Ապ­րիլ 23ին, ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան Ար­ցա­խի Ե­րի­տա­սար­դա­կան (Ա.Ե.Մ.) եւ «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» Ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու 103րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րուած ա­մէ­նա­մեայ ջա­հերթ:
«Ապ­րե­լու Ապ­րիլ» խո­րա­գի­րը կրող ջա­հեր­թը մեկ­նար­կած է Ս­տե­փա­նա­կեր­տի Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կէն դէ­պի Ս­տե­փա­նա­կեր­տի յու­շա­հա­մա­լիր: ­Նախ­քան եր­թը, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ե­ղեռ­նի ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն, ե­լոյթ ու­նե­ցած է Ար­ցա­խի թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Պար­գեւ ար­քե­պիս­կո­պոս ­Մար­տի­րո­սեան:
­Ջա­հեր­թին մաս­նա­կից­նե­րը այ­րած են ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի պե­տա­կան դրօշ­նե­րը, բարձ­րա­ցու­ցած են դա­տա­պար­տող պաս­տառ­ներ, վան­կար­կե­լով՝ «­Հայ զի­նո­ւո­րը կան­խեց նոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը», «­Թուր­քիա­յի ձեռ­քերն ա­րիւ­նոտ են», «­Ճա­նա­չում», «­Հա­տու­ցում», «­Հա­յը պա­հան­ջա­տէր է, թուր­քը՝ ցե­ղաս­պան»:
20րդ ­դա­րասկզ­բի Ե­ղեռ­նը ա­մե­նա­թո­ղու­թեան ու ան­պատ­ժե­լիու­թեան մարմ­նա­ցում էր ու ա­մե­նե­ւին պա­տա­հա­կան չէ, որ այն գտաւ շա­րու­նա­կու­թիւն, հա­սաւ մին­չեւ ­Պա­քու, ­Սում­կայթ, ­Մա­րա­ղա: Իսկ 2016ի Ապ­րի­լը ե­կաւ ա­պա­ցու­ցե­լու, որ ցե­ղաս­պա­նի ձե­ռա­գի­րը դար իսկ յե­տոյ ա­մե­նե­ւին չէ փո­խո­ւած, ե­կաւ ա­պա­ցու­ցե­լու, որ յանձ­նո­ւե­լու եւ չպայ­քա­րե­լու ի­րա­ւունք չու­նինք, ա­պա­ցու­ցե­լու, որ ան­կոտ­րում է ու ան­նա­հանջ հայ զի­նո­ւո­րի ո­գին: Ապ­րի­լը ապ­րիլ սոր­վե­ցուց, ցա­ւով, բայց եւ յաղ­թա­նա­կով: ­Յաղ­թա­նա­կե­ցինք մեր հզօր բա­նա­կի, պե­տա­կա­նու­թեան ու միաս­նու­թեան շնոր­հիւ:
­Թե­րեւս այդ էր 1915ի եւ 2016ի տար­բե­րու­թիւ­նը՝ բա­նակ, պե­տա­կա­նու­թիւն:
«Ու­ղիղ 103 տա­րի ա­ռաջ իր նախ­նեաց հո­ղի վրայ ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւեց հի­նա­ւուրց ու ստեղ­ծա­գործ մի ժո­ղո­վուրդ: Ատր­պէյ­ճան­ցի կո­չո­ւող թուր­քե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կը կա­տա­րէին նաեւ Ար­ցա­խում, ե­թէ նրանց չդի­մադ­րէր հայ զի­նո­ւո­րը», Ս­տե­փա­նա­կեր­տի յու­շա­հա­մա­լի­րում տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջո­ցառ­ման ժա­մա­նակ ա­սել է Ար­ցա­խի մշա­կոյ­թի, ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան փոխ­նա­խա­րար ­Գա­յիա­նէ Գ­րի­գո­րեան՝ կոչ ուղ­ղե­լով մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն, հան­րու­թեան ի­րենց ձայ­նը բարձ­րաց­նել, որ­պէս­զի ոճ­րա­գործ­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կան­չո­ւին ու պատ­ժո­ւին հայ ժո­ղո­վուր­դի դէմ կա­տա­րած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հա­մար:
Հ.Յ.Դ. Ա.Ե.Մ.ի ­Վա­րիչ մարմ­նոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Մե­րու­ժան ­Սու­լէյ­մա­նեան նշած է, որ պա­հան­ջա­տի­րա­կան ջա­հեր­թը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի այն­քան ժա­մա­նակ, քա­նի դեռ ­Թուր­քիան չէ պատ­ժո­ւած:
«­Մենք պար­տա­ւոր ենք յի­շել 1915թ. ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, 1988թ. ­Սում­կայ­թը, 2016թ. Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը: 2016թ. հայ զի­նո­ւորն ա­պա­ցու­ցեց, որ Ապ­րի­լը այ­սու­հե­տեւ կ­‘ըլ­լայ ապ­րե­լու Ապ­րիլ: ­Մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք պայ­քա­րիլ ոչ միայն ճա­նաչ­ման, հա­տուց­ման, այլ նաեւ ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նի­քի վե­րա­կանգն­ման հա­մազ­գա­յին նպա­տա­կի հա­մար»,- նշած է ­Մե­րու­ժան ­Սու­լէյ­մա­նեան:
Ա.Հ. Ա.Ժ. «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Կ.Կ.ի ան­դամ ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեան նշած է, որ եր­թը սգոյ երթ չէ, այլ ո­գե­կոչ­ման, հա­տուց­ման պա­հան­ջի.- «1960ա­կան թթ. սկսո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պայ­քարն այ­սօր մտել է նոր փուլ, այ­սօր մենք պէտք է պայ­քա­րենք ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան քրէա­կա­նաց­ման, մեր ժո­ղովր­դի բռնագ­րա­ւո­ւած ու­նե­ցո­ւած­քի յետ­բեր­ման, հայ­րե­նազր­կո­ւած հայ­րե­նի­քի վե­րա­դար­ձի հա­մար եւ ես հա­ւա­տա­ցած եմ, որ այ­սօ­րո­ւայ մեր ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դը կ­՛ի­րա­գոր­ծի այն»: