Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր եւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Դաւիթ Իշխանեան, 5 եւ 6 Նոյեմբեր 2019ին, Աթէնք գտնուեցաւ եւ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ յունահայ գաղութի կառոյցներուն հետ։
Երեքշաբթի՝ 5 Նոյեմբերի առաւօտուն, ընկ. Իշխանեան եւ իր տիկինը այցելեցին «Ազատ Օր»ի խմբագրատուն եւ մօտէն ծանօթացան յունահայ օրաթերթի հրատարակութեան աշխատանքներուն։ Իր այցելութեան առիթով, ընկ. Իշխանեան շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ թերթին, որ պիտի հրատարակուի յաջորդիւ։
Նոյն օրը, Արցախի պատգամաւորն ու իր տիկինը առիթը ունեցան այցելելու Հ.Կ.Խաչի «Ճէնազեան», «Յակոբեան» եւ «Զաւարեան» ազգային վարժարանները եւ ծանօթանալու աշակերտութեան ու ուսուցչական կազմերուն հետ։ Փոքրիկները հետաքրքրութեամբ մօտեցան Արցախի հիւրին եւ լսեցին անոր պատգամներն ու թելադրանքները հայու ինքնութիւնը եւ Արցախի հերոսական պատմութիւնը իրենց սրտերուն մէջ պահելու համար։
Ընկ. Իշխանեան յորդորեց աշակերտներուն այցելել Արցախ, զգալ մեր արծուաբոյն հայրենի հողին զօրութիւնը եւ ամէն տեղ զօրավիգ կանգնիլ Արցախի ժողովուրդի գոյապայքարին։
Ընկ. Դաւիթ Իշխանեան հարցազրոյց տուաւ յունական «Էֆիմէրիտա թոն սինտաքթոն» թերթի հայասէր թղթակից Նիքոլաս Զիրղանոսին, որ Արցախի քառօրեայ պատերազմին այցելած էր Արցախ եւ իր տպաւորութիւններն ու Արցախի ժողովուրդի արդար պայքարը նկարագրած էր երկարաշունչ յօդուածով մը։
Չորեքշաբթի՝ 6 Նոյեմբերին, Արցախի ազգային ժողովի պատգամաւոր ընկ. Դաւիթ Իշխանեան այցելեց Ազգային Առաջնորդարան եւ հանդիպում ունեցաւ Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն հետ։ Նոյն գիշեր, ընկ. Դաւիթ Իշխանեան հանդիպեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի կազմին հետ։ Ընկերը ներկայացուց Արցախի հիմնահարցի վերջին զարգացումները, խօսեցաւ Արցախի քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակին մասին, յատկապէս՝ 2020ի նախագահական եւ երեսփոխանական զոյգ ընտրութիւններու լոյսին տակ։ Անդրադարձ կատարեց Արցախի միջազգային ճանաչման համար եղած ջանքերուն եւ քաղաքական նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը ծաւալին պետական մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ աւելի մանրամասնեց վերջերս Արցախի պետութեան եւ Հ.Յ.Դ.ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած Արցախի բարեկամներու խորհրդաժողովին մասին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընկ. Դաւիթ Իշխանեան Աթէնքի մէջ
Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընկ. Դաւիթ Իշխանեան Աթէնքի մէջ
Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընկ. Դաւիթ Իշխանեան Աթէնքի մէջ