27-28 Փետրուարին, Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներ Միշէլ Ռիվազի (Կանաչներ) եւ Լարս Ատաքթուսօ (Ե.Ժ.Կ.) հիւրընկալեցին հանրային քննարկում՝ ականաւոր միջազգային գիտնականներու եւ դիւանագէտներու մասնակցութեամբ:
Քննարկման նիւթն էին միջազգային իրաւունքի զարգացումները, բանակցութիւններու կարգավիճակը եւ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու առաջարկները:
Բանախօսներու շարքին էին Մ.Ա.Կ.ի ժողովրդավարական եւ անաչառ միջազգային կարգի աջակցութեան հարցերով անկախ փորձագէտ դոկտոր Ալֆրէտ տէ Զայաս, ամերիկեան Իրաւունքի Համալսարանի Ուաշինկթընի իրաւագիտութեան դպրոցի դասախօս, «միջազգային հանրային իրաւունքի եւ քաղաքականութեան խումբ»ի համահիմնադիր դոկտոր Փօլ Ուիլեըմզ, Ռուսիոյ պետական համալսարանի դասախօս դոկտոր Սերգէյ Մարքետոնով եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արմինէ Ալեքսանեան: Միջոցառումը միացեալ ջանքերով կազմակերպած էին «արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոն»ը (Armenian Legal Center for Justice and Human Rights-ALC), «Թիւֆէնքեան» հիմնարկը եւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը (European Armenian Federation for Justice and Democracy-EAFJD):
Գիտաժողովը հասաւ հետեւեալ եզրակացութիւններուն.
– Արցախ պէտք է դառնայ խաղաղութեան գործառոյթին հիմնական դերակատար, այլ ոչ թէ առարկայ.
– Հաստատուած միջազգային իրաւական նախադէպներու հիման վրայ ժողովուրդները, որոնց շարքին արցախցիները, իրաւունք ունին անկախութիւն հռչակելու.
– Միջազգային իրաւունքը կ՛արգիլէ բռնի ուժով պատասխանել անկախութեան հռչակման.
– Արցախ լիարժէք պետութիւն է՝ ըստ «վաստակած ինքնիշխանութեան» հայեցակարգին, որովհետեւ անիկա ունի ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած իշխանութիւն, իր սահմաններուն նկատմամբ վերահսկողութիւն եւ գործող քաղաքացիական հասարակութիւն
– Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ներկայութիւն ըլլայ Արցախի մէջ՝ անկախ անոր կարգավիճակէն.
– Միջազգային իրաւունքը որոշակի շրջանակ կ՛ապահովէ, բայց առանձինն չի կրնար ծառայել իբրեւ հակամարտութիւններու լուծման գործիք. հակամարտութիւններու կարգաւորման գործառոյթին մէջ կարելի չէ անտեսել քաղաքականութեան դերը.
– Վստահութեան մթնոլորտի ապահովումը առանցքային գործիք է հիմնահարցի վերջնական կարգաւորման եւ խաղաղութեան հասնելու նպատակին համար.
– Հայատեացութեան սրացումը եւ պատերազմի քաջալերումը անընդունելի են եւ պէտք չէ խրախուսուին. բռնութեան եւ ատելութեան հովանաւորչութիւնը արգիլուած է միջազգային իրաւունքով։
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արմինէ Ալեքսանեան ըսաւ հետեւեալը.- «Արցախը միայն հակամարտութեան անուն չէ. այն տարածք է, որտեղ մարդիկ են ապրում: Այս մարդկանց վիճակուած էր պայքարել իրենց ապրելու իրաւունքի համար»:
Արցախ պէտք է խաղաղութեան գործառոյթին առաջնային դերակատարը դառնայ
Արցախ պէտք է խաղաղութեան գործառոյթին առաջնային դերակատարը դառնայ