Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Արցախ կ՛այցելեն Պելճիքայի եւ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարաններու երեսփոխաններ Անտրէ տէ Պիւս տէ Վարնաֆ, Էմմանուէլ տէ Պոք եւ Փիեռ Քոմփանի: Անոնց կ’ընկերանան Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ յանձնախումբի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էւրիեան:
21 Մարտին անոնք տուած են մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին Անտրէ տէ Պիւս տէ Վարնաֆ ըսած է, թէ իրենց համար շատ հետաքրքրական է գալ ու բացայայտել արցախեան իրականութիւնը` աւելցնելով, որ իրենց պաշտօնակիցներն ալ աւելի եւս կը հետաքրքրուին Արցախով, երբ անոնց կը բացատրուի, որ Արցախը երկիր մըն է, ուր իրական ժողովրդավարութիւն կայ, մարդիկ կը պայքարին իրական արժէքներու համար, կայ միտքի, գործելու, խօսքի ազատութիւն եւ այլն: Ան երրորդ անգամն ըլլալով Արցախ կ՛այցելէ եւ հաճոյքով կը նկատէ, որ մեծ արագութեամբ կը զարգանայ երկիրը:
«Մեր այցելութեան նպատակը ո՛չ միայն Արցախը բացայայտելն է, այլեւ կապի եւ համագործակցութեան եզրեր գտնելը, յատկապէս առողջապահութեան ապահովագրութեան, մշակութային եւ զբօսաշրջութեան մարզերուն մէջ»,- ընդգծած է Անտրէ տէ Պիւս տէ Վարնաֆ:
Փիեռ Քոմփանի, որ առաջին անգամ ըլլալով Արցախ կ՛այցելէ, իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին հասկցած է, որ Արցախի մէջ ապրողները անջատողականներ չեն, անոնց պայքարը արժէքներու համար է:
Ցաւօք, ազատութիւնը անոնց կը ստիպէ գին վճարելու, հակառակ անոր որ անիկա խորքին մէջ անգին է: «Ձեր ընտանիքները, վստահ եմ, վճարած են սուղ գին, որպէսզի դուք պայքարիք ժողովրդավարութեան եւ ձեր ժողովուրդին հետ միանալու համար»,- յայտնած է Փիեռ Քոմփանի, որ զարմացած է, որ տուեալ իրավիճակին մէջ մարդիկ տակաւին խաղաղ են, հանդարտ եւ կեանքին նկատմամբ դրական մօտեցում ունին:
Քաղաքական մակարդակի վրայ բաւական ծանր կշիռ ունեցող Ռուսիան միշտ չէ, որ Եւրոպայի նման կը մտածէ, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թրամփի իշխանութեան գալը անկանխատեսելի կը դարձնէ Միացեալ Նահանգներու ապագայի դիրքորոշումը: «Եւրոպական Միութիւնը գոյութիւնը պահելու համար պէտք է ներքին աղբիւրներ գտնէ եւ նոր դաշինք ստեղծէ, որպէսզի իր ճակատագիրին տէրը ի՛նք ըլլայ»,- յայտնած է ան:
Արցախի պայքարը արժէքներու համար է
Պելճիքայի եւ Պրիւքսէլի շրջանային խորհրդարաններու երեսփոխաններու մամլոյ ասուլիս՝