ԱՆՆԱ ԳԶԻՐԵԱՆ
Արցախը կը տարբերակէ զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները եւ զարկ կու տայ ձեռնարկներու զբօսաշրջութեան զարգացման:
Այս հաստատումը կատարած է Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրի կառավարիչ Արտակ Գրիգորեան:
«Հարցը պէտք է երկու հարթութեան վրայ դիտարկել՝ իմ կարծիքով: Առաջին հերթին հարկ է ընդգծել, որ հարուստ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդներու կեանքին մէջ, ամէն պարագայի, հետաքրքրական իրադարձութիւններ ու ձեռնարկներ տեղի կ՚ունենան: Երկրորդ հարցը կը կայանայ անոր մէջ, թէ արդեօք հնարաւո՞ր է այդ իրադարձութիւնները իբրեւ զբօսաշրջային արդիւնք ներկայացնել եւ ինչքանո՞վ անոնք հետաքրքրական պիտի ըլլան զբօսաշրջիկներու համար: Այսօր կրնանք ըսել, որ Արցախի մէջ կը նկատուի իրադարձային զբօսաշրջութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան աճ, առաւել եւս, որ կայ նպատակ` այդ ուղղութիւնը աւելի կազմակերպուած ներկայացնելու»,- ըսած է Արտակ Գրիգորեան:
Այս տարուան ընթացքին արդէն քանի մը խոշոր զբօսաշրջային ձեռնարկներ իրականացուած են: Զբօսաշրջային եղանակին սկիզբը Արցախի մէջ կը համընկնի երկրի մէջ մեկնարկին հետ մայիսեան տօներու, որոնց ընթացքին տարբեր համերգներ, ցուցահանդէսներ ու մշակութային այլ ձեռնարկներ կը կազմակերպուին: Անոնց մասնակից կ՝ըլլան նաեւ զբօսաշրջիկներ՝ Հայաստանէն ու արտերկրէն:
Բացի այդ, վերջերս Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ կազմակերպուած «Արցախէյրֆէսթ» օդային փառատօնը եւս աշխուժութիւն մտցուցած է Արցախի մշակութային օրացոյցին մէջ, եւ ծրագիրին հանդէպ հետաքրքրութիւնը կը յուշէ, որ նշուած փառատօնը ամենամեայ կոչուելու մեծ հաւանականութիւն ունի: Յստակ ձեռնարկներու համար զբօսաշրջիկներու հոսքը ի հարկէ առկայ է, բայց քանի որ իրադարձային զբօսաշրջութիւնը Արցախի մէջ համեմատաբար նոր երեւոյթ է, ըստ Արտակ Գրիգորեանի, դեռ ցանկալի հոսքի մասին վաղ է խօսիլ:
Առաջիկայում եւս մի քանի նման միջոցառումներ են նախատեսուած:
Արցախեան գինիի փառատօն
Սեպտեմբեր ամսուան 3րդ Շաբաթ օրը, Արցախի Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ, կ՝իրականացուի «Արցախեան Գինի»ի ամենամեայ փառատօնը, ուր կը ներկայացուի արցախեան գինեգործներու արտադրանքը: Փառատօնի բաղադրիչ մաս կազմող մշակութային ծրագիրը կը ներառէ երաժշտական համերգ, ազգագրական պարեր ու խաղեր, ձեռքի աշխատանքներու ցուցահանդէս-վաճառք, խաղարկութիւն եւ աճուրդ: Բացի գինիի տօնավաճառէն, Տող գիւղի եւ մօտակայ համայնքներու բնակիչներու մասնակցութեամբ կը կազմակերպուի նաեւ արցախեան բարիքներու տօնավաճառ:
Անկախութեան օր
Անկախութեան օրը (Սեպտեմբեր 2) կը համարուի առաւել հանդիսաւոր տօներէն մէկը: Տօնական ձեռնարկներ կ՝իրականացուին երկրի ողջ տարածքին: Ամէն տարի Սեպտեմբեր 2ին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ տեղի կ՝ունենան կալա-համերգներ, որոնց կը մասնակցին տեղական երգիչներ եւ հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն: Տօնը կ՝աւարտի հրավառութեամբ:
«Տնջրէ» միջազգայինդասական երաժշտական փառատօն
«Տնջրէ» միջազգային դասական երաժշտական փառատօնը ամրան ընթացքին կը մէկտեղէ յայտնի եւ երիտասարդ երաժիշտներ Արցախէն եւ ամբողջ աշխարհէն: Փառատօնի ընթացքին, յայտնի երաժիշտներ Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Ֆինլանտայէն, Հոլանտայէն եւ այլ երկիրներէ կը կազմակերպեն վարպետութեան դասեր` դաշնամուրի, ջութակի եւ քլարինեթի Արցախի բնակիչներուն եւ հիւրերու համար: Համերգները կ՝իրականացուին մայրաքաղաքի եւ մարզային կեդրոններու մէջ, փառատօնի ընթացքին:
Բերքի տօնավաճառ
Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Կիրակի օրը կը նշուի իբրեւ «գիւղատնտեսութեան օր»: Ամէն տարի բերքի փառատօն կը կազմակերպուի նոյն օրը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ: Աւելի քան 200 վաճառողներ, Արցախի բոլոր շրջաններէն, կը ներկայացնեն իրենց արտադրանքը՝ տօնավաճառ այցելող հազարաւոր յաճախորդներուն:
«Արցախի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ նախաձեռնուող փառատօններու եւ նման այլ ձեռնարկներու մասին իրազեկութեան մակարդակի բարձրացման նպատակով, ի հարկէ, կը կատարուին շուկայագիտական նախաձեռնութիւններ, որոնց ծիրէն ներս աշխատանք կը տարուի թէ՛ լրատուադաշտի, թէ՛ զբօսաշրջային ընկերութիւններու հետ: Մասնաւորապէս զբօսաշրջային ընկերութիւնները, տարուան սկիզբը, արդէն տեղեկացուած կ՝ըլլան Արցախի մէջ տեղի ունեցող խոշոր ձեռնարկներու մասին:
Օրինակ` «Արցախեան Գինի»ի փառատօնը, որ ամենամեայ ձեռնարկ է եւ ունի յստակ ժամկէտ` Սեպտեմբերի 3րդ Շաբաթ օրը, արդէն զբօսաշրջային ընկերութիւններու օրացոյցին մէջ է»,- ըսած է Արտակ Գրիգորեան: Ներքին զբօսաշրջութեան համար եւս առկայ են բոլոր պայմանները, սակայն անոնք ոչ թէ զբօսաշրջական ճամբորդութիւններ են, այլ աւելի շատ` պտոյտներ, հաշուի առնելով Արցախի տարածքին չափերը եւ բնակիչներու այցելութեան վայրին մէջ հազուադէպ գիշերակացի կազմակերպման հանգամանքը: