Ար­տա­սո­վոր կեան­քեր
­Յու­նա­հա­յե­րու վկա­յու­թիւն­ներ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան,
նա­ցիա­կան
բռնու­թիւն­նե­րու եւ վե­րապ­րու­մի
մա­սին ցու­ցա­հան­դէս՝ Ա­թէն­քի մէջ

 

­Պեր­լի­նի մէջ գոր­ծող «­Յու­շա­շա­տեան» միու­թեան եւ յու­նա­լէ­զու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի գոր­ծակ­ցու­թեամբ, 22 ­Փետ­րո­ւա­րէն մին­չեւ 14 ­Մարտ 2023, Ա­թէն­քի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­տուկ ցու­ցա­հան­դէս մը, որ կապ ու­նի 20-րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին կի­սուն ճա­շա­կած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու նա­ցիա­կան բռնու­թիւն­նե­րուն վե­րապ­րող­նե­րու յու­շե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րուն հետ։ ­Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւի Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան «­Մե­լի­նա ­Մեր­քու­րի» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նէն ներս (Ηρακλειδών 66, Θησείο, Αθήνα)։ ­Հո­վա­նա­ւորն է EVZ («­Յի­շո­ղու­թիւն, պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն եւ ա­պա­գայ») հիմ­նար­կու­թիւ­նը։
Ե­լոյ­թին ա­ռի­թով լոյս տե­սած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կը ներ­կա­յա­ցո­ւին ցու­ցա­հան­դէ­սի նպա­տակն ու բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։ ­Հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշո­ւած է.-

«Այս ցու­ցա­հան­դէ­սին մէջ պի­տի գտնէք յու­նա­հայ ըն­տաիք­նե­րու պատ­մու­թիւն­ներ։ Ա­նոնք ծայր կ­՚առ­նեն երբ այս ըն­տա­նիք­նե­րը տա­կա­ւին կ­՚ապ­րէին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան մաս կազ­մող ի­րենց հայ­րե­նի քա­ղաք­նե­րուն եւ գիւ­ղե­րուն մէջ։ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րը հե­տա­գա­յին գաղ­թա­կա­նի կար­գա­վի­ճա­կով կը հաս­տա­տո­ւին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։
­Ցու­ցա­հան­դէ­սը կը մի­տի վե­րա­կանգ­նել յի­շո­ղու­թիւ­նը բազ­մա­հա­զար այս հա­յե­րուն, ո­րոնք զան­գուա­ծա­յին բռնու­թեան պայ­ման­նե­րու տակ գաղ­թե­ցին Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն եւ հա­սան ­Յու­նաս­տան։ ­Հոս՝ հիւ­րըն­կալ այս երկ­րին մէջ, հա­կա­ռակ մի­ջա­վայ­րի բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, փոր­ձե­ցին ա­մե­նայն վճռա­կա­նու­թեամբ նոր կեանք մը սկսիլ եւ յա­ջո­ղիլ։
­Յու­նաս­տան հա­սած այս  ըն­տա­նիք­նե­րէն շա­տեր հե­տա­գա­յին կը տես­նեն ու կ­՚ապ­րին նա­ցիա­կան բռնու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րը, երբ 1941-էն 1944 ­Յու­նաս­տա­նը կը գրա­ւո­ւի գեր­մա­նա­կան բա­նակ­նե­րուն կող­մէ։ Այս­պէս, հա­զա­րա­ւոր յու­նա­հա­յեր՝ դի­մադրու­թեան ան­դամ կամ ոչ, կը ձեր­բա­կա­լո­ւին, իր­բեւ պա­տիժ շա­տե­րու տու­նե­րը կը հրկի­զո­ւին եւ կը քան­դո­ւին, մեծ թի­ւով յու­նա­հա­յեր կը տա­րո­ւին ­Գեր­մա­նիա, ուր կ­՚ար­գե­լա­փա­կո­ւին կեդ­րո­նաց­ման ճամ­բար­նե­րու մէջ, իսկ ու­րիշ­ներ կը դառ­նան բռնի աշ­խա­տա­ւոր։
­Ցու­ցա­հան­դէ­սը կը մի­տի մե­ծա­րել նաեւ բո­լոր յայտ­նի կամ ա­նա­նուն ան­ձե­րը, ո­րոնք Բ. ­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն յանդգ­նու­թիւ­նը ու­նե­ցան դի­մադ­րե­լու նա­ցիա­կան գրա­ւեալ վար­չա­կար­գին ամ­բող­ջա­տի­րա­կան ձգտում­նե­րուն, եր­բեմն ի­րենց կեան­քին գնով մարտն­չե­ցան ա­նոր դէմ՝ յա­նուն ի­րենց, ի­րենց ըն­տա­նի­քին, հա­մայն­քին, հիւ­րըն­կա­լող երկ­րին եւ մարդ­կու­թեան ա­զա­տու­թեան։ Ու­րիշ­ներ թէեւ այս կե­նաց­մա­հու պայ­քա­րին մէջ ուղ­ղա­կի չմտան, բայց դար­ձեալ զո­հե­րը ե­ղան նա­ցիա­կան վայ­րա­գու­թիւն­նե­րուն, չար­չա­րո­ւե­ցան, սպան­նո­ւե­ցան կամ բռնի աշ­խա­տան­քի ղրկո­ւե­ցան։ ­Հե­տա­գայ տաս­նա­մեակ­նե­րուն բո­լոր այս ան­ձե­րուն յի­շա­տա­կը ար­ժա­նի ձե­ւով չյի­շա­տա­կո­ւե­ցաւ. պայ­ման­նե­րը այն­պէս պար­տադ­րե­ցին որ ա­նոնք հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թիւն­նե­րու մէջ տեղ չու­նե­նան, եր­կար ա­տեն մնան ան­յի­շա­տակ եւ ան­ձայն։ Ա­հա­ւա­սիկ ժա­մա­նակն է ար­ժա­նին շնոր­հե­լու ա­նոնց»։