Այն օրէն իր վեր, այն օրէն ասդին…
ՍՕՍ ՎԱՆԻ
Խմբագրութեան կողմէ
«Ազատ Օր» պարբերաբար պիտի հրատարակէ Սօս Վանիի «Այն օրէն ի վեր, այն օրէն ասդին…» հեքիաթներու շարքի կարճ պատմուածքները, որոնք լոյս տեսան 1959ին Լիբանանի մէջ՝ «Սեւան» հրատարակչատան կողմէ։ Գիրքի յառաջաբանին մէջ գրուած է.- «Սօս Վանին կը գրաւէ նշանակելի տեղ մը հայ հեքիաթագիրներու մէջ։ Ան քառասուն տարիէ աւելի նուիրուած է առաւելաբար հայ հեքիաթագրութեան։ Կուգայ «Վասպուրական մեր աշխարհէն», ամուր, խորապէս հայ ու հարուստ գաւառէ մը։
Իր հեքիաթները – աւելի աւանդութիւններ եւ աւանդավէպեր – կը պահեն խորքի հարազատութիւն, բայց ենթարկուած են գրական մշակումի եւ իմաստասիրական ընդլայնումի։ Այսպիսով, ինչպէս իր գաւառը, կը գրաւէ միջին տեղ մը արեւելահայ եւ արեւմտահայ հեքիաթագիրներու միջեւ»։
Յունահայ մեծ մտաւորականի ու ուսուցիչի գրական բեղուն յիշատակին նուիրուած փոքր տուրք մը պէտք է սեպել իր գրութիւններու ընծայումը թերթիս ընթերցողներուն։ Կը մնայ, որ իր կրթական ու գրական վաստակը պատշաճ կերպով ներկայացուի, որպէսզի հայ գիրին ու գրականութեան համեստ սպասարկուին թողած ժառանգութիւնը յաւերժ մնայ յունահայ մատեանին մէջ։
Հայ երգը (Աւանդութիւն)
Լենկթիմուրը իր պեխերը կը կրծէր ու կը զայրանար. որովհետեւ մինչեւ այդ օրը, դեռ չէր յագեցած մարդկային արիւնէն:
Ու աշխարհակալը լացաւ: Բայց ներքին ձայն մը ըսաւ իրեն.
- Ամօթ է արցունքը աչքերուդ. լացը ստրուկի համար է, դո՛ւն ստրուկ չես. ամուր եւ հաստատուն եղիր սուրիդ պողպատին պէս:
Կատաղութեան կարմիրը անցաւ Լենկթիմուրի այտերուն վրայէն, առիւծի պէս մռնչեց:
-Վեզի՛ր:
Գետնի վրայէն սողալով, փորսո՜ղ, մօտեցաւ վեզիրը, անոր ոսկեհուռ քղանցքը համբուրեց, ապա՝
-Տէ՛ր, շշնչեց ան, վախցած ու դողահար: - Վեզի՛ր, ես մեռցուցի մարդկային հրճուանքը Երկրային կայսրութեան սահմաններուն մէջ, ուր այժմ՝ գերեզմաններ ու լացողներ կան միայն:
- Տէ՛ր, մրմնջեց վեզիրը, Դո՛ւն ես արդարութեան Արեգակը:
- Վեզի՛ր, ես ցամքեցուցի վարդաբոյր ջուրերը Իրանի մարմարաշէն աղբիւրներուն, որ չորնան պերճափայլ ծաղիկները երկրին, քաղաքներու մէջ լռեցուցի մարդկային շունչը՝ որ չլսեմ անոնց խրախճանքներուն ձայները, ես՝ սպաննեցի երգիչները Իրանի գոռոզ պալատներուն՝ որ այլեւս երգի ձայն չլսեմ…:
-Տէ՜ր Անսպառ Լոյս ու Ուժի անմահութիւն: - Վեզի՛ր, կը լսես այս Երգը՝ որ դաշտերէն կուգայ, գարնան զեփիւռին պէս հանդարտ, եւ մանուկներու երազին պէս ճոխ եւ արեւոտ:
Վեզիրը նայեցաւ հեռուն:
Լերան ոտքին տակ կծկտած արտի մը մէջ, հայ մշակ մը երկելով կը ցանէր ցորենահատիկը:
-Տէ՜ր, կը լսեմ ՀԱՅՈՒՆ ԵՐԳԸ:
-Վեզի՛ր, ՀԱՅԱՍՏԱ՛Ն կը կոչուի այս երկիրը, ուր մարդիկ կ‘աշխատին երգերով, եւ մամիկնե՛րը՝ հեքիաթ պատմելով կը մեռնին. վեզի՛ր, դուն չե՛ս հասկնար այս երգին իմաստը, բայց ես գիտեմ ինչ ըսել կ՚ուզէ ան: Այս երգը կ՚անարգէ մեծութեանս փառքը, կը նսեմացնէ արքայական հմայքս… վեզի՜ր, դադրեցո՛ւր ՀԱՅ ԵՐԳԸ…:
Վեզիրը տարագրել տուաւ հայ ցեղը, խորտակեց ու քանդեց գիւղերն ու քաղաքները, սպաննեց ու վառեց, ապա՝ յաղթականօրէն վերադարձաւ, աւետելու համար մահը հայ երգին…:
Լենկթիմուրը նստեր էր իր վրանին առջեւը, աչքերը մութ էին, դէմքը՝ աղօտ: Անոր լռութենէն քարերն իսկ կրնային ճաթիլ, ծա՜նր ջաղացքարի մը նման՝ արքային երկիւղը ինկեր էր կեանքին վրայ: Վեզիրը մօտեցաւ կամաց, համբուրեց Լենկթիմուրին ուսը, իր արիւնոտ սուրը անոր ոտքերուն առջեւ դրաւ:
- Երկրակա՜լ Տէր, մեռաւ հայ ցեղը իր երգին հետ, ալ երգող շունչ ու հագագ չմնաց, հանգի՛ստ եղիր, ասկէ յետոյ՝ քեզ խռովող երգը պիտի չլսես…:
Բայց վեզիրի վերջին բառերուն հետ, հայ երգը սլսլաց, ուռենիներու անուշ մրմունչին պէս, մտաւ արքայական վրան, տնտնաց արքայի ոտքը, քսուեցաւ հոն տարածուած վեզիրի արիւնոտ սուրին, թիթեռնիկի պէս խաղաց գորգերուն վրայ, լոյսի ճառագայթի մը նման քաղցրացուց օդն ու հողը…:
Լենկթիմուրը լսեց այդ սլսլուքը, ճանչցաւ հայ երգին ձայնը. զարհուրեցաւ, վասնզի՝ անիկա իր վրանին մէջ էր, իր գորգերուն վրայ եւ ականջին խորը, բարկութենէն հեղ մըն ալ կրծեց իր պեխերը:
Այդ պահուն՝ Լենկթիմուրը նման էր իր վանդակէն փախչող առիւծին: Գերեզմանատան մէջ իր անօթութիւնը պտտեցնող բորենին էր: - Վեզի՛ր, պոռաց Թաթարը, ի՛նչ երգ է այս՝ որ կը թփրտայ ականջներուս մէջ, ստախօ՜ս, դուն կը յանդգնիս խաբել զիս, ան՝ որուն առջեւ փոշիի հատիկ մը անգամ չես, սո՛ւտ են խօսքերդ, եւ սուտ՝ սուրիդ վրայի արիւնը, կ‘ապրի հայոց աշխարհը ու ես կը լսեմ անոր երգը:
- Տէ՜ր, հազիւ կրցաւ շշնչել վեզիրը:
Հովերու դէմ դողացող, աշնան ցրտահար տերեւ մը՝ վեզիրը, վախէն՝ լեզուն քիմքին փակեր էր, աչքերը լայնցեր ու պղտորուեր, դէմքը տժգոյն ու կծկտած, ճակատը՝ կարկուտէ բռնուած տապանաքարի մը նման…, խելակորոյս ու քրջացած՝ գետին տապալեցաւ, ինկաւ փորին վրայ, Կաղին ոտքը լզեց, ու ներողութիւն, ու շնորհք խնդրեց: - Գլխատեցէ՛ք խաբեբան, անոր արիւնը սրսկեցէք քարերու եւ մարդերու վրայ, հրամայեց Թիմուրը:
Վեզիրը արեւածագէն առաջ գլխատուեցաւ:
ՀԱՅ ԵՐԳԸ, գարնանաբոյր սիրերգութեան մը շունչովը կը սահէր բլուրներէն ու լեռներէն, դաշտերէն ու հովիտներէն, կը շոյէր ծաղիկները, կը համբուրէր հողն ու ջուրերը, եւ օրհնութեան պէս բարի, խաղաղութեան լուրերու նման զուարթ՝ կեանք եւ յոյս կը սրսկէր ամէն կողմ:
Լենկթիմուրը դեռ չէր յագեցած երկիրներ կործանելէ: Անոր աչքերուն կապոյտին մէջ տակաւին կը լողար եղեռնին ստուերը…:
Առտուան հետ, արթնցեր էր Աշխարհակալը: Ծա՜նր էր շնչառութիւնը: Կուրծքին վրայ՝ ժայռ մը կար:
Արեւը չծագած՝ գլխատել տուեր էր վեզիրը. պարտուած ու մտածկոտ՝ նստեր էր գորգապատ գահին վրայ:
Քիչ վերջ՝ արեւ ինկաւ լիճերուն վրայ, դաշտերու մէջ, անտառին խորը եւ իր վրանին վրայ: Ամէ՜ն տեղ: Գարո՜ւն էր, հայոց գետերը գահավէժ կը վազէին, թռչունները իրենց գեղեցիկ դայլայլներով կը զուարթացնէին երկիրը…: Բայց աւերա՜կ էր Հայաստանը, լո՜ւռ էին անոր երբեմնի շէն քաղաքներն ու գիւղերը: Հեռուէն արագիլ մը թռաւ, անցաւ Լենկթիմուրի վրանին վրայէն, անոր շուքը ինկաւ արքայական վրանին կատարը ցցուած արծաթաշէն արծիւին վրայ:
Իսկ ՀԱՅ Ե՞ՐԳԸ:
Անիկա փրթաւ դարձեալ, վանկ առ վանկ, հատի՜կ-հատիկ, բարձրացա՜ւ, խաղաց օդին մէջ. անցաւ դաշտերուն հունէն եւ մտաւ Կաղին վրանը…:
Լենկթիմուրը քաշեց ճակտին վրայ կախուած գանգուրը: Փրփրեցաւ ու հայհոյեց: ՀԱՅ ԵՐԳԻՆ ձայնը կ‘առնէր:
- Զօրակա՜ն, պոռաց:
- Տէր, Արքաներուն Արքայ, եւ՝ անսխալ Իմաստութիւն:
Ու զօրականը, ձեռքերը պորտին վրայ խաչաձեւ կապած, հայեացքը գետնին, սահմռկած ու սրսփուն՝ մօտեցաւ գահին: Երեք անգամ համբուրեց գահին պատուանդանը, սպասեց Տիրոջ հրամանին: - Զօրակա՛ն, խօսեցաւ Լենկթիմուրը, ես՝ տէրն եմ Գանգէսի ու Ինտոսի լայնածաւալ ու արգաւանդ դաշտերուն, որոնց վրայ ապրող ժողովուրդը ոսկիի, մարգարիտի եւ սատափի հետ կը խաղայ, եւ ադամանդը աւազի չափ շատ է, ես՝ վեհապետն եմ Պելուճիստանի ու Աֆղանիստանի, որոնց գահակալները ներքինիներ եղան իմ կանանոցներուս:
- Տէր, հզօ՛ր եւ իմաստուն:
- Ես,- շարունակեց Կաղը — Հինտուքուշի ու Պամիրի, ես՝ տիրակալ անծայրածիր Երկնային Կայսրութեան. բայց, Զօրակա՛ն, տես, առտուան հետ արթնցեր եմ… գիշերը չքնացայ, քունը կարծրացեր է բիբիս մէջ ու կոպերուս վրայ…, ծա՛նր է շնչառութիւնս, կը խեղդուի՛մ, ազատէ՛ զիս, կը լսե՞ս ՀԱՅ ԵՐԳԻՆ ձայնը՝ որ դաշտերէն ու լեռներէն կուտայ, կը վիրաւորէ զիս: Լռեցո՛ւր զայն՝ որ հանգստանամ…:
- Հրամա՛նդ, Տէր…
- Ահա՛ քեզի հրաման, քաջ զօրական, աւրէ՛ հերկերը, սերմերը երկնքի թռչուններուն տո՛ւր, սպաննէ՛, դաշտերուն մշակները եւ լեռներու վրայ՝ իրենց հօտերը արածող հովիւները, ջարդէ՛ քաղաքացիներն ու գիւղացիները, մեծն ու պզտիկը, ամէ՜նքը, մոխիր ու փոշի դարձուր անհաւատին երկիրը ու զայն ցրուէ՛ հեռաւոր ճամբաներու վրայ:
Զօրականը ուրականի պէս ինկաւ հայոց երկրին վրայ:
Չորցան բոյսն ու կանաչը, ծիլն ու ծաղիկը:
Թնդուեցան ցանուած հերկերը, սպաննուեցան մարդն ու անասունը: Գիւղերն ու քաղաքները հեղ մըն ալ սուրէ անցուեցան:
Ծառին վրայ՝ բոյն ու թուխս չմնաց:
Հողին վրայ՝ տուն ու մարագ:
Զօրականը արիւնի հանդէսը երբ վերջացուց, ելաւ բլուրի մը վրայ, նայեցաւ, դիտեց շուրջը ու մտիկ ըրաւ, ո՛չ ձայն կար, ո՛չ ալ շարժում:
Ու զօրականը վերադարձաւ յաղթանակի ու փառքի յոյսերով…: - Տէր, ես մեռցուցի հայ ցեղը իր երգին հետ, ալ երգող հագագ չմնաց, ալ ասկէ յետոյ անհաւատը իր վերականգնումի ու յարութեան երգը պիտի չունենայ…:
Լենկթիմուրը մտածկոտ կը լսէր իր զօրականը: - Իմ Տէ՛ր, թող ձեր սաղաւարտին աստղանիշը փայլի Հայաստանի առիւծներու աչքին պէս:
Բայց ճիշդ այն պահուն, երբ զօրականը կը վերջացնէր իր խօսքը, ՀԱՅ ԵՐԳԸ փրթաւ արտերու հունէն, բարդացա՜ւ ու բարձրացաւ հպարտ ու անյաղթելի՝ մտաւ վրանէն ներս…: - Խաբեբա՛յ, մռնչեց լենկթիմուրը, եւ սուրովը՝ գետին փռեց իր զօրականը…: Հոսեցաւ անոր տաք արիւնը, ալիք եւ ծփանք շինեց գորգերուն վրայ: Լճացաւ գահին շուրջը: Մեռնողին արիւնը կը պղպջար, կարծես կը խօսէր, կը բացատրէր հայ երգին իմաստն ու անոր յաւիտենականութեան հանելուկը…:
Լենկթիմուրը դեռ չէր յագեցած արիւն թափելէ: Անոր բիբին մէջ՝ նոր թափուելիք արիւնին կարօտը կը ծփար:
- Իմաստո՜ւն, կանչեց ան:
Ու ծեր մը, ձիւնասպիտակ մօրուքով, հագած կարմիր պարեգօտ մը, ձեռքին մէջ եղեգնեայ գրիչ մը՝ ներկայացաւ արքային, ճակատը քսեց գահին, եւ շրթները արքայի քղանցքին:
Կեցաւ ու սպասեց: - Իմաստո՛ւն, խօսեցաւ Թիմուրը. վեզիրս տարագրեց ու ջարդեց հայերը, զօրականս՝ այրեց ու կոտորեց, բայց երկուքն ալ չկրցան լռեցնել հայ երգը:
- Տէր, ըսաւ իմաստունը, արծիւներու թեւին պէս մօրուքը շոյելով:
- Ըսէ՛ համարձակ, մի վախնար, որովհետեւ սուքն ու խաբեբայութիւնը պիտի չկրնան լուծել ՀԱՅ ԵՐԳԻՆ հանգոյցը, կ‘ուզեմ ճշմարտութիւնը լսել ու գիտնալ, ես՝ որ Սուլթան Պայազիտը վանդակին մէջ դրի, Սամարղանտ ղրկեցի, ես՝ անյաղթներու անյաղթը, կը դողամ այսօր, բացատրէ ինծի այս երգին իմաստը, երգ մը՝ որուն ձայնը միշտ կը լսեմ:
- Արքա՛յ,- խօսեցաւ իմաստունը — անընկճելի է այս երկիրը, այսպէս կ‘ըսեն հեռաւոր ու մերձաւոր պատմութիւնները, որո՞ւ ոտքը դպած է Արարատի ձիւներուն…: Արարատի ձիւնին պէս՝ անմահ են հայ ժողովուրդը եւ անոր հայրենիքը, անմատչելի են եւ անկոխ: Հայ ժողովուրդը ձնծաղիկ է, ձիւնին տակէն կը ծլի, անիկա առասպելական փիւնիկ թռչունն է, իր մոխիրներէն յարութիւն կ‘առնէ, առաջուընէ աւելի հզօր եւ յամառ, գիտէ աւերակները դրախտի վերածել եւ անապատները՝ մրգաստանի…
- Ի՛նչ խաղաղ է հոսումը հայ երգին, ու դեռ՝ ինչքա՜ն ներդաշնակ իր բխումէն յառաջընթացը:
- Արքա՛յ, հայ կոկորդէն բարձրացող երգը ռազմական չէ, եւ ո՛չ ալ գինովութեան ու հաճոյքի կանչ. այլ՝ հայ ժողովուրդի ապրումին ու յարութեան ճիչն է, որ չի բացատրուիր, այլ՝ կը զգացուի, քանզի, Հայաստանի անտառներու ծալքն ու խորհուրդը ունի…:
- Իմաստո՛ւն, գիրքերու գաղտնիքը դուն գիտես, կը ճանչնաս աստղերու գիտութիւնը, դո՛ւն միայն կրնաս կարդալ դարերու եւ անցեալի լեզուն, ու այն մագաղաթները՝ որոնք կը գտնուին Նինուէի ու Բաբելոնի գրադարաններու մէջ: Փրկէ՛ զիս այս երգին պատճառած խռովքէն:
Այդ պահուն՝ ՀԱՅ ԵՐԳԸ անգամ մըն ալ քաղցրօրէն ծլծլաց, անցաւ դաշտերէն, հովիտներէն, անտառներէն ու ջուրերէն, մտաւ Լենկթիմուրի վրանը…: - Տէր արքա՛յ, վերցո՛ւր զարհուրանքը հայոց աշխարհէն, չար չէ՛ ՀԱՅ ԵՐԳԸ, խաղաղութիւն տո՛ւր, ազատութիւն տո՛ւր անոր՝ որ գլգլայ ու բխի իր սարերէն ու դաշտերէն, թող կրկին ծաղկի Հայաստանը, եռայ ու բորբոքի աշխատանքը, եւ յորդի ու գեղեցկանայ կեանքը:
- Իմատո՛ւն, արդար է խօսքդ եւ ձայնդ՝ անուշ, որովհետեւ ճշմարտութեան արեւուն մէջէն կուգան անոնք, ես՝ ազատութիւն տուի այս երկրին, օ՜ն ուրեմն, թող բանակը պատրաստուի, Սամարղանտի ապարանքիս կարօտը կը լլկէ զիս…:
Հեռացաւ Լենկթիմուրը, բայց ցեղին յարութեան երգը ընկերացաւ անոր՝ մինչեւ Հայաստանի հեռաւոր սահմանները:
Դեռ կայ այդ երգը…:
Անոր ձայնը կը լսուի ահաւասիկ, դաշտէ դաշտ, լեռնէ լեռ…:
ՀԱՅ ԱՐԻՒՆին կանչն է ՀԱՅ ԵՐԳԸ, ՀԱՅ ԴԱՏին Արդարութեան Աղաղակը…: