Ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հին մէջ, ­Զատ­կո­ւան տօ­նախմբու­թեան գու­ցէ ա­մէ­նէն ցնցիչ ու սրտաճմ­լիկ տե­սա­րանն էր։ ­Կի­րա­կի՝12 Ապ­րի­լին, Ս. ­Զատ­կո­ւան օ­րը, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան մայ­րա­վան­քին մէջ, հայ­րա­պե­տա­կան պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, երբ «­Կի­լի­կիա» մաղ­թեր­գը հնչեց, Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս չկրցաւ իր ար­ցունք­նե­րը զսպել եւ յու­զու­մը պա­տեց իր ցա­ւոտ աչ­քե­րը։ Իր հո­վո­ւա­կան եւ կա­թո­ղի­կո­սա­կան ողջ կեան­քի ըն­թաց­քին, ա­րիա­սիրտ ­Հայ­րա­պե­տը ա­ռա­ջին ան­գամ Ս. ­Յա­րու­թեան ա­ւե­տի­սը կը բե­րէր դա­տարկ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ա­ռանց իր սի­րած ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան։
­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի «­Կի­լի­կիա» հե­ռա­տե­սի­լի առ­ցանց կա­յա­նէն հա­յոր­դի­նե­րը դի­տե­ցին ­Վե­հա­փա­ռի աչ­քե­րուն մէջ ե­րեւ­ցող տխուր ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը, լուռ ցա­ւի ա­լիք­նե­րը, ո­րոնք ճամ­բոր­դե­ցին հա­յաշ­խար­հի բո­լոր ան­կիւն­նե­րը, յու­զում պատ­ճա­ռե­լով ա­մէն մէկ հա­յու հո­գիին մէջ։
­Վե­հա­փա­ռի ար­ցուն­քոտ ­Զա­տի­կը մարմ­նա­ցումն է այն ­Զա­տի­կին, որ իւ­րա­քան­չիւր հայ ապ­րե­ցաւ այս տա­րի՝ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն հե­ռու, ի­րար­մէ հե­ռու, ա­ռանց սրտա­գին մաղ­թանք­նե­րու, ա­ռանց ըն­տա­նե­կան հա­ւաք­նե­րու, ա­ռանց ժպի­տի, եր­գի եւ ու­րա­խու­թեան ար­ժէ­քա­ւոր այն պա­հե­րուն, ո­րոնց­մով ­Զատ­կո­ւան տօ­նը կը հա­մա­կէ ու կը լիաց­նէ մար­դոց սիր­տե­րը։
­Նոյն ար­ցուն­քոտ ­Զա­տիկն է, որ քա­նի մը օ­րե­րու տար­բե­րու­թեամբ պի­տի նշո­ւի ­Յու­նա­հա­յոց թե­մի՝ այս ան­գամ պա­րապ ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս, ա­ռանց ժո­ղո­վուր­դի խուռ­նե­րամ ներ­կա­յու­թեան, ա­ռանց ու­րախ մաղ­թանք­նե­րու, մեր աչ­քին առ­ջեւ ու­նե­նա­լով ­Հո­վո­ւա­պե­տի զգա­ցած ցա­ւի ու հո­գե­կան ճնշու­մի սրտա­ռուչ պատ­կե­րը ։
«­Քո­րո­նա» ժահ­րի մա­հա­ցու ճի­րան­նե­րը մե­կու­սա­ցու­ցին աշ­խարհ մը ամ­բողջ։
­Հայ ե­կե­ղե­ցին եւս, աշ­խար­հով մէկ, հա­մա­կեր­պե­ցաւ այդ ո­րո­շու­մին, գե­րա­զան­ցօ­րէն հրա­մա­յա­կան նկա­տե­լով հա­յոր­դի­նե­րու ա­պա­հո­վու­թիւ­նը Ս. ­Յա­րու­թեան հրա­շա­փառ խոր­հուր­դի մե­ծու­թեան դի­մաց, որ քրիս­տո­նեայ եւ մաս­նա­ւո­րա­բար՝ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար մա­հո­ւան պար­տու­թիւ­նը խորհր­դան­շող, «մա­հո­ւամբ ըզ­մահ կո­խեաց», նոր կեան­քի պայ­ծառ գա­լի­քը մարմ­նա­ւո­րող խո­րա­խոր­հուրդ ե­րե­ւումն է մարդ ա­րա­րա­ծին հա­մար։
­Հա­մա­մարդ­կա­յին այս մեծ տագ­նա­պի օ­րե­րուն, հա­ւատ­քի օր­րան­նե­րը՝ մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն փակ մնալ, բայց ­Վե­հա­փա­ռի հո­գիէն ցայ­տող ար­ցուն­քը կայ­ծի մը նման թող բո­ցա­վա­ռէ մեր սիր­տե­րը, լու­սա­ւո­րէ մեր հո­գի­ներն ու մտա­ծում­նե­րը, ճա­ռա­գայ­թող լոյ­սը դառ­նայ հա­յու ան­սա­սան հա­ւատ­քին, որ ոչ միայն քրիս­տո­նէա­կան է, այ­լեւ ազ­գի գո­յա­տեւ­ման յոյ­սի աղ­բիւրն է։
­Կը մօ­տե­նայ Ապ­րիլ 24ի չա­րա­ղէտ օ­րո­ւան ո­գե­կո­չու­մը։
­Պար­տադ­րա­բար, պի­տի շա­րու­նա­կենք մե­կու­սա­ցած մնալ մեր տու­նե­րէն ներս։ ­Սա­կայն, մեր տան չորս պա­տե­րէն իսկ, ան­գամ մը եւս՝ «պի­տի յի­շենք եւ պի­տի պա­հան­ջենք», ո՛չ ար­ցուն­քով, այ­լեւ պայ­քա­րի կան­չով, ապ­րե­լով եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լով։ Ի խնդիր կոր­սո­ւած ար­դա­րու­թեան։
­Թող հա­յոց ­Հո­վո­ւա­պե­տը վստահ ըլ­լայ, որ իր ար­ցուն­քի կայծկլ­տող լոյ­սը ցա­ւի եւ յու­սա­հա­տու­թեան նշան չէ, այլ կեան­քի եւ ուխ­տի ցայ­տաղ­բիւր, ա­զա­տա­տենչ ժո­ղո­վուր­դի մը ապ­րե­լու գրա­ւա­կան, կեան­քին հա­մար տե­ւա­բար պայ­քա­րե­լու ազ­դան­շան։
­Բա­նաս­տեղ­ծի խօս­քե­րուն ան­սա­լով՝ «­Պի­տի հաս­նի՛նք, սրբա­զան լեռ, կա­տա­րիդ»։


«Ազատ Օր»