Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախմբի նախաձեռնութեամբ, Յունիս 21ին, Արցախ այցելեց Պելճիքայի ծերակուտական, Ֆլանտրիոյ խորհրդարանի անդամ՝ Եօրիս Փօշէ: Անոր ընկերակցեցաւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էվինեան:
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Վահրամ Բալայեան՝ ողջունելով Փօշէի այցը, նշեց.- Պելճիքայի խորհրդարանականներու հետ բաւականին ջերմ յարաբերութիւններ ստեղծուած են եւ փորձ կը կատարուի այդ յարաբերութիւնները տեղափոխելու գործնական քայլերու դաշտ: «Ինձ մօտ այնպիսի տպաւորութիւն է, որ չնայած կուսակցութիւններու տարբերութիւններին, բոլորի մէջ համախոհութիւն կայ: Պելճիքայի մէջ քիչ բան գիտեն Արցախի հիմնահարցին մասին: Այս գծով խորհրդարանէն ներս բարեկամութեան խումբը հետեւողական ձեւով կը գործէ»,- յայտնեց Փօշէ:
Արցախ այցելեց Պելճիքայի ծերակուտական Եօրիս Փօշէ
Արցախ այցելեց Պելճիքայի ծերակուտական Եօրիս Փօշէ