Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի նախաձեռնութեամբ Ուրբաթ՝ Հոկտեմբեր 20ին Վալոնիայի Պրիւքսէլի խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ 16 ֆրանսախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ կազմուած բարեկամութեան խումբ մը հիմնուած է:
Քանի մը օր առաջ, նոյնպէս Գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Ֆլամանական խորհրդարանին մէջ հիմնուած էր նոյնանման բարեկամութեան խումբ մը, բաղկացած՝ 11 հոլանտախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ։ Երկու արարողութիւններուն ներկայ եղած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բ. Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էվինեան եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու ստեղծում
Պելճիքայի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու ստեղծում