Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ոս­տի­կա­նու­թեան պետ ­Կա­մօ Ա­ղա­ջա­նեան այ­սօր հրա­ժա­րա­կա­նի դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած է:
«­Վեր­ջին շրջա­նին յա­ռա­ջա­ցած բո­ղո­քի ա­լի­քը խոր­հե­լու ա­ռիթ տո­ւաւ բո­լո­րիս ու մտա­հո­գու­թեանս պատ­ճա­ռը իմ հրա­ժա­րա­կա­նի պա­հան­ջը չէր միայն, այ­լեւ երկ­րի ներ­քին անվ­տան­գու­թիւ­նը չխա­թա­րե­լու եւ ներ­քա­ղա­քա­կան սրա­ցում­նե­րէն զերծ մնա­լու նպա­տակ»,- յայ­տա­րա­րած է ­Կա­մօ Ա­ղա­ջա­նեան: «­Հա­շո­ւի առ­նե­լով իմ հրա­ժա­րա­կա­նի ներ­կա­յաց­ման վե­րա­բե­րեալ  հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ա­ռա­ջա­ցած պա­հան­ջը ոս­տի­կա­նու­թեան պե­տի պաշ­տօ­նէն ա­զա­տո­ւե­լու մա­սին զե­կու­ցա­գիր  ներ­կա­յա­ցու­ցած եմ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Բա­կօ ­Սա­հա­կեա­նին», յայտ­նած է ան:
Ան հա­ւաս­տիա­ցու­ցած է, որ այ­սու­հետ եւս պի­տի շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տա­րիմ մնալ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կա­նու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծին եւ  հայ­րե­նի­քին սպառ­նա­ցող իւ­րա­քան­չիւր վտան­գի պա­րա­գա­յին սե­փա­կան օ­րի­նա­կով ա­պա­ցու­ցել այն:
«Ե­ղած եմ եւ կը մնամ ­Հայ­րե­նի­քիս զի­նո­ւո­րը», ը­սած է Ա­ղա­ջա­նեան:
­Յու­նի­սի 1-ին Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ կեն­ցա­ղա­յին հո­ղի վրայ մի­ջա­դէպ տե­ղի ու­նե­ցած էր Ա.Ա.Ծ. աշ­խա­տա­կից­նե­րու եւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մի­ջեւ: Ա­տոր յա­ջոր­դած էին բո­ղո­քի ցոյ­ցեր, ո­րոնց ըն­թաց­քին քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կը պա­հան­ջէին ու­ժա­յին կա­ռոյց­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու հրա­ժա­րա­կա­նը: