Վերջին տարիներուն Արցախի պատանիներու ամառնային հանգիստի հաճելի ու անբաժանելի մասը դարձած են Հ.Յ.Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցներու երիտասարդական միութիւններուն կողմէ Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպուող բակային ճամբարները: Բացառութիւն չէ նաեւ այս տարին:
10 Յուլիսին, Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող դպրոցին մէջ, սկսած է 10-16 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ճամբարը, զոր նախաձեռնած է Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութիւնը: Ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Վահէ Լեփեճեան արդէն քանի մը անգամՙ մասնակցած է Արցախի մէջ կազմակերպուող ճամբարներուն, խումբին մնացած անդամները բազմիցս այցելած են Հայաստան եւ Արցախ:
Ըստ Վահէ Լեփեճեանի՝ ճամբարի կազմակերպումը ունի քանի մը նպատակներ.- «Նախ եւ առաջ սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն համար շատ լաւ առիթ է, որպէսզի գալով այստեղ՝ իրենց աչքով տեսնեն տարիներու ընթացքին գիրքերէն հայրենիքի մասին իրենց սորվածները: Միաժամանակ՝ այստեղի հայութիւնը պէտք է իմանայ, որ դուրսի հայերը իրենց չեն մոռցած, միշտ կը մտածեն իրենց մասին եւ կարելին կ՛ընեն օգնելու համար: Նպատակներէն մէկն ալ մարդոց տեղեկացնելն է, որ Դաշնակցութիւնը իր ուժերը կը տրամադրէ՝ հայ ժողովուրդին օգնելու համար»,- նշած է ան:
Ընդհանրապէս ամէն ճամբար երկու շաբաթ կը տեւէ` 10 օրուան ճամբարային եւ 4 օրուան հանգիստի ծրագիրով: Այդ ընթացքին կը նախատեսուին հայոց պատմութեան, Դաշնակցութեան պատմութեան, հայրենասիրական երգերու ուսուցում, մարզական խաղերու, մրցումներու կազմակերպում: Նպատակն է բարելաւել մարմնական եւ մտաւոր ունակութիւնները, ամրապնդել հայրենիքի հետ կապը:
Ստեփանակերտի ճամբարի պատասխանատուն այս տարիներու ընթացքին իրենց կատարած աշխատանքի արդիւնքը այսօր կը տեսնէ. «Այսօր ծանօթացայ պատանիի մը, որ 7 տարի մեր կազմակերպած ճամբարներուն մասնակցած է եւ բոլոր վարիչները, պատասխատուները կը յիշէ: Եւ այսօր եկած է իր գիտելիքները միւսներուն փոխանցելու: Յոյս ունիմ, որ կամաց-կամաց ժողովուրդը աւելի կը մօտենայ Դաշնակցութեան, կը միանան մեզի եւ մեզի հետ կ’օգնեն մնացածներուն»:
«Մեզի համար մեծ բաւականութիւն է հայրենի հողին վրայ ըլլալը, այստեղ աւելի ուժեղ կը զգանք մենք մեզի»,- կ՛ըսէ Վահէն եւ կ՛աւելցնէ, որ ամէն անգամ նորէն կը սիրահարի այս հողին, այստեղ կը տեսնէ մեր ժողովուրդի հզօրութիւնը: Այստեղ առաջին անգամ եկածները հոյակապ տպաւորութիւն ունին, որովհետեւ հակասական բաներ լսած են Արցախի մասին եւ բոլորը հաճելիօրէն զարմացած էին` տեսնելով զարգացող քաղաքն ու մարդոց բարի վերաբերմունքը:
Յուլիս ամսուան ընթացքին նաեւ կը սկսին Շուշի եւ Մարտունի քաղաքներու բակային ճամբարները` Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան եւ Լիբանանի Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ:
Արցախի մէջ` Հ.Յ.Դ. ճամբարներ
Արցախի մէջ` Հ.Յ.Դ. ճամբարներ