Ար­ցախ այ­ցե­լե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի պա­հան­ջով մի­ջազ­գա­յին հե­տա­խուզ­ման են­թա­կայ թուրք մտա­ւո­րա­կան­նե­րու նկատ­մամբ հե­տաքն­նու­թիւն սկսած է նաեւ ­Թուր­քիոյ մէջ: Թր­քա­կան «­Տի­քէն» կայ­քը կը հա­ղոր­դէ, որ այս մա­սին յայ­տա­րա­րած է ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մեւ­լութ ­Չա­ւու­շօղ­լու:
­Չա­ւու­շօղ­լու յայտ­նած է, թէ ի­րա­ւա­կան հո­լո­վոյթ­նե­րը ար­դէն սկսած են, ու մտա­ւո­րա­կան­նե­րը կան­չո­ւած են դա­տա­րան` վկա­յու­թիւն տա­լու:
­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը պնդած է, թէ չորս մտա­ւո­րա­կան­նե­րը հար­ցին առն­չու­թեամբ հե­ռա­ձայ­նած են ի­րեն եւ նշած, որ տե­ղեակ չեն ե­ղած, թէ ի­րենց կա­տա­րա­ծը յան­ցանք է:
«Ես ը­սի, որ այդ նոյն բա­նը ի­րենք պէտք է ը­սեն Ազր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն: Ի վեր­ջոյ, ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի ե­րե­խա­ներ չեն: Ա­նոնք նա­մակ յղած են` նշե­լով, որ սխա­լած են ու տե­ղեակ չէին, որ այդ քայ­լը ա­նօ­րի­նա­կան է: ­Սա­կայն ա­սի­կա թող դաս ըլ­լայ ա­նոնց հա­մար: ­Հո­լո­վոյ­թը սկսած է»,- ը­սած է ­Չա­ւու­շօղ­լու` շեշ­տե­լով, որ ­Թուր­քիա Ատր­պէյ­ճա­նի պէս եր­բեք պի­տի չըն­դու­նի ոե­ւէ մէ­կուն՝ ա­ռանց ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ար­տօ­նու­թեան՝ Ար­ցա­խի տա­րածք մուտք գոր­ծե­լը:
­Չորս մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն Ա­լի ­Պայ­րա­մօղ­լու նա­խա­պէս ­Պոլ­սոյ հայ­կա­կան թեր­թե­րէն «Ա­կօս»ին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի մը մէջ նշած էր, որ զինք յատ­կա­պէս զայ­րա­ցու­ցած է այն փաս­տը, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի ընդ­հա­նուր դա­տա­խա­զը շեշ­տած է, որ այս մտա­ւո­րա­կան­նե­րը ու­նին հա­յա­մէտ դիր­քո­րո­շում եւ շա­հա­գոր­ծե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին նկատ­մամբ ա­նոնց ու­նե­ցած դիր­քո­րո­շու­մը՝ կար­ծես փոր­ձած է ­Թուր­քիոյ ներ-քա­ղա­քա­կան վի­ճա­կը օգ­տա­գոր­ծե­լով ա­նոնց վրայ բար­դե­լու նաեւ Ար­ցա­խի հետ կա­պո­ւած այս մե­ղադ­րան­քը:
«Ա­կօս»ի խնդրան­քով այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ մեկ­նա­բա­նու­թիւն տո­ւած է նաեւ փաս­տա­բան, ի­րա­ւա­կան փոր­ձա­գէտ, ­Պոլ­սոյ փաս­տա­բան­նե­րու գրա­սե­նեա­կի նախ­կին նա­խա­գահ Եու­ճէլ ­Սայ­ման:
«Այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ այս քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ ­Պա­քո­ւի մէջ ձեր­բա­կալ­ման ու կա­լա­նա­ւոր­ման ո­րո­շում կայ, չի կրնար ա­նոնց ար­տա­յանձ­նու­մի հիմք հան­դի­սա­նալ: Ե­թէ ա­նոնց ա­րար­քը յան­ցանք է նաեւ ըստ ­Թուր­քիոյ օ­րէնք­նե­րուն, ա­նոնք այս­տեղ պի­տի կրեն ի­րենց պա­տի­ժը: Ին­թըր­փո­լով փնտռո­ւի­լը նոյն­պէս այս­տեղ զա­նոնք ձեր­բա­կա­լե­լու եւ ար­տա­յանձ­նե­լու հիմք չի տար, սա­կայն ա­տի­կա կրնայ տե­ղի ու­նե­նալ ո­րե­ւէ այլ` եր­րորդ երկ­րի մէջ»,- ը­սած է ­Սայ­ման: