Չորեքշաբթի, 22 Փետրուար 2023-ի երեկոյեան, Աթէնքի քաղաքապետական «Մելինա Մերքուրի» մշակութային կեդրոնի ցուցասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ցուցահանդէսի մը բացումը, նիւթ ունենալով՝ «Արտասովոր կեանքեր.
յունահայերու վկայութիւններ Ցեղասպանութեան, նացիական բռնութիւններու եւ վերապրումի մասին»։ Ելոյթի համակազմակերպիչներն էին Պերլինի մէջ գործող «Յուշամատեան» հիմնարկը եւ յունալեզու «Արմենիքա» պարբերաթերթը, իսկ հովանաւորն էր գերմանական EVZ («Յիշողութիւն, պատասխանատուութիւն եւ ապագայ») հիմնարկութիւնը։
Ցուցահանդէսի նպատակն էր լուսարձակի տակ բերել տարագրեալ հայ ընտանիքներու պատմութիւնը, որոնց գոյութեան թելը կը սկսի Օսմանեան կայսրութեան օրերէն, կը հասնի Յունաստան՝ Փոքր Ասիոյ աղէտի արհաւիրքէն ետք, իսկ կարգ մը ընտանիքներու ոդիսականը կը շարունակուի նոյնիսկ Բ. Համաշխարհային պատերազմին, նացիական Գերմանիոյ կողմէ Յունաստանի գրաւումով եւ մեծ թիւով բռնի տեղահանումներով դէպը գերմանական ճամբարները։
Բազմաթիւ ներկաներու կողքին, ելոյթին մասնակից եղան Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Յովսէփ Ծ.վրդ. Պէզազեան, հայ աւետարանական համայնքի հովիւ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան, Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի հոգեւոր հովիւներ Տ. Պարէտ եւ Տ. Նարեկ քահանայ հայրերը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Յունական ներկայութիւններէն նշելի էր մասնակցութիւնը երեսփոխաններ Խրիսթոս Սփիրծիսի, Թոնիա Անտոնիուի եւ Իոաննիս Պալաֆասի, հայ-յունական բարեկամութեան միութեան կողմէ Անտոնիս Փաւլիտիսի եւ յոյն-ասորական միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարասի։
Բացումը կատարեց Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան, որ շեշտեց ելոյթի նպատակը, ապա կատարեց հակիրճ պատմականը հայութեան այն զանգուածներուն, որոնք Փոքր Ասիոյ աղէտին պատճառով կարողացան մազապուրծ հասնիլ Յունաստանի հիւրընկալ ափերը, եւ հազիւ իրենց կեանքը վերագտնելու հունին մէջ փորձեցին ապրիլ, վրայ հասաւ համաշխարհային պատերազմը, պատճառ դառնալով շատերու նոր տեղահանութիւններու եւ ողբերգութիւններու։ Օրուան հանդիսավարը ներկայացուց կազմակերպիչ կառոյցներու ամփոփ պատկերը, նշելով, թէ հաւաքուած լուսանկարներու եւ փաստաթուղթերու արխիւը պատմական նշանակութիւն ունեցող հարուստ շտեմարան մըն է, որ այս առիթով կը ներկայացուի հանրութեան։
Յաջորդաբար, բեմ հրաւիրուեցաւ «Յուշամատեան»-ի գլխաւոր պատասխանատու Վահէ Թաշճեան, որ հայերէն իր խօսքը ուղելով ներկաներուն բացատրեց ցուցահանդէսի կազմակերպման դրդապատճառները։ Ան մասնաւորապէս նշեց հետեւեալները։
«Սփիւռքահայերու հաւաքական յիշողութեան մէջ կարեւորագոյն դէպք է Ցեղասպանութիւնը։ Ծագումնային աղէտն է անիկա, հիմնական իրադարձութիւնը, որմէ ետք յառաջ եկած է նոր Սփիւռքը աշխարհի տարածքին։ Ուրեմն 1915-ը այս իմաստով յաճախ պարզեցուած ձեւով կը ներկայացուի իբրեւ վերջը պատմութեան մը, որ հայերուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրենց հայրենի քաղաքներուն եւ գիւղերուն կեանքն էր, եւ սկիզբը նորի մը՝ որ Սփիւռքն էր։
Յունաստանի հայերուն պարագային, պատկերը ճիշդ այս ձեւով չի ներկայացուիր։ Կ՚ենթադրեմ որ յունական պատմագրութեան եւ յունական հաւաքական յիշողութեան ազդեցութեան տակ, 1922 թուականը իր որոշիչ տեղը ունի նաեւ յունահայերու յիշողութեան մէջ։
Այս տպաւորութիւնը անձամբ ունեցայ, երբ 3 տարի առաջ Յունաստանի մէջ մեր կազմակերպութիւնը՝ Յուշամատեանը, իր առաջին աշխատանոցը կազմակերպեց յունահայ ընտանիքներու պատմութիւններ գրի առնելու՝ Օսմանեան կայսրութենէն մինչեւ իրենց Յունաստան ժամանումը։
Նոյն այս աշխատանոցներուն ժամանակ էր, որ անձնապէս առաջին անգամ ըլլալով դէմ յանդիման եկայ ուրիշ պատմութեան մը, որուն մինչեւ այդ բոլորովին անծանօթ էի. այս մէկը Բ. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին՝ Յունաստանի մէջ նացի գերմանական գրաւման տարիներուն հայերուն ապրած զանազան ողբերգական եւ հերոսական դրուագներն էին։
Սով, կամայական ձերբակալութիւններ, գնդակահարում, իրբեւ բռնի աշխատաւոր Գերմանիա տեղահանութիւն, ամբողջ թաղամասերու հրկիզում, փարթիզանական կռիւներու մասնակցութիւն եւ շատ ուրիշ բաներ։
Ահաւասիկ յունահայ պատմութեան չափազանց հետաքրքրական այս էջը կը բացուէր ընտանեկան պատմութիւններու ընդմէջէն։ Պէտք էր բան մը ընել, պէտք էր այս նիւթը հասարակութեան մատչելի դարձնել։ Ասոնք յունահայերու անհատական եւ հաւաքական դրուագներ են, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր արժանի ձեւով չէին յիշատակուած։ Պայմանները այնպէս պարտադրած էին, որ անոնք հաւաքական յիշողութիւններու մէջ տեղ չունենային, մնացեր էին անյիշատակ»։
Յարգելի խօսողը անդրադարձ կատարեց գերմանական EVZ հիմնարկին, որու աջակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել այս կարեւոր ցուցադրութիւնը։ Վահէ Թաշճեանի խօսքը ամբողջութեամբ յունարէնի թարգմանուեցաւ եւ միաժամանակ ներկայացուցեցաւ Արաքսի Աբէլեանին կողմէ։
Վերջին խօսողը եղաւ EVZ հիմնարկի ներկայացուցիչ Մակտալենա Լովրիչ, որ արտայատուեցաւ գերմաներէնով, իսկ իր խօսքը տեղւոյն վրայ յունարէն ներկայացուեցաւ Վիքի Խաչատուրեանին կողմէ։ Խօսողը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայկական նիւթով կազմակերպուած ցուցահանդէսին մասին եւ ընդգծեց, թէ հիմնարկին նպատակն է վառ պահել յիշողութիւնը նացիական բռնութիւններուն հանդէպ, ապագային եւս կանխելու համար մարդկութեան դէմ ոճիրները։
Յայտագիրի վերջին մասը կը պարունակէր գեղարուեստական յայտագիր մը, մասնակցութեամբ «Հայկական աւանդական նուագախումբ»-ին։ Խումբի պատասխանատուութիւնը եւ երգերու դաշնաւորումը կատարուեցաւ ծանօթ եւ տաղանդաւոր երաժիշտ Միհրան Չալըքեանին կողմէ։ Մասնակցեցան Վահան Գալստեան՝ տուտուք, Ադամ Չալըքեան՝ քլարինեթ, Լեւթերիս Խաւուծաս՝ կիթառ, Եորղոս Վենթուրիս՝ թաւջութակ, Ռոզինա Մարտիրոսեան՝ սանթուր, Թալիա Թոմոփուլու՝ քանոն եւ Խրիսթոս Պինիարիս՝ երգ։
Նուգագախումբը յուզիչ կատարողութեամբ ներկայացուց Կոմիտասի «Չինար ես» երգը, Առնօ Պապաճանեանի եւ Սայեաթ Նովայի իրար միահուսուած երկու կտորներու ամբողջութիւնը, «Ամունը տարան» Տիգրանակէրտի աւանդական երգը, ինչպէս նաեւ Զմիւռնայէն մնացած երկու աւանդական յունական երգեր։
Ներկաները իրենց խանդավառ ծափահարութիւններով գնահատեցին նուագախումբի ներկայացումը, որ իր յուցիչ բովանդակութեամբ եւ գեղեցիկ կատարողութեամբ ստեղծեց խորհրդաւոր մթնոլորտ մը սրահէն ներս։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 14 Մարտ, հանրութեան ներկայացնելով «Արտասովոր կեանքեր»-ու շուքին տակ մնացած պատմութիւններ, որոնք հայ ժողովուրդի ոդիսականին մէկ մասնիկը կը հանդիսանան 20-րդ դարու ճակատագրական տարիներուն։
ԹՂԹԱԿԻՑ