Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 25 Յունուարին ընդունած է Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ Լարս Ատաքթուսոնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին քննարկուած են Արցախ-Եւրոպա կապերուն վերաբերեալ շարք մը հարցեր: Զրուցակիցները յատուկ ուշադրութեամբ խօսած են խորհրդարանական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման մասին: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Արցախի մէջ շահագրգռուած են Եւրոպական Խորհրդարանի եւ եւրոպական այլ կառոյցներու հետ յարաբերութիւններու խորացումով` աւելցնելով, որ ատիկա կը հանդիսանայ մեր հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկը:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեան, Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի պատասխանատու Գասպար Կարապետեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Արցախ-Եւրոպա
Բակօ Սահակեանի Հանդիպումը Եւրոպական Խորհրդարանի պատուիրակութեան հետ. Քննարկուած են Արցախ-Եւրոպա կապերը