Արդէն 10 տարիներ անցան յունահայ հանրածանօթ երգչուհի եւ օփերայի համբաւաւոր արուեստագիտուհի Արտա Մանտիկեանի մահէն։
Մեծ երգչուհիին աստղը փայլեցաւ 50ական թուականներուն եւ ան վայելեց մեծ յաջողութիւններ օփերայի աշխարհին մէջ։ Երկար տարիներ, ան եղաւ Աթէնքի համերգասրահի վարչութեան անդամ եւ անոր նախագահ Խրիսթոս Լամպրաքիսի հետ ունեցաւ փայլուն գործունէութիւն՝ Աթէնքի համերգասրահը միջազգային ճանաչողութիւն ստանալու աշխատանքին մէջ։ Միաժամանակ, ան «Մարիա Քալլաս կրթաթոշակներ»ու հաստատութեան նախագահն էր։
Իր մահուան 10րդ տարելիցին առիթով, Աթէնքի համերգասրահի բարեկամներու միութիւնը եւ «Մարիա Քալլասի կրթաթոշակներ»ու հաստատութիւնը կը կազմակերպեն երաժշտական երեկոյ, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի՝ 27 Փետրուար 2020, երեկոյեան ժամը 7ին, ուր պիտի ներկայացուին մեծ երգչուհիին կեանքն ու գործը, ապա պիտի յաջորդէ գեղարուեստական յայտագիր յոյն ծանօթ յօրինողներու մշակումներու ներկայացումով։
Նոյն ատեն, պիտի գուցադրուին Արտա Մանտիկեանի լուսանկարները եւ անձնական իրերը՝ համերգասրահի թանգարանին մէջ պահուած արխիւէն։