Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի
Հայ դատի յանձնախումբին՝
Արցախի պատերազմին զոհուած
քաջամարտիկներու յիշատակի ելոյթ
Տարի մը անցած է Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն եւ տակաւին հայութեան կոտտացող վէրքերը կը շարունակեն իրենց մռայլ ցաւը տարածել իւրաքանչիւր հայորդիի սրտին ու հոգիին մէջ։ Այսուհանդերձ, հակառակ Հայաստանի ու Արցախի վրայ շարունակուող թուրքեւատրպէյճանական յարձակողականութեան, սահմանային նկրտումներուն, միջազգային ընտանիքի անտարբեր կեցուածքին եւ ռազմաքաղաքական հաշիւներուն, հայ ժողովուրդը կը փորձէ բուժել իր խորունկ վէրքերը, վերագտնել իր անկոտրում կամքը եւ ոտքի կանգնիլ պատերազմի արհաւիրքէն, որուն համար սուղ գին վճարեց՝ հայրենիքի բագինին տալով հազարաւոր նահատակներ, որոնք անմահութեան ճամբան բռնած են մեր կեանքերէն ներս։
Ահա, այս բոլոր քաջերու հոգին էր, որ Շաբաթ՝ 23 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան բարձրացաւ երկինքն ի վեր, Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցած հոգեհանգստեան արարողութեան եւ յուշ երեկոյի ընթացքին ստեղծուած յուզիչ մթնոլորտին մէջ։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի հրաւէրին ընդառաջելով, մեծ թիւով հայրենակիցներ ներկայ եղան եւ գլուխները խոնարհեցին հայ հողը իրենց արիւնով ոռոգած հայ քաջամարտիկներու անմառ յիշատակին։
Երեկոն կը վայելէր հայ յարանուանութեանց պետերու հովանաւորութիւնը, հակառակ, որ պայմաններու բերումով կարգ մը հոգեւոր պետեր ստիպողաբար Աթէնքէն դուրս կը գտնուէին հոգեւոր պարտականութիւններով։
Այսպէս, գլխաւորութեամբ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայ եղաւ քահանայից դասը, Ազգային վարչութեան կազմը գլխաւորութեամբ ատենապետ պ. Թագւոր Յովակիմեանի, Հ.Կ.Խաչի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութիւններու ներկայացուցիչները, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու բազմանդամ խումբերը, իսկ տպաւորիչ ներկայութիւն ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները իրենց տարազներով եւ դրօշակներով։ Ներկայ էր նաեւ Նէա Զմիռնիի փոխքաղաքապետ պ. Վակելիս Խաչատուրեան։
Հոս, պէտք է նշել թէ երիտասարդ եւ պատանի տարրերու զգալի մասնակցութիւնը, բացի յարգանքի տուրք մատուցելու խոնարհ ներկայութենէն, գօտեպնդիչ ուղղերձ մըն էր բոլորին հանդէպ, ցոյց տալով հայ երիտասարդի ուժեղ կամքը՝ վերանորոգելու իր ուխտը յանուն հայրենիքի վերածաղկումին։ Արցախի հողին վրայ անշարժ կամքով եւ գիտակցութեամբ ապրող հայորդիներու զօրակցութեան ուղղերձն էր, որ յունահայ երիտասարդութիւնը, հոն, հայութեան վերապրելու ուխտը խորհրդանշող յուշարձանին առջեւ արձակեց, յարգանքով՝ բայց եւ վճռակամ ոգիով։
Որոշեալ ժամուն, Հայ դատի յանձնախումբի անունով բացումը կատարեց ընկ. Ռազմիկ Էրջէնեան, որ անդրադարձաւ արցախեան վերջին պատերազմի եղելութիւններուն ու անոր հետեւանքներուն։ Ան մասնաւորապէս նշեց թշնամիի շարունակուող նկրտումները, որ օգտագործելով Հայաստանի քաղաքական եւ պետական թոյլ իրավիճակը, կը փորձէ վերակենդանացնել իր թուրանական երազները, կուլ տալու համար հայութեան օճախները եւ տարածելու իր աշխարհակալական ծրագիրները (ընկերոջ խօսքը լոյս պիտի տեսնէ առանձին)։
Յաջորդաբար, Առաջնորդ Սրբազան հօր նախագահութեամբ, հոգեւոր դասուն կողմէ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ Արցախի սուրբ հողին վրայ նահատակուած բիւր զինուորներուն, քաջամարտիկներուն, կամաւորներուն եւ քաղաքացիներուն։
Բեմ հրաւիրուեցաւ շրջանի փոխքաղաքապետ Վակելիս Խաչատուրեան, որ խոնարհելով նահատակներու յիշատակին, շեշտեց, թէ պատերազմի առաջին պահերէն քաղաքապետութիւնը դատապարտեց թուրք-ազերիական յարձակողական ծրագիրները, դասուեցաւ ի նպաստ Արցախի ինքնորոշման եւ ձեռնարկեց մարդասիրական օգնութեան հաւաքին ու տրամադրութեան մարտնչող հայ ժողովուրդին։
Հուսկ, ամփոփիչ պատգամով ելոյթ ունեցաւ թեմակալ Առաջնորդը, որ մասնաւորապէս նշեց։
«Արցախի դէմ 44-օրեայ պատերազմի ծանր հետեւանքներուն ու անփառունակ աւարտին համատարած մռայլ պատկերին մէջ, հայոց բանակի զոհուած քաջամարտիկներուն պատկերը գեղեցկօրէն կը շողայ, հայրենասիրութեան եւ հերոսութեան հզօր պատգամ մը ուղղելով, բոլորին, յատկապէս քաղաքական իշխանութեանց բոլոր պատասխանատուներուն՝ ցուցաբերելու հայրենասիրական նոյնպիսի ոգի։
Այսօր, եկած ենք տարի մը ետք, յիշելու հազարաւոր հերոս քաջամարտիկները, որոնք աներերօրէն ինկան հայրենի հողի պաշտպանութեան համար։ Կը յիշենք զիրենք, որովհետեւ անոնք կորած չեն, կ՚ապրին ինչպէս բոլոր ժամանակներու հերոսները։ Եկած ենք պատուելու եւ յարգելու զիրենք, որովհետեւ կը յարգենք ու կը պատուենք անոնք, որոնք արժէքներ ու արժանիքներ ունին։ Եկած ենք այսօր, մանաւանդ երիտասարդ սերունդը, ըսելու, որ կառչած կը մնանք հայրենասիրութեան այն արժէքներուն, որոնց պահպանութեան համար քաջամարտիկները իրենց երիտասարդ կեանքերը անգամ մը եւս զոհեցին ի սէր հայրենիքին։ Երբ կը մօտենաք մոմավառութիւն կատարելու, այդ մոմը չէ որ կը մատուցէք, այլ դուք այս արարքով մեր նահատակ քաջամարտիկներուն ձեռքերէն կը ստանձնէք հայրենասիրութեան ջահերը, որպէսզի անոնք իյնալով չմառին, այլ ձեր ձեռքերուն մէջ շարունակեն բոցավառիլ ու բարձր մնալ»։
Յուշ երեկոյի ամէնէն յուզիչ պահը եղաւ երբ արդէն մթագնած երեկոյի աղոտ լոյսին տակ Պատանեկան միութեան անդամները մոմերով մօտեցան յուշարձանին եւ զանոնք զետեղեցին պատուանդանին վրայ, իսկ յաջորդեցին բոլոր ներկաները անխտիր՝ մէկական մեխակ դպցնելով մոմերուն կողքին, որոնք կը բոցավառէին զոհուած մեր հերոսներու կայծկլտող հոգիներուն նման։
Բի՜ւր յարգանք եւ խոնարհում հայրենիքի բագինին ինկած քաջերու հոգիին առջեւ, թող անոնց յիշատակը առաջնորդէ նոր սերունդի աննկուն կամքը։