Արցախի պատանիները իրենց երգով, ասմունքով եւ
պարով ոգեւորեցին ներկաները՝ հայրենի հողին եւ
հերոսական Արցախի վերաթարմացնող խորհուրդով
Երկուշաբթի՝ 3 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնի դալար տանիքը, մեծ թիւով ներկաներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ Արցախեան շարժման 30ամեակին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 27ամեակին նշումը՝ հանդիսաւոր շուքով եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Ձեռնարկին յատուկ փայլ եւ շունչ տուին Արցախէն հիւրաբար Աթէնք գտնուող պատանիները։
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպած հրապարակային հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանորդ պրն. Ալեքսանտր Սարգսեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Քերոբ Էքիզեան, յունահայոց թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չօլաքեան, հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Վիգէն Չօլաքեան, հոգեւոր հովիւներ՝ Հրայր Աւագ Քահանայ Նիկոլեան, Նարեկ Քահանայ Շահինեան եւ Վահրիճ Վարդապետ Ղարախանեան։ Հանդիսութեան պատուոյ հիւրերու շարքին էին՝ Խածիքիրիաքիօ հաստատութեան տնօրէնուհի տիկ. Անասթասիա Քացիլիէրի, Անօ Սիրոս կղզիի նախկին քաղաղապետ պրն. Եորղոս Փափիցիս, Էրմուփոլի-Սիրոս քաղաղապետութեան երեխաներու պատասխանատու տիկ. Սթելա Լիմնէու եւ Սիրոսի «Այոս Եորիոս» դպրոցի տնօրէն fre՝re Մարիոս Քափեթաս։
Ձեռնարկին ներկայացուած էին նաեւ ազգային-միութենական մեր բոլոր կառոյցները՝ վարչութիւններու ներկայացուցիչներով եւ տնօրէններով ու ուսուցիչներով։
Երեկոյեան ժամը 8։30ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անունով, ընկեր Սերգօ Գույումճեան կատարեց հանդիսութեան բացումը՝ հայերէնով եւ յունարէնով ներկաներուն փոխանցելով օրուան խորհուրդը։ Հայ Դատի Յանձնախումբին ատենապետը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելով Արցախեան շարժման շղթայազերծման եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման պատմակշիռ քայլերն ու համազգային տարողութեամբ ձեռք բերուած նուաճումները՝ կարեւորութեամբ շեշտեց Արցախեան հերոսամարտի ոգիով Հայ Դատի պայքարը շարունակելու, Արցախի անկախութեան ամբողջական, միջազգային եւ իրաւական ճանաչումը նուաճելու անհրաժեշտութիւնը։ Ընկեր Ս. Գույումճեան նաեւ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Արցախեան շարժման նուիրուած այս երեկոյին յատուկ ջերմութիւն եւ խորհուրդ կը ներշնչէ ներկայութիւնը Արցախէն հիւրաբար Յունաստան գտնուող 23 պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն։
Արցախի պատանիները այս տարի եւս հիւրընկալուեցան Խածիքիրիաքիօ հաստատութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ քանի մը օր անցուցին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան Միութեան բանակումին, որու նիւթական հոգատարութիւնը ստանձնեց Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը:
Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը 22 տարիներէ ի վեր, ամէն ամառ, Աթէնքի եւ Սիրոս կղզիի մէջ կը հիւրընկալէ Արցախեան Ազատամարտին զոհուած հերոսներու որբացած երեխաներու խումբեր։ Սկզբնական տարիներուն որոշապէս որբերէ բաղկացած էին այդ ամենամեայ խումբերը, բայց հետագային այդ խումբերը սկսան կազմուելու իրենց ուսումնական կեանքին մէջ յաջողակ աշակերտներով, մինչեւ որ 2016ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք վերստին Արցախի որբերով կազմուեցան անցեալ երկու տարիներու խումբերը։
Իր խօսքի աւարտին Հայ Դատի Յանձնախումբին բանբերը ընդգծեց, որ հակառակ վերջին տարիներուն ստեղծուած նիւթական յաւելեալ դժուարութիւններուն եւ, մանաւանդ, Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու կողմէ Յունաստանի իշխանութեանց մօտ կատարուող միջամտութեանց եւ ճնշումներուն, յունահայութիւնը հաստատակամ կը մնայ արդէն պատմական դարձած այս աւանդութիւնը շարունակելու եւ Արցախի փոքրերուն հիւրընկալութեամբ Արցախի հերոսական մեր ժողովուրդին զօրավիգ կանգնելու իր յանձնառութիւնը։
Ապա՝ օրուան պատգամը փոխանցելու համար բարձրախօսին մօտ հրաւիրուեցաւ ընկեր Միհրան Քիւրտօղլեան, որ ամփոփ եւ կուռ իր խօսքով ներկայացուց պատմականը Արցախի ազատագրութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ստեղծումին՝ գաղափարական շեշտադրումի արժանացնելով գլխաւոր դասերը Արցախեան հերոսամարտին։ Օրուան բանախօսին լրիւ խօսքը առանձինն կը յանձնենք ընթերցողի ուշադրութեան։
Այնուհետեւ՝ խօսքը տրուեցաւ Արցախի պատանիներու խումբին ընկերակցող պատասխանատու՝ Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթանքի բաժնի վարիչ տիկին Աննա Այվազեանի, որ իր օգնական տիկին Ալինա Պաղտասարեանի հետ ստանձնած էին հոգատարութիւնը խումբին։ Տիկ. Այվազեան հանդէս եկաւ ոչ միայն Հայ Դատի Յանձնախումբին, յունահայութեան եւ յունական իշխանութեանց ուղղուած շնորհակալական խօսքով, այլեւ ընդհանուր արժեւորումը կատարեց սփիւռքի զօրակցութեան՝ Արցախի հերոսական մաքառումին մէջ։ Արցախի փոքրիկներուն հիւրընկալման մէջ ան արժեւորեց Արցախի անկախութեան լիակատար նուաճումին սատարող սփիւռքեան զօրակցութիւն, որուն Արցախի հայորդիք կը պատասխանեն մայր հողին ամբողապէս տէր կանգնելու եւ իրենց հայրերուն պայքարը մինչեւ յաղթական աւարտ հասցնելու վճռականութեամբ։ Սփիւռքի հայապահպանման պայքարը նաեւ մեր պայքարն է՝ եզրակացուց տիկ. Այվազեան։
Շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ՝ Արցախի շնորհալի փոքրիկները ներկայացուցին գեղարուեստական ոգեւորիչ յայտագիր մը՝ խմբերգներով, երգերով, ասմունքներով եւ պարերով՝ ներկաներուն մօտ բարձրացնելով ազգային-հայրնասիրական եւ յեղափոխական ոգին։
Հանդիսութեան փակման խօսքը կատարեց եւ ներկաներուն իր պատգամը ուղղեց յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, որ Արցախի ազատագրութեան եւ Սփիւռքի հայապահպանման պայքարները միեւնոյն մեծ պայքարին էական տարրերը հռչակելով՝ շեշտեց Արցախեան պայքարին պատմակշիռ դասերը սերունդէ սերունդ փոխանցելու եւ ոգեւորելու հրամայականը, նոյնպէս եւ գնահատանքի իր խօսքը ուղղեց յունահայութեան, որ սերունդէ սերունդ բոլորանուէր պայքարը կը շարունակէ յանուն հայապահպանման եւ Հայ Դատի հետապնդման։ Ան յատուկ գնահատեց Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեանի եւ բոլոր նուիրեալ անձերուն երկար տարիներու ճիգը, որ 20 տարիներէ աւելի կ’ապահովեն Արցախի փոքրերուն այցելութիւնը Յունաստան եւ Սիրոս:
Սրբազան հայրը նաեւ յունարէնով դիմեց հիւրերուն՝ իր շնորհակալութիւնը յայտնելով Խածիքիրիաքիօ հաստատութեան, ինչպէս նաեւ Սիրոսի քաղաքապետութեան, որ տարիներ շարունակ իրենց դռները եւ գիրկը կը բանան մեր Արցախի պատանիներուն, անոնց հիւրընկալելով՝ սիրով եւ հոգատարութեամբ: Ան նաեւ ընդգծեց, որ հայ եւ յոյն ազգը միակամ է եւ տարիներու բարեկամութիւնը, որ մշակուած է պիտի ըլլայ տեւական, ուր որ ալ գտնուին՝ Յունաստանի, Հայաստանի, թէ Արցախի մէջ: Հանդիսութեան պաշտօնական փակումէն ետք, Արցախի փոքրիկները խմբուեցան հաւաքական ընթրիքի սեղաններու շուրջ՝ իրենց կողքին ունենալով շատ ներկաներ, որոնք փափաքեցան սեղանակից դառնալ հերոսական Արցախի փոքրիկ առաքեալներուն։
Ստորեւ՝ կը հրատարակենք ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեանի
արտասանած խօսքը
Ա. Երեսուն տարի առաջ՝ 1988ի Փետրուրար 18ի նախօրէին, աշխարհի բոլոր լրատու սպասարկութիւնները կու տային զգայացունց լուր մը, որ որեւէ ցոյց, յատկապէս ազգային ու քաղաքական որեւէ ցոյց խստիւ արգիլուած եւ դաժան պատիժի ենթակայ Սովետական Միութեան մէկ փոքր՝ Հայաստան կոչուող Հանրապետութեան մէջ ամբողջ ժողովուրդը ոտքի ելած է, քաղաքներէն ու գիւղերէն մարդիկ կը խուժեն Երեւան եւ պայքարունակ ցոյցերով ու անտեղիտալի վճռականութեամբ կը պահանջեն Լեռնային Ղարաբաղի միացումը՝ Հայաստանին: Նման աննախընթաց ցոյցի մը նախընթացը նոյնպէս պատահած էր Երեւանի մէջ՝ 1965ին, Ցեղասպանութեան 50ամեակին՝ հողերու պահանջքով, որու շնորհիւն ալ այսօրուան Ծիծեռնակաբերդը: Այսօրուան երիտասարդները չեն հասկնար, թէ ինչ կը նշանակէր քաղաքական ցոյցեր կատարել սովետական վարչակարգի տակ:
Բ. 100 տարի առաջ, 1918ին, անկախ Հայաստանը ունէր 60-65 հազար ք.ք.մ. տարածք: Երկրի համայնավարացումով Դաշնակցական կառավարութեան փրկած այդ տարածութիւնը չէր պահպանուած: Համայնավար վարչակարգը թոյլ տուած էր, որ Կարսն ու Արտահանը անցնի Թուրքիոյ ձեռքը, Ախալքալաքն ու Ախալցխան միացուի Վրաստանին: Կարծէք չէին բաւեր ատոնք, 1923ին ալ, յանուն ռուս-թուրք բարեկամութեան, Ստալինի վճռագրով հայապատկան Լեռնային Ղարաբաղն ալ նուէր կը տրուէր «եղբայրական» Ազրպէյճանին, որ իբրեւ երկիր, իբրեւ անջատ միաւոր ու պետութիւն կազմուած էր հազիւ 5 տարի առաջ, այսինքն 1918ին: Այդ թուականէն առաջ Ազրպէյճան անունով երկիր չկար, գոյութիւն չունէր, որ Ղարաբաղը իրեն պատկանած ըլլար:
Եւ այսպէս, մեզի սահմանակից երկիրները՝ Թուրքիան «թշնամաբար» արդէն բռնագրաւած էր Արեւմտեան Հայաստանն ու Արեւելեանէն Կարսն ու Արտահանը, Վրացիները «չէզոքաբար» տէր դարձած էին հայկական հողերու, իսկ Ատրպէյճանն ալ «եղբայրաբար» նուէր կը ստանար Արցախը:
Գ. Ղարաբաղեան սկսած շարժումը խեղդելու համար Մոսկուան զօրք կը տեղակայէր Երեւանի մէջ, շրջագայութիւնը կ‘արգիլէր, շարժումին առաջնորդները կը բանտարկէր, խնդիրը ընկերային հարց համարելով՝ դրամական մեծ օժանդակութիւն, որքան կը յիշեմ 400 միլիոն ռուպլի կը խոստանար Ղարաբաղի բարօրութեանը համար, բայց ի զուր: Հայերը կը մնային անտեղիտալի՝ իրենց պահանջքին մէջ:
Այդ օրերուն ահաւոր երկրաշարժ մը կը հարուածէր Հայաստանը: Երկրին գրեթէ 40/100 կը քանդուէր: Բազմահազար զոհեր, գիւղեր ու քաղաքներ հիմնայատակ կը կործանէին: Համայնավարութեան ամէնազօր ընդհանուր քարտուղարը՝ Կորպաչով կը փութար Երեւան եւ կը խոստանար շուտով վերականգնել քանդուածները եւ օգնել տնազուրկ մնացողներուն: Կը կարծէր, որ հայերը ընկճուած են եւ իր խոստումներով սիրաշահած պիտի ըլլայ զանոնք, որ հրաժարին իրենց պահանջքէն եւ ինք ազատի Ղարաբաղեան հարցի գլխացաւէն: Բայց ի զարմանս իրեն կը լսէր, որ իրենց դժբախտութեանց մէջն իսկ հայերը ուրիշ ակնկալութիւն չունին Մոսկուայէն, բացի Ղարաբաղի պահանջքէն:
Կը յիշեմ այդ օրերէն սրամտութիւն մը.- «Ի՞նչ պատահեցաւ, որ Հայաստան այդքան ուժգին ցնցուեցաւ»: «Բա՜, չե՞ս իմանում, Ղարաբաղը կպաւ-միացաւ Հայաստանին եւ ատկէ ալ երկիրը շարժուեց…»:
Պատմութիւնը կրնա՞յ ընկճել ժողովուրդ մը, որ գիտէ մեծ արհաւիրքներն անգամ սրամտութեամբ (հիւմըրով) դիմակալել:
Դ. Հայութեան արդա’ր, ժողովրդավա’ր, այլեւ վճռական պահանջքին դիմաց՝ «եղբայրական» Ազրպէյճան կը պատասխանէր սպանդով, թնդանօթներ գործածելով: Ազրպէյճանի մէջ կ‘ապրէին շուրջ 200 հազար հայեր, որոնք ահ ու սարսափով տուն-տեղ թողած կը փախչէին Հայաստան, որովհետեւ ազերի ամբոխը փողոցներու մէջ անտեղեակ ու անցորդ հայերը կը խողխողէր: Բոլորիս ծանօթ է Սումկայթի փոկրոմը: Աւելին. ազերի օմոնականներ՝զինուորական յատուկ ջոկատներ, ռուս զինուորներու օժանդակութեամբ Ղարաբաղի մէջ բազմաթիւ գիւղեր հիմնայատակ կ‘ընէին, անմեղ գիւղացիները անխնայ ջարդի կ‘ենթարկէին:
Մահու-կենաց այդ դժնդակ պայմաններու մէջն էր ահա, որ Արցախի լեռներուն վրայ կրկին կը վերյառնէր ջան ֆիտային…:
Աչքերովս տեսած եմ, թէ ինչպէս այդ օրերուն Երեւանի տարբեր վայրերու մէջ վրաններ լարուած էին, որոնց առջեւ խիտ շարքերով երիտասարդներ կարգի կը սպասէին, որ արձանագրուին երթալ միանալու համար ֆետայական խումբերուն:
Այդ օրերուն էր նաեւ, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կ‘որդեգրէր «դէպի երկիր» կարգախօսը: Կազմակերպական իր բոլոր միաւորները գործի կը լծէր եւ առաջին զէնքերը կը հասցնէր Ղարաբաղ՝ հոն կազմելով միաժամանակ Հ. Յ. Դ. առանձնակի գումարտակ, որ հիմնական դերակատարը պիտի հանդիսանար ռազմավարական կենսական նշանակութիւն ունեցող անառիկ Շուշիի ազատագրման, ինչ որ ամբողջովին պիտի յեղաշրջէր կռիւներուն ընթացքը՝ ի նպաստ հայերուս:
Մինչ այդ Հայաստան վերանկախացած էր եւ լծուած պետական տունը կարգի դնելու ջանքերուն: Ֆէտայական խումբերու առանցքին վրայ կը կազմուէր արի արանց հայկական բանակը:
Ե. Մտքի ու զէնքի աննման գործիչ Ռուբէն իր յուշերուն մէջ տեղ մը կ’ըսէ.- Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող հայուն հարցնէիր, թէ ո՞ւր է իր հայրենիքը, ան ցոյց կու տար Արեւելեան Հայաստանը եւ կ‘ըսէր «հոն է իմ հայրենքս»: Եւ՝ փոխադարձաբար:
Նոյնին մէկ տարբերակը պատահեցաւ Ղարաբաղեան պայքարի տարիներուն: Հայաստանը չտեսած ու չշնչած, օտարութեան մէջ ծնած-մեծցած լիբանանահայ, եգիպտահայ, սուրիահայ, ֆրանսահայ, ամերիկահայ, հեռաւոր աւստրալիահայ թէ յունահայ պատանին, երիտասարդն ու մեծահասակը հոգեկան անբացատրելի փարումով աղաղակեցին, որ Ղարաբաղն է իրենց հայրենիքը եւ ոգի ի բռին մասնակից դարձան այդ պայքարին՝ իրենց հնարաւոր միջոցներովը:
Անգամ մը եւս հաստատուեցաւ, որ այո’, հայրենիքը ճշդուած սահմաններ կ‘ունենայ, բայց հայրենասիրութիւնը սահման չունի: Հայենիքէն դուրս ապրող հայն ալ նոյնքան, կարգ մը պարագաներու թերեւս աւելի՝ հայրենասէր կրնայ ըլլալ, որքան հոն ապրողը:
Ի դէպ, փակագիծ մը բանալով յայտնեմ, որ մեր փոքր գաղութը՝ յունահայութիւնն ալ մեծապէս արժեւորեց ինքզինք եւ պատուաւոր իրագործումներով տուաւ վկայութիւնը ազգային իր պարտականութեան, հայրենասիրութեան: Շատ արագ ու հարեւանցի յիշենք, որ բացի սովետական դեսպանատան առջեւ կատարուած աշակերտական, պատանեկան ու երիտասարդական յաճախակի ցոյցերէն, Հ. Յ. Դ. երիտասարդականը լրատուական մնայուն կեդրոն մը հաստատած էր, տեղեկատուական պատերազմին մէջ ճիշդ ու իրաւ լուրերով լուսաբանելու համար Յունաստանի հանրութիւնն ու քաղաքական եւ ակադեմական շրջանակները: Սինտաղմայի փողոցներուն վրայ կը գտնուէին սովետական AEROFLOT օդանաւային ընկերութեան գրասենեակները: Հ. Յ. Դ. երիտասարդականի անդամներ խուժեցին այդ գրասենեակները եւ ժամերով գրաւուած պահեցին զանոնք: Այս արարքը իր տեսակին մէջ զգայացունց էր եւ իբրեւ այդպիսին ու առաջնային լուր՝ շուտով շրջան ըրաւ ամբողջ աշխարհի մէջ, քանի որ մինչ այդ երբեւիցէ չէր պատահած, կամ հազուադէպ էր, որ սովետ միութեան պատկանող գրասենեակ գրաւուի որեւէ հատուածի կողմէ, որեւէ տեղ: Բնական է, որ արարքին շարժառիթն էր, որ կը զբաղեցնէր հեռատեսիլի կայաններն ու լրատու ծառայութիւնները: Տարօրինակ. այդ արարքին վրայ սովետական միութեան դեսպանը, որուն դռները շատ դժուար կը բացուէին դիմողներուն առջեւ, ի’նք փնտռեց մեզ՝ այսինքն՝ Հ. Յ. Դ.ի պատասխանատուները, իր դռները լայն բացաւ մեր առջեւ, դեսպանատան պաշտօնական ընդունելութիւններուն հրաւիրելիներու ցանկին անցանք, քանիցս իր փափաքին վրայ տեսակցութիւններ կայացան՝ անշուշտ մեր կողմէ միշտ ի նպաստ Ղարաբաղին: Նոյնիսկ բարձրաստիճան պաշտօնակատար մը նշանակեց ՝ Հ. Յ. Դ.ին հետ անմիջական կապի համար: Այդ բոլորը, որպէս զի նման արարք չկրկնուի եւ սովետի կապուած խնդիր մաս մետիայի նիւթ չդառնայ:
Յունաստանի Դաշնակցութիւնը իր ուղեկից կազմակերպութիւններով դրամահաւաքներու ձեռնարկեց, որոնց շնորհիւ, բացի դեղօրայքի, սննդական եւ այլ առաքումներէ, կարելի եղաւ 2000 ձեռք զինուորական զգեստ (տաբատ, շապիկ, ժագէթ, վերարկու) եւ մետաղէ 1000 զինուորական սաղաւարտ ուղարկել հայկական նորակազմ ու արի բանակին:
Զ. 27 տարի առաջ, 1991ի Սեպտեմբեր 2ին, Արցախի խորհրդարանը միաձայնութեամբ հռչակեց Ղարաբաղի անկախութիւնը, շրջադարձ ընելով 1988ի նախկին որոշումէն, որով ամրագրած էր միացումը: Անկախութեան հռչակումը կը կատարուէր շրջանի մը, երբ Սովետը գրեթէ տապալած էր եւ Ատրպէյճանն ալ յայտարարած՝ իր անկախութիւնը, ինչպէս սովետին մաս կազմող միւս հանրապետութիւնները, որոնց բոլորն ալ ճանաչումի կ‘արժանանային միջազգային ընտանիքէն եւ կը դառնային Մ.Ա.Կ.ի անդամ: Կը կարծուէր այն ատեն, մինչեւ հիմա ալ կը կարծուի, թէ անկախութեան հռչակումը համահունչ է ազգերու ինքնորոշման միջազգային օրէնքին եւ պիտի նկատուի ընդունելի, մինչ միացումի պարագային Հայաստան պիտի մեղադրուի աշխարհէն, ատիկա համարելով յարձակապաշտ երկրի մը կողմէ զաւթում-գրաւում՝ այլ երկրի հողին:
Սակայն ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի դիմաց կան նաեւ միջազգային ծանրակշիռ համաձայնագրեր, որոնք կը վերաբերին գոյութիւն ունեցող սահմաններու անխախտելիութեան: Այսինքն, կ‘երաշխաւորեն երկիրներու ամբողջականութիւնը: Որով, անկախութեան հռչակումով Արցախի խնդիրը կը կաշկանդուէր, կ’աքցանուէր միջազգային այս օրէնքներուն միջեւ:
Է. Ղարաբաղի ազատագրական պատերազմին մէջ ամէնէն արիւնալին 1992 տարին էր: Մանաւանդ շատ դաժան եղաւ Ստեփանակերտին համար, որ անընդհատ կը ռմբակոծուէր բարձր դիրք ունեցող Շուշիէն ու շրջակայքէն: Ուրիշ ելք չկար, ամէն գնով պէտք էր ազատագրել Շուշին: Հիանալի խոյանքով, բայց տասնեակ ազատամարտիկներու կեանքին գնով Մայիս 9ին կ‘ազատագրուէր Շուշին եւ այնուհետեւ մեր յաղթական յառաջխաղացքը կը շարունակուէր ամէն ուղղութեամբ: Շուշիէն 10 օր վերջ տէր կը դառնայինք Լաչինին, որով Ղարաբաղը դուրս կու գար կղզիացումէ եւ կը միանար Հայաստանին:
Նոյն շաբաթներուն, կրած պարտութիւններէն ետք իր կորսնցուցած վարկը վերականգնելու համար, Ազրպէյճան զինուորական իր ամբողջ ուժով, հարիւրաւոր հրասայլերով ու օդուժով լայնածաւալ յարձակումով մը կը յաջողէր գրաւել Շահումեանը եւ Մարտակերտէն որոշ շրջաններ, ուրկէ պարպուած հայերով նոր գաղթականութիւն մը կ‘աւելնար՝ Ատրպէյճանէն եկածներուն վրայ:
Յամենայնդէպս, Ղարաբաղեան պատերազմի մագլցումին մէջ ամէնէն յատկանշական յաջողութիւնը Քելբաջարի ազատագրումը կազմեց ե’ւ ռազմական ե’ւ քաղաքական զոյգ իմաստներով: 1993Ապրիլի Քելբաջարի ազատագրումէն ետք հայկական ուժերը շարունակեցին յաղթական յառաջխաղացքը եւ ազատագրեցին ազերիներու յափշտակած հայկական միւս հողերն ալ:
Ատրպէյճան անդրադարձաւ, որ իր ընտրած զէնքի ուղին ի վնաս իրեն է:
Պարտաւորուեցաւ հոս-հոն դիմելու, որպէսզի պատերազմը դադրի, զինադադար կնքուի եւ խօսակցութեանց ձեռնարկուի, միաժամանակ ընդունելով, որ կայանալիք բանակցութեանց հաւասարապէս մասնակից դառնայ նաեւ Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը, որուն հետ, մինչ այդ բացարձակ մերժած էր որեւէ հանդիպում: Զինադադարը կայացաւ 1994ի Մայիս 5ին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղեան բանակի հրամանատարի ստորագրութիւններովը:
Փակագիծ մը. այն ատենէն հարցական կը մնայ, թէ ինչո՞ւ հայկական կողմը զինադադար փնտռող-խնդրող Ատրպէյճանին պայման չդրաւ, որ զինադարարի դիմաց ան պէտք էր ճանչնար Արցախի անկախութիւնը կամ անոր Հայաստանին միացումը ընդունէր: Յաղթական կողմի մը համար բնական պայման պիտի նկատուէր ասիկա, նոյնիսկ եթէ այդ պայմանը պիտի դրուէր պարզապէս պարտուող թշնամիին ցուցաբերելիք հակազդեցութիւնը գիտնալու համար:
Ղարաբաղի խնդիրը քանի մը անգամ օրակարգի հարց դարձաւ Մ.Ա.Կ.ի մէջ, որ իր կարգին անոր կարգաւորումը վստահեցաւ Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Գործակցութեան Կազմակերպութիւն կոչուող կառոյցին: Մինչեւ հիմա բանակցութիւնները կ’ընթանան այդ կառոյցի շրջանակին մէջ:
Ը. Եզրակացութիւն.
1. Ղարաբաղի ազատագրական պատերազմը չէ աւարտած, այլ պարզապէս զինադադար կնքուած է, որպէսզի Ե.Ա.Հ.Կ. կոչուող կառոյցի շրջանակին մէջ ու անոր միջնորդութեամբ բանակցութիւններ ընթանան եւ երեք կողմերէն (Ղարաբաղ, Հայաստան, Ատրպէյճան) ընդունելի լուծումի մը յանգին:
2. Մինչեւ հիմա, 22 տարիէ ի վեր այդ միջավայրին մէջ յառաջ տարուած բանակցութիւնները ցոյց կու տան, որ միջնորդ պետութեանց ներկայացուցիչները հարցին կը նային իրենց պետական շահերու դիտանկիւնէն եւ ոչ՝ արդարադատութեամբ: Անոնք շահագրգռուած են Ատրպէյճանի եւ Միջին Ասիոյ նաւթահորերու ներկայացուցած կարեւորութեամբ եւ նաւթատար խողովակներու համար ապահով ուղիներու փնտռտուքով: Կարճ՝ անոնց հետապնդած նպատակը Անդրկովկաս թափանցել է: Անմիջապէս աւելցնենք, որ այդ տարածքի աշխարհաքաղաքական գլխաւոր շահագրգիռն ու դերակատար պետութիւնը ինչպէս երէկ, նաե’ւ այսօր կը հանդիսանայ Ռուսիան, որ երբեք պիտի չթողու, որ իր գերակայութիւնը կորսնցնէ այդ շրջանին մէջ: Այս տուեալները նկատի առնելով, հայ քաղաքական ղեկավարութեան ուսերուն կը ծանրանայ ըլլալու շրջահայեաց, ունենալու արցախեան ուրոյն վարքագիծ, մշակելու ռազմավարական յստակ ուղի, որպէսզի պատերազմի ճակատներուն վրայ շահուածը չկորսուի դիւանագիտական խաղերու հետեւանքով:
Ինչպէս որ պատերազմի ճակատներուն վրայ յոգնողը կը պարտուի, նոյնպէս դիւանագիտական սեղաններուն շուրջ երկար տեւող խաղերուն չդիմացողը կը կորսնցնէ խաղը: Միչեւ հիմա (24 տարի) մենք ցոյց տուինք, որ կը տոկանք այդ խաղերուն, իսկ ազերիին յոգնութեան նշանները ակներեւ են:
3. Ազգային անտեղիտալի վճռականութեամբ, հայկական բանակի խոյանքներով եւ բազմահազար հերոս ազատամարտիկներու կեանքին գնով ազատագրուեցան Ղարաբաղն ու ազերիներու կողմէ մեզմէ յափշտակուած այլ հողատարածքներ:
Կասկած չկայ, որ ազգերը կ‘ապրին իրենց հերոսներով՝ մտքի եւ զէնքի:
Կ’արժէ ընդգծել սակայն, որ հերոսական յաղթանակները լիցք ու բովանդակութիւն կը ստանան, լիարժէք կը դառնան այն պարագային, որ անոնք կը պսակուին նաեւ քաղաքական-դիւանագիտական յաղթանակով: Այլապէս, որոշ ատեն մեզի հպարտութիւն շնորհելէ ետք, ժամանակին հետ կը գունատին ու կը դառնան աղուոր յուշ:
Մեր յաղթանակը ամբողջական ու լիակատար ըլլալու համար անհրաժեշտ է, որ արդէն իսկ իրողապէս (de facto) կայացած Արցախի պետութիւնը նաե’ւ իրաւապէս (տը ժիւրի) ճանաչում ստանայ միջազգային ընտանիքէն, եւ կամ իրագործուի միացումը՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած Հայաստանին:
Պիտի կարենա՞նք մէկ կամ միւս տարբերակով ունենալ ամբողջական յաղթանակի պսակը:
Անպայմա’ն:
Եռաբլուրը վկայ: