ­­Մէկ տա­րի բան­տար­կո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի բեր­դին մէջ։ ­­Հա­զիւ ա­զատ ար­ձա­կո­ւած բան­տէն՝ 1897ին լոյս ըն­ծա­յեց իր բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց ա­ռա­ջին հա­տո­րը, «Եր­գեր ու ­­Վէր­քեր» ա­նու­նով։ ­­Բայց ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը հան­գիստ չտո­ւաւ ե­րի­տա­սարդ ազ­գայ­նա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծին ու թրքա­կան լու­ծին դէմ պայ­քա­րող յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծի­չին։ ­­Դար­ձեալ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ իբ­րեւ «ցա­րա­կան միա­պե­տու­թեան դէմ պայ­քա­րող «Ընդ­յա­տա­կեայ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պոււ­թիւն­նե­րի» ան­դամ» եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ Օ­տե­սա։ Աք­սո­րա­վայ­րէն ան­ցաւ ար­տա­սահ­ման, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­­Զո­ւի­ցե­րիա, ուր ­­Ցիւ­րի­խի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ հե­տե­ւե­ցաւ գրա­կա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան պատ­մու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րու։
1902ին վե­րա­դար­ձաւ հայ­րե­նիք եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­­Թիֆ­լիս, ուր մին­չեւ 1906 ծա­ւա­լեց գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ ազ­գա­յին¬հա­սա­րա­կա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թիւն։ ­­Հայ ազ­գա­յին¬ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին նո­ւի­րո­ւած իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց կող­քին, Ի­սա­հա­կեան կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ ­­Յով­հան­նէս ­­Թու­մա­նեա­նի կազ­մած «­­Վեր­նա­տուն» գրա­կան¬մշա­կու­թա­յին շարժ­ման բեղմ­նա­ւոր­ման մէջ։
1908ին, եր­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, ո­րոնք ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ ի­րենց ձեռ­նար­կած հա­լա­ծան­քի շրջա­գի­ծէն ներս, ա­տե­նի 158 հայ յա­ռա­ջա­դէմ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու շար­քին, ձեր­բա­կա­լե­ցին նաեւ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նը եւ զինք եւս դա­տե­ցին ու դա­տա­պար­տե­ցին «­­Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծով»։ Ս­տա­ցաւ բան­տար­կու­թեան վճիռ եւ նե­տո­ւե­ցաւ ­­Թիֆ­լի­սի ­­Մե­տե­խի բան­տը, ուր բան­տա­կից ե­ղաւ ­­Յով­հան­նէս ­­Թու­մա­նեա­նի եւ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի նման մեծ գրող­նե­րու եւ մտա­ւո­րա­կան¬յե­ղա­փո­խա­կան դէմ­քե­րու։ ­­Կէս տա­րի մնաց բան­տի մէջ եւ շա­տե­րու նման ինք եւս փրկա­գի­նով ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ։ ­­Կով­կա­սի մէջ մնա­լը անհ­նար էր եւ 1911ին Ի­սա­հա­կեան իր կար­գին ան­ցաւ ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ար­տա­սահ­ման։
Օս­մա­նեան ­­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման տա­րի­ներն էին. ­­Հա­մի­տեան բռնա­տի­րու­թեան տա­պալ­ման կա­պո­ւած հայ­կա­կան յոյ­սե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր։ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն չհա­ւա­տաց Ե­րի­տա­սարդ ­­Թուր­քե­րու շռայ­լած խոս­տում­նե­րուն՝ Ա­րեւմ­տեան ­­Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կար­գում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Զ­գաց հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ­­Հա­յաս­տա­նին սպառ­նա­ցող հա­մաթր­քա­կան վտան­գը եւ զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցաւ ­­Դաշ­նակ­ցու­թեան ձեռ­նար­կած քա­ղա­քա­կան ե­ռուն աշ­խա­տան­քին՝ կան­խու­մը փոր­ձե­լով ­­Կայ­սե­րա­կան ­­Գեր­մա­նիոյ եւ ­­Թուր­քիոյ մի­ջեւ պա­տե­րազ­մա­կան դա­շին­քի կնքու­մին։ Ի­սա­հա­կեան ան­ցաւ ­­Պեր­լին, ուր շարք մը գեր­մա­նա­ցի մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հետ մաս­նակ­ցե­ցաւ ­­Գեր­մա­նա­հայ­կա­կան Ըն­կե­րու­թեան ստեղ­ծու­մին՝ միա­ժա­մա­նակ խմբագ­րե­լով Ըն­կե­րու­թեան «­­Մես­րոպ» հան­դէ­սը։ ­­Շու­տով վրայ հա­սած Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­­Թուր­քիոյ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տե­ցին Ի­սա­հա­կեա­նի ա­մե­նամ­ռայլ կան­խա­տե­սում­նե­րը Ե­րիտ­թուր­քե­րու հա­յա­ջինջ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ ­­Հա­յոց Ար­հա­ւիր­քի այդ ամ­բողջ շրջա­նը իր ար­տա­ցո­լու­մը գտաւ Ի­սա­հա­կեա­նի գրա­կա­նու­թեան մէջ։ ­­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ող­բեր­գա­կան ճա­կա­տա­գիրն ու հե­րո­սա­կան ա­զա­տա­մար­տը ի­րենց խռո­վա­յոյզ ար­ձա­գան­գը գտան Ի­սա­հա­կեա­նի «­­Ձիւնն է ե­կել ծած­կել հի­մա…», «­­Հա­յաս­տա­նին», «Ա­հա նո­րէն գա­րուն ե­կաւ» եւ այլ բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց մէջ։ Ի­սա­հա­կեան նաեւ հան­դէս ե­կաւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով, ո­րոնց ա­ռանց­քը ե­ղան ­­Հայ­կա­կան ­­Հար­ցը, ­­Հա­յաս­տա­նի վե­րա­միա­ւոր­ման խնդի­րը եւ հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը։ Այդ նիւ­թե­րով կազ­մո­ւե­ցաւ իր «­­Յի­շա­տա­կա­րան»ը…
19րդ ­դա­րա­վեր­ջի եւ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բի հայ քա­ղա­քա­կան կեան­քի եւ ­­Հայ­կա­կան ­­Հար­ցի իւ­րա­յա­տուկ հա­մա­պատ­կե­րը հիմք ծա­ռա­յեց «­­Հայ­րե­նիք» ամ­սագ­րի է­ջե­րուն 1920ա­կան­նե­րուն լոյս տե­սած Ի­սա­հա­կեա­նի «Ուս­տա ­­Կա­րոն» մե­ծա­ծա­ւալ վէ­պին, որ մնաց ա­նա­ւարտ։ «Ուս­տա ­­Կա­րոն» կ­þա­ւար­տո­ւի այն օ­րը, երբ կը լու­ծո­ւի ­­Հայ­կա­կան ­­Հար­ցը»,- հե­տա­գա­յին պի­տի ը­սէր Ի­սա­հա­կեան, որ բնաւ չհա­մա­կեր­պե­ցաւ ­­Հա­յաս­տա­նի թուր­քեւ­խորհր­դա­յին բռնագ­րա­ւու­մին ու մաս­նա­տու­մին եւ շա­րու­նակ մաղ­թեց՝
¬ «… ­­Մեռ­նէի՝ ­­Սե­ւա­նը ցա­մա­քած չտես­նէի, ապ­րէի՝ Ա­րա­րա­տը մե­րը տես­նէի…»։
Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան իւ­րա­յա­տուկ մօ­տե­ցում մը ու­նե­ցաւ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Խորհր­դայ­նա­ցու­մին։ Սկզբ­նա­պէս ուժգ­նօ­րէն դա­տա­պար­տեց ­­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նու­մը, բայց հե­տա­գա­յին, 1926 թո­ւա­կա­նին, այ­ցե­լե­լով ­­Խորհր­դա­յին ­­Հա­յաս­տան, վար­պե­տը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կեց իր դիր­քո­րո­շու­մը։ Ե­րե­ւան գտնո­ւած շրջա­նին հրա­տա­րա­կեց նոր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու եւ պատ­մո­ւածք­նե­րու շարք մը՝ «­­Համ­բե­րու­թեան չի­բու­խը» (1928) ե­ւայլն։ 1930ին վե­րա­դար­ձաւ ար­տա­սահ­ման, ուր սկսաւ հրա­պա­րակ գալ ­­Խորհր­դա­յին ­­Հա­յաս­տա­նի ջա­տա­գո­վի դիր­քե­րէն եւ 1936ին վերջ­նա­կա­նա­պէս վե­րա­դար­ձաւ ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան։ Այդ տա­րի­նե­րուն ծա­ւա­լած Ս­տա­լի­նեան հա­լա­ծանք­նե­րէն զերծ մնաց, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու լայն հնա­րա­ւու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ, իսկ 1946ին ընտ­րո­ւե­ցաւ ­­Հա­յաս­տա­նի Գ­րող­նե­րու ­­Միու­թեան նա­խա­գահ եւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ մնաց մին­չեւ իր վախ­ճա­նը՝ 17 ­­Հոկ­տեմ­բեր 1957ին:
­­Հա­յոց սրտի խռո­վա­յոյզ եր­գի­չին այն­քա՜ն սի­րո­ւած եւ ժո­ղովր­դա­կան եր­գի վե­րա­ծո­ւած բա­զում բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն նմոյշ­նե­րով կ­þար­ժէ փա­կել Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան ­­Վար­պե­տին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կո­չա­կան այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը.

Օ­տա՜ր, ա­մա­յի՜ ճամ­բէ­քի վրայ
Իմ քա­րա­ւա­նըս մեղմ կը ղօ­ղան­ջէ.
­­Կանգ­նի՛ր, քա­րա­ւանս, ին­ծի կը թո­ւայ,
­­Թէ հայ­րե­նի­քէս ինձ մարդ կը կան­չէ:

­­Բայց լուռ է շուր­ջըս ու շը­շուկ չը­կայ
Ա­րե­ւա՛ռ, ան­դո՛րր այս ա­նա­պա­տում.
Ա՜խ, հայ­րե­նի­քըս ինձ խորթ է հի­մա,
Ու քնքոյշ սէ­րըս ու­րի­շի գրկում:

­­Կը­նոջ համ­բոյ­րին է՛լ չեմ հա­ւա­տայ,
­­Շուտ կը մո­ռա­նայ նա վառ ար­ցունք­ներ.
­­Շար­ժո­ւի՛ր, քա­րա­ւանս, ինձ ո՞վ ձայն կը տայ,
­­Գիտ­ցի՛ր, լուս­նի տակ չը­կայ ուխտ եւ սէր:

­­Գը­նա՛, քա­րա­ւանս, ինձ հետդ քա՜շ տուր
Օ­տար, ա­մա­յի ճամ­բէ­քի վրայ.
Ուր­տեղ կը յոգ­նիս` գը­լու­խըս վար դիր
­­Ժէռ-քա­րե­րի մէջ, փը­շե­րի վը­րայ…
­Է՜յ, ջան հայ­րե­նիք, ինչ­քա՜ն սի­րուն ես,
­­Սա­րերդ կո­րած երկ­նի մո­վի մէջ.
Ջ­րե­րըդ ա­նո՛ւշ, հո­վե­րըդ ա­նո՛ւշ,
­­Մե­նակ բա­լէ­քըդ ա­րիւն¬ծո­վի մէջ:

­­Քո հո­ղին մեռ­նեմ, ան­գի՛ն հայ­րե­նիք,
Ա՜խ քիչ է, թէ մի կեան­քով մեռ­նեմ,
Եր­նէկ ու­նե­նամ հա­զար ու մի կեանք,
­­Հա­զա՛րն էլ սրտանց քեզ մա­տաղ ա­նեմ:

Ու հա­զար կեան­քով քու դար­դին մեռ­նեմ,
­­Բա­լէ­քիդ մա­տա՛ղ, մա­տա՛ղ քու սի­րուն.
­­Մե­նակ մի կեան­քը թո՛ղ ին­ձի պա­հեմ,¬
Է՛ն էլ քու փառ­քի գով­քը եր­գե­լուն,¬

¬ Որ ար­տոյ­տի պէս վե՜ր ու վե՜ր ճախ­րեմ
­­Նոր օ­րո­ւայ ծէ­գիդ, ա­զի՛զ հայ­րե­նիք,
Ու ա­նո՛ւշ եր­գեմ, բա՛րձր ու զիլ գո­վեմ
­­Կա­նաչ ա­րե­ւըդ, ա­զա՛տ հայ­րե­նիք…

Եւ ա­նա­պա­տից, հեոո˜ւ ­ծո­վե­րից
Եւ դար­բաս­նե­րից, թէ խուլ բան­տե­րից
­­Լը­սում եմ ան­վե՛րջ, գի­շեր ու ցե­րեկ
Ողբ ու հե­ծե­ծանք մի՛շտ, ա­մէ­նու­րեք.
­­Տես­նում եմ ար­ցունք ժպը­տի հետ հիւ­սո­ւած,
­­Հա­ցի հետ ա­րիւն-վի՛շտ հա­մա­տա­րած…
Եւ ծով-ար­ցունք­ներն ան­ծայր աշ­խար­հի
Ա­մէն խոր­շե­րից, ա­մէն սըր­տե­րից
­­Կա­թիլ ու կա­թիլ հա­ւաք­ւում, գա­լիս,
­­Թափ­ւում են վըշ­տոտ, խո­ցո­ւած սրտիս մէջ…

Ես ձեզ ա­սում եմ` կը գայ Ո­գու սով,
Եւ դուք կը քաղ­ցէք ճոխ սե­ղա­նի մօտ,
Կþընկ­նէք մու­րա­լու յափ­րած որ­կո­րով`
­­Հը­րե­ղէն խօս­քի, վեհ խօս­քի կա­րօտ:
Լր­բե­նի ծաղ­րով ար­հա­մար­հե­ցիք
Ո­գու վառ զեղ­մունք — միտք ու ե­րա­զանք,
­­Նիւ­թի տա­ճա­րում ար­բած պա­րե­ցիք`
­­Մո­ռա­ցած Ան­մահ, ան­հու­նի տեն­չանք:
­­Դուք, որ հեգ­նե­ցիք ուժն ստեղ­ծա­գործ`
­­Ձեր նիւ­թի հան­դէպ կը գայ Ո­գու սով.
Եւ մու­րաց­կի պէս փշրան­քի հա­մար
­­Ծա­րաւ ու նօ­թի կ­þանց­նէք ծո­վէ ծով…

­­Չեմ տես­նում շքեղ զար­դե­րը գար­նան,
Վշ­տից խա­ւա­րեց գո­հարն աչ­քե­րիս.
­­Ծան­րա­ցաւ աշ­խարհն ու­սե­րիս վրայ,
­­Զուր ես հար­ցը­նում պատ­ճա­ռը վշտիս:
Ես` զա­ւակ ճնշո­ւած ուդժ­բախտ ազ­գի,
Որ ա­րիւ­նով է իր ու­ղին թրջում.
Որ դա­րե˜ր, դա­րե˜ր ­թա­փը իր բազ­կի
Շղ­թան է կրծում ժան­գոտ, շա­ռա­չուն:
Շղ­թան շա­ռա­չուն, ծա­նըր ու ժան­գոտ,
Ինձ տա­պա­լել է, կաշ­կան­դել գետ­նին.
Ինձ տրո­րում են անց­նող ու դար­ձող,
­­Դո՛ւ մի կա­րեկ­ցիր իմ ան­հուն վշտին:
Իմ մօր սուրբ խօս­քը — ծաղ­րի նշա­ւակ,
Իմ հայ­րե­նի­քը — սիր­տըս ու հո­գիս –
Եւ յօ­շո­տում են, պղծում ոտ­նա­տակ,
­­Դու չես ըմբռ­նի ան­դուն­դը վշտիս…
Ես` զա­ւակ ճնշո­ւած ու փոք­րիկ ազ­գի,
Սր­տիս ա­րիւ­նով մեծ վիշտս եմ գրում.
­­Վէր­քը ան­դար­ման իմ հայ­րե­նի­քի
Իմ բիւր խո­ցո­տո­ւած սրտումս եմ կրում:
­­Սի­րե˜լ, ե­րա­զե˜լ, թռչել եմ ու­զում,
­­Բայց շղթան ինձ պինդ գա­մել է գետ­նին.
­­Կուռ լու­ծը ազ­գիս` ու­սերս է փշրում,
­­Չես կա­րող հաս­նել իմ ա­նափ վշտին:
­­Տիե­զե­րա­կան զայ­րոյ­թով, թոյ­նով
Արդ` ես ին­քըս ինձ խայ­թում եմ ա­հա՛,
­­Թո՛ղ մեռ­նիմ, կոր­չիմ ան­հետ, ա­նա­նուն,
Իմ ան­յոյս վիշ­տը դու չես հաս­կա­նայ…

Եղ­բայ­րու­թեան կամ թէ սի­րոյ
­­Խօս­քը ես ձեզ չեմ ա­ւե­տում, —
­­Պատ­գամ­նե­րը չա­րի, բար­ւոյ
­­Ձեր ոտ­նե­րի տակն եմ նե­տում:
­­Կեանքն է պայ­քա՛ր` գոռ ու դա­ժա՛ն,
Ճզ­մի՛ր մար­դուն եւ թռի՛ր վե՛ր.
Ի­րա­ւուն­քը ուժն է միայն,
­­Վա˜յ ­յաղ­թո­ւա­ծին, հա­զա՛ր վա­յեր:
­­Տէր կամ ըստ­րուկ պի­տի լի­նիս, —
Ճշ­մար­տու­թիւն չը­կայ ու­րիշ:
­­Չես սպան­նի, քեզ կը սպան­նեն,
­­Դու սպան­նի՛ր, քեզ չսպան­նեն:
­­Լուծ կամ լծկան պի­տի լի­նիս, —
Ճշ­մար­տու­թիւն չը­կայ ու­րիշ:
Ա­նի­ծո­ւիս, մա՛րդ, որ յոյսդ է մարդ.
­­Բախ­տըդ կռո­ւով կռի՛ր ին­քըդ:
­­Մո՛ւրճ կամ զնդա՛ն պի­տի լի­նիս.-
Ճշ­մար­տու­թիւն չը­կայ ու­րիշ:
Ա­րա­րա­տի ծեր կա­տա­րին
­­Դար է ե­կել, վայր­կեա­նի պէս,
Ու ան­ցել:

Ան­հուն թո­ւով կայ­ծակ­նե­րի
­­Սուրն է բե­կո­ւել ա­դա­ման­դին,
Ու ան­ցել:

­­Մա­հա­խու­ճապ սե­րունդ­նե­րի
Աչքն է դի­պել լոյս գա­գա­թին,
Ու ան­ցել:

­­Հեր­թը հի­մա քոնն է մի պահ.
­­Դու էլ նա­յիր սէգ ճա­կա­տին,
Ու ան­ցիր…