Միասնականութեան ոգիով յունահայութիւնը իր
ընդվզումը յայտնեց Ատրպէյճանի յարձակողականութեան
ու ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ
Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ընդհանուր յարձակումին եւ Արցախին կողմէ հրադադարի ընդունման իրականութեան տակ, Չորեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2023-ի, երեկոյեան յունահայութիւնը ընդառաջելով կոչերուն, համախմբուեցաւ Աթէնքի կեդրոնական «Սինտաղմա»-ի հրապարակը։ Նոյն օրուան առաւօտուն, Արցախէն հասած լուրերը կը խօսէին հրադադարին մասին, որ հետեւանք էր ատրպէյճանական ուժերու համատարած յարձակումներուն Արցախի սահմաններուն ամբողջ երկայնքին, օգտագործելով ռազմական օդային եւ ցամաքային ծանր սարքեր։ Ատրպէյճանի յարձակումները թիրախ դարձուցին անմեղ ժողովուրդը եւ Արցախի ենթակառուցուածքները, հարիւրաւոր մարդկային կորուստներ եւ լուրջ վնասներ պատճառելով։
Այսպէս, քանի մը ժամուան մէջ, յունահայ գաղութի քաղաքական գործօնները, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի եւ Ռ.Ա.Կ.-ի Յունաստանի Շրջ. վարչութեան, ընկերային ցանցերու եւ համացանցի հարթակներուն միջոցով արագ եւ անմիջական կոչ ուղղեցին, ժողովուրդը հրաւիրելով հաւաքի՝ Աթէնքի կեդրոնական հրապարակին վրայ։ Հարիւրաւոր հայրենակիցներ անսալով միասնական կոչին, իրենց ներկայութիւնը հաստատեցին հաւաքին, իսկ անոնց կողքին՝ գաղութի կրօնական, ազգային եւ միութենական կառոյցները եւս զօրակցութեան ձայն բարձրացուցին Արցախի մարտնչող ժողովուրդին։ Յատկանշկան էր կազմակերպ պատանիներու եւ երիտասարդներու ներկայութիւնը, որոնք պաստառներով, Հայաստանի ու Արցախի դրօշներով յատկանշեցին հաւաքի ուժականութիւնն ու ընդվզումի ոգին։
Համախմբուած ժողովուրդին առաջին խօսքը ուղղեց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ատրպէյճանական յարձակումներու ընթացքն ու հայութեան դիմադրութիւնը, միաժամանակ ան ընդգծեց, թէ միջազգային ընտանիքը բաւականացաւ կոչեր ուղղելով Ատրպէյճանին, իսկ վերջինի սանցարձակ յարձակողապաշտութիւնը՝ հայ ժողովուրդին վրայ նոր ցեղասպանութիւն գործելու սպառնալիքով, չէ դատապարտուած աշխարհին կողմէ։ Յաջորդ խօսողը եղաւ Ռ.Ա.Կ.-ի Յունաստանի Շրջ. վարչութեան փոխատենապետ պ. Սեւակ Փանոսեան, որ յայտնեց. «Մեր հայրենիքի ամէնէն կարեւոր մասերէն մէկը՝ Արցախը վտանգի մէջ է այսօր։ Դժբախտաբար, մենք առանձին մնացած ենք։ Ոչ մէկ երկիր մեր կողքին կեցած է։ Ամէնէն կարեւոր պատգամն է՝ չհուսահատիլ երբեք. պիտի պայքարինք եւ պիտի դիմանանք, թիկունք կանգնելով մեր հայրենի քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Մենք պիտի տոկանք մեր հողին վրայ, հազարամեակներ շարունակ կառչած մնացած ենք մեր սրբազան հողին։ Որքան ալ պատմութեան ընթացքին Համիտներ, Թալեաթներ եւ Էնվերներ անցած են, Ալիեւներն ալ պիտի անցնին ու երթան։ Մենք վերատեսութեան պիտի ենթարկենք մեր ըրածները, պիտի ճշդենք մեր ուղղութիւնը։
Կարեւորն է մնալ միասնական՝ ինչպէս այսօր, այս պահուն, ձեռք ձեռքի տալով յանուն Արցախի ու հայութեան պայքարին»։
Յունահայ կազմակերպ երիտասարդութեան անունով առաջին ուղերձը կարդաց ընկ. Արամ Պետրոսեան, որ իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց միջազգային ուժերուն դատապարտելու Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութիւնը, դատապարտանքի որոշումներ հաստատել Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն համար ընդդէմ Արցախի խաղաղ բնակչութեան, պահանջեց դիւանագիտական եւ տնտեսական պատժամիջոցներու կիրարկումը Ատրպէյճանի ղեկավարութեան դէմ։ Ան ընդգծեց Արցախի անկախութեան միչազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնը, հայ բնակչութեան ֆիզիքական գոյութեան պահպանումը, մարդասիրական աղէտի կանխումը եւ անոր ինքնորոշման ներաշխաւորումը։ Նաեւ կոչ ուղղեց Յունաստանի կառավարութեան՝ միջամտելու համար Եւրոպական Միութեան ատեաններուն, Արցախի ժողովուրդի պաշտպանութեան ի խնդիր։
Երիտասարդականի յաջորդ խօսողը եղաւ ընկ. Վահրամ Մանկոյեան, որ անդրադարձաւ ատրպէյճանական յարձակողականութեան, հայութեան հերոսական անհաւասար դիմադրութեան։ Ան ընդգծեց, թէ Արցախի իշխանութիւնները ստիպուեցան ընդունիլ հրադադարը, որուն հետեւանքով կը լուծարուի պաշտպանութեան բանակը եւ հայերը ամբողջութեամբ պիտի համարկուին Ատրպէյճանի իրաւասութեան մէջ, նոր ցեղասպանութեան ու բնաջնջումի վտանգը կախուած ըլլալով արցախցիներուն վրայ։ Ան եւս կոչ ուղղեց միջազգային ուժերուն կիրարկելու պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի դէմ։ Շեշտեց, թէ Ատրպէյճանի հասկցած լեզուն պատժական միջոցներու ուղին է, որ անյապաղ պէտք է գործադրուի անոր դէմ, կանխելու համար ցեղասպանական նոր քաղաքականութիւնը հայութեան հանդէպ։
Յունահայ կազմակերպ պատանեկան սերունդին անունով ընկ. Ալին Սերոբեան, կուռ եւ համարձակ ուղերձով մը արտայայտեց բոլոր հայ պատանիներու ներաշխարհն ու ընդվզումը Արցախի հայութեան հանդէպ կատարուող համատարած ցեղասպանութեան դէմ։ Ան Սփիւռքի հայ պատանիներու ոգիին արտայայտիչը ըլլալով, դատապարտեց լռութեան պատը, որ բարձրացած է Արցախի հայութեան առջեւ, միաժամանակ կոչ ուղղեց հայ պատանիներուն սերտել մեր պատմութիւնը եւ ամբողջ ոգիով տէր կանգնիլ Արցախի ու հայութեան իրաւունքներուն։
Հաւաքի փակումը կատարեց ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան, որ կոչ ուղղեց Յունաստանի կառավարութեան միջամտելու Եւրոպական Միութեան մօտ։ Ան շեշտեց, թէ Ատրպէյճան հետեւողական կերպով կը բնաջնջէ հայկական մշակութային կոթողները, վերջին արարքը ըլլալով Ամարասի վանքի գրաւումը։ Ատրպէյճան բացայայտօրէն կը խախտէ միջազգային օրէնքը եւ դաշնագրերը։ Ան ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պարտի պատժամիջոցներ կիրարկել Ատրպէյճանի դէմ, ինչպէս նաեւ կասեցուին ռազմական օժանդակութեան ծրագիրները Թուրքիոյ համար։
Ան եզրակացուց, որ այսօրուան հաւաքը կենսական կարեւորութիւն կը ստանայ հայութեան պահանջատիրութեան ձայնին կապակցութեամբ, մղելու համար միջազգային ընտանիքը եւ քաղաքակիրթ աշխարհը սանձելու Պաքուի բռնատիրական վարչախումբի ոճիրներն ու ցեղասպանական արարքները։ «Մենք պարտինք լսել Արցախի ժողովուրդի ձայնը եւ կանգնիլ մեր եղբայրներու կողքին», եզրափակեց ան։