Հովանաւորութեամբ Քաթերինիի քաղաքապետարանին, Ուրբաթ, 19 եւ Շաբաթ, 20 Օգոստոս 2022-ի երեկոյեան ժամերուն, Յունաստանի Քաթերինի քաղաքէն ներս տեղի ունեցաւ աւանդական պարերու միջազգային փառատօն, որուն ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր երկիրներէ ժամանած պարախումբեր։ Անոնց շարքին էր Վրաստանի Ախալքալաք քաղաքէն հայկական պարի «Ջաւախք» երիտասարդական համոյթը, պարուսոյց ունենալով Լամարա Մխիթարեանը եւ պատասխանատու Աշուղ Ալիք Քսպոյեանը։
Այս առիթէն օգտուելով, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, ընկերակցութեամբ շրջանի միութենական ներկայացուցիչներու եւ շարք մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, Շաբաթ երեկոյեան Թեսաղոնիկէէն մեկնեցան եւ ներկայ գտնուեցան սոյն միջազգային փառատօնին։
Բնականաբար, ներկայ էին տարբեր տարբեր ազգի ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն։ Ուրախալի երեւոյթ էր, որ փառատօնին ներկայ էին նաեւ Քաթերինի շրջանին մէջ ապրող եւ յայտնի միակ ընտանիքը՝ Աւագեանները, որոնք եկած էին քաջալեր հանդիսանալու մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն։ Աւարտին, Հայր սուրբն ու համայնքի ներկայացուցիչները բարձրօրէն գնահատեցին ու շնորհաւորեցին հայկական պարի «Ջաւախք» երիտասարդական համոյթը եւ մաղթեցին առաւել բարձր նուաճումներ եւ արդիւնաբեր առաքելութիւն։
ԹՂԹԱԿԻՑ