Երեքշաբթի, 7 Յունիս 2022-ին, Թեսաղոնիկէի Արիստոտելեան համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժինի կիսանդրիներու եւ դիմաքանդակներու ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան դասախօսութիւն մը, նուիրուած Արցախի միջնադարեան մշակութային ժառանգութեան։
Արուեստաբան, ակադեմիկոս, Ազգային Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող եւ մշակոյթի նախկին նախարար Նազենի Ղարիպեան հրաւիրուած էր Հայաստանէն, կատարելու համար սոյն ներկայացումը։ Դասախօսական երեկոն կազմակերպուած էր Արիստոսելեան համալսարանի հնագէտ եւ դասախօս Աթանասիոս Սեմօղլուի նախաձեռնութեամբ, որ անցեալին եղած էր Նազենի Ղարիպեանի համաուսանողը։ Դասասախօսական երեկոյին ներկայ եղան Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի «Յ. Գասապեան» կոմիտէի անդամներ, Հայ Գթութեան Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Կիւլա Գասապեան, , Համազգայինի տեղւոյն մասնաճիւղի անդամներ, Հ.Յ.Դ Երիտ. Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբի անդամներ, հայ-յոյն գործարարական միութեան նախագահ Սարգիս Տակազեան, յոյն գիտնականներ եւ ուսանողներ։
Նազենի Ղարիպեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Արցախի միջնադարեան եկեղեցաշինութեան ճարտարապետական հիմունքները ու անոր զարգացումը դարերու ընթացքին։ Ներկայացուեցան գլխաւոր յատակագիծերու գծաքաշներ, խաչքարերու եւ մակերեսային զարդանախշերու զանազան ձեւեր, ինչպէս նաեւ յարգելի դասախօսը կատարեց համեմատութիւններ Արեւմտեան Հայաստանի տաճարաշինութեան հետ։ Ակադեմիկոս Նազենի Ղարիպեան իր խօսքի վերջաւորութեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանին կողմէ Արցախի գրաւեալ տարածքներուն վրայ գտնուող հայ ճարտարապետական կոթողներուն վրայ գործուած վնասներուն եւ աւերումներուն, որոնք անմիջականօրէն վտանգ կը սպառնան հայկական յուշակոթողներու գոյութեան վրայ, նպատակ ունենալով ջնջել հայոց հազարամեայ քաղաքակրթական ժառանգութիւնը Արցախի մէջ։ Նազենի Ղարիպեանի դասախօսութիւնը լարուած հետաքրքրութեամբ ընդունուեցաւ ներկայ հանդիսատեսներուն կողմէ, որոնք գնահատեցին իր բարձրորակ եւ ակադեմական մակարդակի ներկայացումը։ Անոնք առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու հայրենի գիտնականին, որոնց մանրամասն պատասխանները տրուեցան պատմամշակութային բոլոր մանրամասնութիւններով։
Աւարտին, ակադեմիկոս Նազենի Ղարիպեան Արիստոտելեան համալսարանի փիլիսոփայութեան եւ հնագիտութեան թանգարանին նուիրեց «Ջուղա» մեծադիր հատորը, որ կ՚անդրադառնայ Նախիջեւանի խաչքարերու ոչնչացման՝ Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան հետեւանքով։
ԹՂԹԱԿԻՑ