Ար­ցա­խեան Հե­րո­սա­մար­տին զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու 22 զա­ւակ­նե­րը եւ ի­րենց ու­ղեկ­ցող ու­սուց­չու­հի տի­կին Նա­րի­նէ Գէոր­գեան, ո­րոնք ամ­րան ի­րենց ար­ձա­կուր­դին հա­մար Սի­րոս կղզիի մէջ ան­ցու­ցին 13 հա­ճե­լի օ­րեր, Սեպ­տեմ­բեր 4ին Ա­թէնք վե­րա­դար­ձան եւ մին­չեւ ի­րենց մեկ­նու­մը՝ Սեպ­տեմ­բեր 7ին, հիւ­րըն­կա­լո­ւե­ցան Խա­ծի­քի­րիա­քիօ հաս­տա­տու­թեան մէջ։ Տ­ղոց ա­մէ­նօ­րեայ յայ­տա­գի­րը ճոխ էր զա­նա­զան զբա­ղում­նե­րով։
Հինգ­շաբ­թի՝ 31 Օ­գոս­տո­սին, շատ ու­րախ եւ խան­դա­վառ ե­րե­կոյ մը ան­ցու­ցին, մին­չեւ ուշ գի­շե­րո­ւան ժա­մե­րը՝ կազ­մա­կեր­պե­լով պար­հա­ւա­քոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին պա­րը եւ եր­գը դա­դար չու­նե­ցան։
Ուր­բաթ՝ 1 Սեպ­տեմ­բե­րին այ­ցե­լե­ցին Սի­րո­սի զօ­րա­մա­սը եւ թան­գա­րա­նը, ուր տղոց տե­ղե­կու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան՝ զօ­րա­մա­սի հրա­մա­նա­տա­րին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Նոյն օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուին Սի­րո­սի քա­ղա­քա­պետ պրն. Եոր­ղօ Մա­րա­կո­յին, որ նո­ւէր­նե­րով ըն­դու­նեց պա­տա­նի­նե­րը։
Գի­շե­րո­ւան ժա­մե­րուն Սի­րո­սի Ե­րաժշ­տա­կան-պա­րա­յին դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին մեր պա­տա­նի­նե­րուն եւ եր­գե­րով ու պա­րե­րով հա­ճե­լի ժա­մեր ան­ցու­ցին միա­սին։ Ե­րե­կո­յին 60 պա­տա­նի­նե­րը՝ հայ եւ յոյն, բո­լո­րը միա­սին պա­րե­ցին եւ եր­գե­ցին յու­նա­կան պա­րեր, զորս մեր տղա­քը Սի­րոս ի­րենց կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին սո­րվե­ցան։
Ե­րե­կո­յին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան նախ­կին քա­ղա­քա­պետ պրն. Ֆո­թիս Ք­սա­ղո­րա­քիս եւ պա­տա­նի­նե­րու ծնող­նե­րը։
Շա­բաթ՝ 2 Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րի­քի մը ըն­թաց­քին, տօ­նո­ւե­ցաւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման ու հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձի տօ­նը։ Ար­ցա­խի պա­տա­նի­նե­րը եր­գե­ցին Ար­ցա­խի քայ­լեր­գը ու քա­նի մը այլ եր­գեր եւս. ե­ղան նաեւ աս­մունք­ներ։ Ե­րե­կո­յին ներ­կայ ե­ղան Սի­րո­սի քա­ղա­քա­պե­տը եւ փոխ-քա­ղա­քա­պետ­նե­րը։
Կի­րա­կի՝ 3 Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, Սի­րո­սի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ պրն. Եոր­ղոս Փա­փի­ցիս, ո­րու օ­րե­րուն ծնունդ ա­ռաւ այս շա­հե­կան ծրա­գի­րը, նո­ւէր­նե­րով եւ ճա­շե­րով այ­ցե­լեց պա­տա­նի­նե­րուն՝ ա­նոնց ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով։
Սի­րո­սի մէջ Ար­ցա­խի պա­տա­նի­նե­րու կե­ցու­թիւ­նը կղզիի ժո­ղո­վուր­դին հե­տաքրք­րու­թիւ­նը յա­ռա­ջա­ցուց եւ հա­մա­ցան­ցա­յին լրա­տո­ւա­կան կա­յա­նը՝ Cyclades 24.gr, անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց այս այ­ցե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ Նաեւ, Սի­րո­սէն պրն. Ս­թաւ­րոս Քոիս, որ ա­մէն տա­րի Ար­ցա­խի աղ­քատ ըն­տա­նիք­նե­րու ե­րե­խա­նե­րու հա­մար կը նո­ւի­րէ մեծ թի­ւով տե­սո­ղու­թեան ակ­նոց­ներ, հիւ­րա­սի­րեց տղա­քը եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը՝ քա­ղա­քի ճա­շա­րա­նի մը մէջ:
Եր­կու­շաբ­թի՝ 4 Սեպ­տեմ­բե­րին Ար­ցա­խի պա­տա­նի­նե­րը, ու­րախ եւ ան­մո­ռա­նա­լի 13 օ­րեր ան­ցու­ցած ըլ­լա­լով, Ա­թէնք վե­րա­դար­ձան ուշ գի­շե­րո­ւան ժա­մե­րուն, նա­ւի մե­քե­նա­կան խան­գա­րու­մի պատ­ճա­ռով։
Ե­րեք­շաբ­թի՝ 5 Սեպ­տեմ­բե­րին պա­տա­նի­նե­րը զո­ւար­ճա­ցան Allou fun park խա­ղա­վայ­րին մէջ, ին­չը Խա­ծի­քի­րիա­քիօ հաս­տա­տու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցա­ւ։