­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ ջեր­մե­ռանդ ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի ­Պատ­րիար­քի վախ­ճան­ման 306րդ ­տա­րե­լի­ցը կ­’ո­գե­կո­չենք ­Յու­լիս 10ի այս օ­րը։
Գ­րիչ եւ տա­ղեր­գու՝ 1 Ապ­րիլ 1657ին Եւ­դո­կիա ծնած է հայ ա­ռա­քե­լա­կան մե­ծա­համ­բաւ ե­կե­ղե­ցա­կա­նը, որ 35 տա­րե­կա­նին ­Կար­նոյ Ա­ռաջ­նորդ կար­գո­ւե­ցաւ, իսկ 1702էն մին­չեւ Ֆ­րան­սա իր աք­սո­րը՝ 1706ին, ստանձ­նեց գա­հա­կա­լու­թիւ­նը միա­ժա­մա­նակ Կ. ­Պոլ­սոյ եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­րիար­քու­թեանց։
«­Հա­յա­դա­ւա­նու­թեան» հա­ւա­տա­ւոր ու մար­տու­նակ պաշտ­պան­նե­րէն է Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի՝ յատ­կա­պէս լա­տի­նա­կա­նու­թեան եւ կա­թո­լի­կու­թեան թա­փան­ցում­նե­րուն դէմ մղո­ւած բուռն պայ­քար­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։
­Միա­ժա­մա­նակ հե­ռու մնաց մո­լե­ռան­դու­թե­նէ եւ ա­ռա­ջին գնա­հա­տող­նե­րէն ե­ղաւ Մ­խի­թար ­Սե­բաս­տա­ցիի սկզբնա­կան շրջա­նի ծա­ռա­յու­թեան ու գա­ղա­փար­նե­րուն՝ ա­նոնց մէջ ար­ժե­ւո­րե­լով հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան հո­գե­հա­րա­զատ ու թարմ շուն­չը։
­Բայց ո­րով­հե­տեւ ապ­րե­ցաւ դա­ւա­նա­բա­նա­կան բուռն պայ­քար­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ, երբ ­Լա­տի­նա­կան եւ ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ հա­կադ­րու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան սուր առ­ճա­կատ­ման յան­գած էր, Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի իր ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին եր­կու ան­գամ քա­ղա­քա­կան աք­սո­րի են­թար­կո­ւե­ցաւ։
Ա­ռա­ջի­նին՝ 1702ին աք­սո­րո­ւե­ցաւ Ա­սո­րիք, ուր եր­կու տա­րի մնա­լէ ետք վե­րա­դար­ձաւ ­Պո­լիս եւ 1704-1706 տա­րի­նե­րուն վերս­տանձ­նեց պատ­րիար­քա­կան գա­հը։
­Բայց երկ­րորդ եւ վերջ­նա­կան աք­սո­րը 1706ին ե­ղաւ դէ­պի Ֆ­րան­սա, ուր ամ­բողջ չորս տա­րի Ա­ւե­տիք ­Պատ­րիարք են­թար­կո­ւե­ցաւ բան­տա­յին ծան­րա­գոյն չար­չա­րանք­նե­րու, որ­պէս­զի դա­ւա­նա­փոխ դառ­նայ եւ ըն­դու­նի ծա­ռա­յել Հ­ռո­մի ­Պա­պին։
Օր­մա­նեան ­Պատ­րիարք իր «Ազ­գա­պա­տում»ին մէջ ման­րա­մասն կը նկա­րագ­րէ, որ բան­տար­կու­թեան այդ շրջա­նին, Ա­ւե­տիք ­Պատ­րիարք մին­չեւ իր ա­ռող­ջու­թեան ամ­բող­ջա­կան քայ­քա­յու­մը դի­մադ­րեց ա­մէն կար­գի՝ ֆի­զի­քա­կան թէ հո­գե­կան չար­չա­րան­քի եւ կառ­չած մնաց ­Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ իր հա­ւա­տար­մու­թեան, կո­չու­մին եւ նուի­րու­մին։ ­Դա­ւա­նա­փոխ դար­ձաւ միայն այն ա­տեն, երբ մա­հո­ւան սե­մին կանգ­նած էր՝ լրիւ խոր­տա­կո­ւած մարմ­նով ու հո­գե­պէս ու­ժաս­պառ եւ ան­բու­ժե­լի հի­ւանդ։
Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ հա­յոց աք­սո­րեալ եւ հա­ւա­տաքնն­չա­կան բան­տար­կու­թեան են­թար­կուած Ա­ւե­տիք ­Պատ­րիար­քը, 1710ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ի վեր­ջոյ ըն­դու­նեց լա­տի­նա­կա­նու­թիւ­նը եւ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Փա­րի­զի լքեալ մէկ ան­կիւ­նը գտնո­ւող ե­կե­ղե­ցիի մը ծխա­տէր քա­հա­նան։ ­Հա­զիւ ա­միս­նե­րու կեանք ու­նե­ցաւ իբ­րեւ այդ­պի­սին եւ աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց 1711ի ­Յու­լիս 10ին…
Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի սե­րած է քա­հա­նա­նե­րու ըն­տա­նի­քէ։ ­Մին­չեւ 15 տա­րե­կա­նը, հօ­րե­նա­կան յար­կի տակ, ա­շա­կեր­տած է հա­րիւ­րա­մեայ իր մեծ հօր՝ ­Սար­գիս ­Քա­հա­նա­յին, ինչ­պէս եւ զինք մկրտած ­Պօ­ղոս ­Քա­հա­նա­յին, ո­րոնք եր­կուքն ալ կը նկա­տո­ւին ի­րենց ժա­մա­նա­կի ու­սեալ մար­դիկ։
1672ին, Եւ­դո­կիոյ մէջ ­Յա­կոբ ­Պէ­լէնկ­ցի Ե­պիս­կո­պո­սի նո­ւի­րա­կու­թեան շրջա­նին, պա­տա­նի Ա­ւե­տի­քին մէջ զարթ­նած է «կու­սակ­րօն ե­կե­ղե­ցա­կա­նու­թեան փա­փա­քը», ինչ­պէս որ կը պատ­մէ Օր­մա­նեան։
Ա­ւե­տիք ե­րեք տա­րի ա­շա­կեր­տած է ­Պէ­լէնկ­ցի Ե­պիս­կո­պո­սին եւ ըն­կե­րա­ցած է ա­նոր՝ նո­ւի­րա­կա­կան շրջա­գա­յու­թեանց ըն­թաց­քին։
1675ին սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րո­ւած է եւ ան­բա­ժան ու­ղե­կիցն ու գոր­ծա­կի­ցը դար­ձած ­Պէ­լէնկ­ցի Ե­պիս­կո­պո­սին՝ ա­նոր հետ շրջե­լով հայ­կա­կան գա­ւառ­նե­րը։ 1689ին, ա­նոնց ­Սե­բաս­տիա գտնո­ւած մի­ջո­ցին, հոն­կէ անցք ու­նե­ցած է Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Յա­կոբ ­Կա­թո­ղի­կո­սը, որ իր հետ Կ. ­Պո­լիս տա­րած է ­Պէ­լէնկ­ցի Ե­պիս­կո­պո­սին, իսկ Ա­ւե­տիք սար­կա­ւագ ­Կա­թո­ղի­կո­սի ըն­կե­րա­կից­նե­րէն ե­րու­սա­ղի­մա­ցի ­Սա­հակ Ե­պիս­կո­պո­սին հետ գա­ցած է Ս. Էջ­միա­ծին։ ­Սա­հակ Ե­պիս­կո­պո­սին ըն­կե­րա­կից դառ­նա­լով՝ Ա­ւե­տիք ա­նոր հետ ալ յե­տոյ վե­րա­դար­ձած է Երզն­կա, ուր ­Կա­պո­սու կամ ­Կա­յի­փո­սի Ս. ­Յա­կո­բայ վան­քին մէջ Ա­բե­ղայ եւ, ա­պա, ­Վար­դա­պետ ձեռ­նադ­րո­ւած է։ ­Նաեւ՝ նշա­նա­կո­ւած է նոյն վան­քին ա­ռաջ­նոր­դը եւ ձեռ­նար­կած շրջա­նէն ներս ե­կե­ղե­ցա­շի­նու­թեան եւ դպրո­ցա­շի­նու­թեան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թեան։
Օր­մա­նեան ­Պատ­րիարք լայ­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցած է կեանքն ու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցիի՝ իբ­րեւ իր ժա­մա­նա­կի հա­յոց քա­ջա­րի հո­վիւ­նե­րէն մէ­կը, որ իր հօ­տի կեան­քին ու ինչ­քին պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար ծա­ռա­ցաւ մին­չեւ ան­գամ Ե­նի­չէ­րի­նե­րու դէմ, ո­րոնք քրիս­տո­նեա­նե­րու հան­դէպ ա­մէն կար­գի խժդժու­թիւն­ներ կը գոր­ծադ­րէին։ Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի խոշ­տան­գո­ւած է Ե­նի­չէ­րի­նե­րու ձե­ռամբ, քա­ռա­սուն օր ան­կող­նոյ ծա­ռա­յած է, բայց հա­զիւ ա­պա­քի­նած՝ գա­ցած է մին­չեւ Կ. ­Պո­լիս, որ­պէս­զի ար­քու­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն անհ­րա­ժեշտ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը ձեռք ձգէ եւ, Երզն­կա վե­րա­դառ­նա­լով, շա­րու­նա­կէ իր հօ­տին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը։
Այ­նու­հե­տեւ՝ Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի իր դէմ գտած է ­Կար­նոյ կու­սա­կա­լը, որ զինք բան­տար­կել կու տայ եւ ե­րեք օր կոճ­ղի կը կա­պէ՝ անս­նունդ ձգե­լով։ ­Բայց այս հա­րո­ւա­ծէն ալ Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի յա­ջո­ղած է վե­րա­կանգ­նիլ եւ յա­տուկ ա­տեա­նի առ­ջեւ ար­դա­րա­նալ իբ­րեւ իր հօ­տին նո­ւի­րեալ հո­վի­ւը։
Իր այդ վար­քին հա­մար Երզն­կա­յի ­Սա­հակ ­Կիւ­միշ­խա­նա­ցի Ե­պիս­կո­պո­սէն ­Ծայ­րա­գոյն ­Վար­դա­պե­տի ­Գա­ւա­զան ստա­ցած է, իսկ Ս. Էջ­միա­ծին եր­թա­լով՝ Ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րո­ւած է 35 տա­րե­կա­նին։ ­Բայց Երզն­կա վե­րա­դար­ձին՝ ուղ­ղա­կի իր կեան­քին սպառ­նա­ցած են։ Ս­տի­պո­ւած՝ ա­պաս­տա­նած է Ս. Էջ­միա­ծին, ուր չորս ա­միս մնա­լէ ետք՝ 1691ին, Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Նա­հա­պետ ­Կա­թո­ղի­կո­սի կող­մէ նշա­նա­կո­ւած է ­Կար­նոյ հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ եւ ղրկո­ւած է ­Կա­րին։
Այս շրջա­նին զու­գա­դի­պած է ­Բա­սէ­նի ­Վան­քին մէջ հաս­տա­տո­ւե­լու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Մ­խի­թար ­Սե­բաս­տա­ցիի, ո­րուն մօ­տե­նա­լու եւ ներգ­րա­ւե­լու յի­շա­տա­կե­լի ճիգ թա­փած է Ա­ւե­տիք Ե­պիս­կո­պոս։
­Կար­նոյ Ա­ռաջ­նոր­դու­թեան շրջա­նը տա­սը տա­րի տե­ւեց, որ­մէ ետք Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի ընտ­րո­ւե­ցաւ Կ. ­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիարք, 1702ին։
­Պատ­րիարք ընտ­րո­ւե­ցաւ ճիշդ այն ժա­մա­նակ, երբ ­Սուլ­թա­նին եւ Ֆ­րան­սա­յի թա­գա­ւո­րին մի­ջեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի սրբա­վայ­րե­րուն վրայ հա­կակշ­ռի հար­ցով լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը իր գա­գաթ­նա­կէ­տին հա­սած էր։ Հ­ռով­մի ­Պա­պը իր ազ­դե­ցու­թեան տա­րած­ման լծա­կի վե­րա­ծած էր Ֆ­րան­սա­յի դես­պա­նը, որ ի սպաս լա­տի­նա­կա­նու­թեան ձեռ­նար­կած էր հայ թէ յոյն ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը դա­ւա­նա­փոխ դարձ­նե­լու ար­շա­ւին։ ­Հե­տե­ւան­քը ե­ղաւ Ե­րու­սա­ղէ­մի միա­բա­նու­թե­նէն շարք մը ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու ըմ­բոս­տա­ցու­մը՝ օ­րո­ւան Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Մատ­թէոս ­Պատ­րիար­քին դէմ։
Այդ ծան­րա­գոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին Կ. ­Պոլ­սոյ ­Պատ­րիարք ընտ­րո­ւե­լով եւ իբ­րեւ նստա­վայր նա­խընտ­րե­լով հաս­տա­տո­ւիլ ու գոր­ծել Եւ­րո­պա­յի մեր­ձա­ւոր Ատ­րիա­նու­պոլ­սոյ (Է­տիր­նէ) մէջ՝ Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի օս­մա­նեան ար­քու­նի­քէն ձեռք ձգեց սուլ­թա­նա­կան հրո­վար­տակ մը (Օր­մա­նեա­նի հա­մա­ձայն՝ 13 ­Յու­լիս 1702ի թո­ւա­կիր), ո­րուն վրայ հիմ­նո­ւե­լով պաշ­տօ­նա­պէս հռչա­կո­ւե­ցաւ նաեւ Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց ­Պատ­րիարք։ Եր­կար ժա­մա­նակ, այ­նու­հե­տեւ, Կ. ­Պոլ­սոյ հա­յոց ի­րե­րա­յա­ջորդ պատ­րիարք­նե­րը նշո­ւե­ցան իբ­րեւ միա­ժա­մա­նակ Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց պատ­րիարք։ Ար­տա­քին-քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­նե­րով ա­ռա­ջա­ցած այդ ի­րա­ւա­խախ­տու­մին սրբագ­րու­մը եր­կար ճիգ ու մա­շու­մի պայ­քար պա­հան­ջեց…
­Թուր­քեւֆ­րան­սա­կան այդ մրցակ­ցու­թեան ծանր գին վճա­րեց անձ­նա­պէս նաեւ ինք՝ Ա­ւե­տիք ­Պատ­րիարք, որ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մօտ Ֆ­րան­սա­յի դես­պա­նին հե­տե­ւո­ղա­կան պա­հանջ­նե­րուն եւ ճնշում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով, ի վեր­ջոյ շնոր­հա­զուրկ դար­ձաւ յաչս ­Սուլ­թա­նին, պաշ­տօ­նանկ ե­ղաւ եւ 1706ին աք­սո­րո­ւե­ցաւ Ֆ­րան­սա։ Իսկ Ֆ­րան­սա­յի մէջ ­Լու­դո­վի­կոս ԺԴ. թա­գա­ւո­րը հա­յոց պատ­րիար­քին շղթա­յա­կապ բան­տար­կել տո­ւաւ նախ Ս. ­Մի­քա­յէ­լի ­Վան­քէն ներս, ա­պա՝ նոյ­նինքն ­Պաս­թի­յի մէջ։
­Պա­պա­կան Ա­թո­ռը Ա­ւե­տիք ­Պատ­րիար­քին բա­նադ­րեց իբ­րեւ հե­րե­տի­կոս եւ հեր­ձո­ւա­ծող ու Ֆ­րան­սա­յի թա­գա­ւո­րին վրայ ա­մէն ճնշում գոր­ծադ­րեց, որ­պէս­զի Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի «դարձ»ի բե­րո­ւի՝ ի հար­կին ֆի­զի­քա­կան ծե­ծի, բան­տա­յին չար­չա­րան­քի եւ հա­ւա­տաքնն­չա­կան ճնշու­մի տակ։
­Դեկ­տեմ­բեր 1706 մին­չեւ 1710ի տա­րե­վեր­ջը, Ա­ւե­տիք ­Պատ­րիարք բան­տա­յին կա­լան­քի տակ ապ­րե­ցաւ իր կեան­քին վեր­ջին տա­րի­նե­րը։ ­Պատ­րիար­քա­րա­նի շրջա­պա­տը եւ Ադ­րիա­նու­պոլ­սոյ թէ Կ. ­Պոլ­սոյ ազ­դե­ցիկ հա­յե­րը եւ զինք սի­րող­նե­րը նիւ­թա­կան եւ քա­ղա­քա­կան մեծ զո­հո­ղու­թեանց դի­մե­ցին, որ­պէս­զի կա­րե­նան իր կա­լա­նա­ւոր­ման տե­ղը գտնել եւ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րել Եւ­դո­կիա­ցիին, բայց այդ բո­լոր ճի­գե­րը ա­պար­դիւն… մնա­ցին։
Ա­ւե­տիք ­Պատ­րիարք ­Պաս­թի­յէն ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ միայն դա­ւա­նա­փոխ դառ­նա­լէ ետք, 1711ի ­Յու­նո­ւա­րին, երբ ար­դէն խոր­տա­կո­ւած էր ֆի­զի­քա­պէս թէ հո­գե­պէս, ինչ­պէս որ Օր­մա­նեան կը վկա­յէ։ ­Բայց դա­ւա­նա­փո­խու­թիւնն ալ բա­ւա­րար չնկա­տո­ւե­ցաւ, որ­պէս­զի Եւ­դո­կիա­ցի կա­րե­նար պահ­պա­նել Ե­պիս­կո­պո­սա­կան իր աս­տի­ճանն ու հա­մա­պա­տաս­խան ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը։
Ան նկա­տո­ւե­ցաւ պարզ քա­հա­նայ մը, որ միայն պա­տա­րա­գե­լու ի­րա­ւունք ու­նէր։
Այդ­պէ՛ս հիւ­ծած մարմ­նով ու քայ­քա­յո­ւած ա­ռող­ջու­թեամբ՝ Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի ապ­րե­ցաւ իր կեան­քի վեր­ջին վեց ա­միս­նե­րը, բու­սա­բա­նա­կան այ­գի­նե­րու մնա­յուն այ­ցե­լուն դար­ձաւ, մին­չեւ որ վախ­ճա­նե­ցաւ ­Յու­լիս 10ին, 1711ին։
Ա­ւե­տիք Եւ­դո­կիա­ցի ­Պատ­րիարք հայ ժո­ղո­վուր­դին կտա­կեց բան­տա­յին կա­լան­քի պայ­ման­նե­րուն մէջ գրո­ւած ու 1709ին ա­ւար­տած իր «Ինք­նա­կեն­սագ­րու­թիւն»ը, որ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին վե­րա­բե­րեալ պատ­մա­կան հա­րուստ սկզբնաղ­բիւր մըն է՝ գրո­ւած գրա­բա­րի եւ խօ­սակ­ցա­կան աշ­խար­հա­բա­րի խառ­նուրդ հա­յե­րէ­նով մը։
Ա­ւե­լի քան 170 տա­րի ձե­ռագ­րի վի­ճա­կով պա­հո­ւե­լէ ետք, «Ինք­նա­կեն­սագ­րու­թիւն»ը ա­ռա­ջին ան­գամ լոյս տե­սաւ 1874ին, ­Պո­լիս հրա­տա­րա­կուող «­Մա­սիս» թեր­թի է­ջե­րուն։ «Ինք­նա­կեն­սագ­րու­թիւն»ը նաեւ սրտաճմ­լիկ վկա­յու­թիւնն է ­Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ իր պատ­կա­նե­լու­թեան հա­մար ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քի մը կրած ա­հա­ւոր չար­չա­րանք­նե­րուն եւ ապ­րած հո­գե­կան ան­հուն տա­ռա­պան­քին։