Աշնան պայծառ օր մը, զարմիկներս ու ես ուղղուեցանք դէպի Շրմըն՝ Գոնէքդիգըթ, Կորքիի գերեզմանը այցելելու: Երկար ճանբորդութիւնը հետաքրքրական դարձաւ մեր խօսակցութիւններով, գիւղական ճամբաներուն վրայ: Շրմընի մէջ, Կորքին յիշեցնող որեւէ նմոյշ չգտանք: Կորքիի անունը եւս չէր օգտագործուած: Ըստ բացատրութեան՝ գտանք միակ խանութը, ուրկէ ծաղկեփունջ մը գնեցինք: Մէթոտիստ եկեղեցւոյ և Հիւսիսային գերեզմանի աշխատուհին ամօթով ըսաւ, թէ չէր գիտեր գերեզմանաքարի վայրը ու յաճախ ստիպուած էր ամուսնոյն խմդրել՝ գերեզմանի յատակագիծը իրեն տալ, բայց ան չէր իրականացուցած այդ փափաքը:
Փնտռեցինք Կրանդ անունով գերեզմանաքարը, որու շարքին, բլուրի վրայ, պիտի գտնուէր Կորքիի տապանաքարը: Զարմիկս շուտով գտաւ, մինչ մենք կը կարդայինք հարիւր տարի առաջուան մեռեալներու անուններ: Այս փոքրիկ Շրմընին հին գերեզմանատունն էր, թիւ 10 պողոտային վրայ: Շրմըն գիւղը հիմնուած էր 19րդ դարու սկիզբը:
Ըստ իմ ստացած բացատրութեան՝ Կորքիի ընտանիքը մեծ հատուած մը գներ էր գերեզմանատունէն, ընտանիքին համար, այնպէս որ, Կորքիի գերեզմանաքարը ժամանակին կանգնած էր միայնակ: Սակայն տեսայ, որ արդէն գերեզմանը խճողուած էր եւ Կորքի մինակ չէր:
Իմացայ, որ դժուար եղած է Կորքին — որ անձնասպան եղած էր -, թաղել՝ Մէթոտիստ եկեղեցին մերժած էր թաղման արարողութիւն կատարել, բայց վերջապէս՝ թոյլ տուած էր թաղելու, առանց արարողութիւն կատարելու: Կորքի միայն երեք տարի ապրած էր Շրմընի մէջ եւ մեռած հոն: Ան վարձով առած էր ՙապակիէ տունը եւ փափաքած էր հաստատուիլ Շրմընի մէջ մինչեւ դժբախտութիւններու պատահիլը:
Շրմընը հանդարտ գիւղ մըն էր, արուեստագէտներու ընտրանին. մեծ քաղաքներէ հեռու:
Կենսագրութիւնը
Ոստանիկ Ատոյեան (Մանուկ) ծնած է 1902-1904, Վանի մօտ գտնուող Խորխոմ գիւղը, Վանայ լճի ափին՝ ըլլալով ծնողներու Բ. ամուսնութեան երկրորդ զաւակը: Հայրը՝ Սեդրակ, երեսունի վերջերուն, ագարակապան և ձեռներէց մարդ էր, ամուրի էր, մէկ զաւակով: Մայրը՝ Շուշանը, տասնըվեց տարեկան, նոյնպէս ամուրի էր, ամուսինը կորսնցուցած էր 1896ի ջարդերուն եւ երկու զաւակները որբանոց յանձնած, որպէսզի կարենար ամուսնանալ: Ամուսնութիւնը սիրոյ վրայ չէր հիմնուած, այլ՝ յարմարութեան: Հայրը 1908ին կը մեկնի Ամերիկա՝ խուսափելով թրքական զօրակոչէն, նկատի ունենալով, որ թուրքերը հայերուն առաջնագծի վրայ կը ղրկէին՝ ուրիշ հայերու սպաննելու համար: 1915ին, Շուշան իր երկու զաւակներով կը հեռանայ Խորխոմէն, կ՛անցնի Կովկասեան Հայաստան:
Երեւանի մէջ, մայրը 1919ին սովամահ կ՛ըլլայ, հակառակ որ Ոստանիկն ու քոյրը՝ Վարդուշը ամէն օր կ՛աշխատին, որպէսզի մամայի համար ուտելիք ճարեն: Մինչ Շուշանը կը պահէ ուտելիքը զաւակներուն համար… Օր մը, երբ Շուշան Ոստանիկի միջոցով նամակ կը յուշէր ամուսնոյն, տկար ու հիւանդկոտ, Ոստանիկի թեւերուն մէջ հոգին կ՛աւանդէ, գլուխը թող տալով Ոստանիկի ուսին վրայ: Շուշանին կը թաղեն այդ օրուան մեռեալներու հետ, հասարակաց գերեզմանի մը մէջ: Վարդուշն ու Ոստանիկը ազգականներու եւ այլ հայերու օգնութեամբ կը հասնին Պոլիս, Աթէնք եւ վերջապէս՝1920ին, պատանի Ոստանիկն ու քոյրը կը հասնին Ուոթրթաուըն՝ Պոսթըն (Ամերիկա), ուր կ՛ապրէին հայրն ու խորթ եղբայրը: Հանդիպումը դրական չ՛ըլլար:
1926-45ին, Ոստանիկ կը նկարէ մօրն ու իր նկարը՝ հիմնուելով 1912ի պատկերի մը վրայ: Այս նկարը հանդիսացաւ իր ստորագրութիւնը եւ թերեւս ամէնէն ճանչցուածը:
Ոստանիկ ինքզինք կը նորոգէ, անունը կը փոխէ Արշիլ Կորքիի, նոյնիսկ լուր կը տարածէ, որ ռուս գրող Մաքսիմ Կորքիի ազգականն է, թէ՝ ինք ռուս է: Անշուշտ այս լուրը սխալ էր, Մաքսիմ Կորքի գրչանուն էր: Կարծիք կայ, որ այլ իմաստներ ալ ունեցած է Կորքի կեղծանունը. Օրինակ՝ Արչի Կան, Արշէլ Կորքի — Այշարելի իմաստը՝ սեւ հոգի էր. Կորքի ըսած է, որ մայրը զինք «սեւը, որը լաւ վերջաւորութիւն պիտի չունենայ» անուանած է: Նաեւ՝ տեսակէտ մը կայ, որ Խորխոմի հին քարտէսներու անուանումը ըլլալով Կօք, Կորքի իր կեղծանունին վերագրած է «Խորխոմի անիծեալը» մակդիրը:
Մէկ բան կը կրկնուի, որ Կորքի տեղին համեմատ կը խօսէր եւ պատմութիւններ կը յօրինէր, օրինակ՝ իր ծննդեան թուականը կը կարծուի, որ ճիշտ չէ: Բարեկամ մը կը գրէ, թէ Կորքին աւելի տարիքոտ կը թուէր ըլլալ, քան կ՛ըսէր: Ան ծնած էր 1902-1904ի շուրջերուն: Իր երեխաներու դայեակը կը յիշէ զինքը որպէս շատ գեղեցիկ մարդ մը, թուխ եւ տռամաթիք՝ միշտ կրելով սեւ qէյբը եւ խիտ պէխերը: Ան գեղեցիկ կերպար մըն էր նաեւ Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ՝ իր բարձր հասակով, վերարկուի փէշերը օդին տուած, երբ կը քալէր:
Հակառակ իր աղքատութեան՝ Կորքի կը յաջողի մասնագիտանալ նկարչութեան մէջ, թէ՛ դասընթացքներու հետեւելով եւ թէ ինքնաշխատութեամբ: Յայտնի ամերիկացի նկարիչ, Կորքիի աշակերտ Վիլհելմ տը Գունինկ գրած է, որ Կորքի դիտելու, տեսնելու յատուկ կարողութիւն ունէր, ինչ որ տը Գունինկ չէր կրցած ձեռք ձգել դասընթացներու միջոցաւ իսկ:
Կորքիի աշխատակիցներն ու բարեկամները շատ կը սիրէին զինք, կը հետեւէին իր ուղիին: Կորքի, որ տարիներով հետեւեցաւ մեծ նկարիչներուն, ինչպէս Փիքասօ եւ Սեզան, մահուան նախորդ տարիներուն կերտեց ի՛ր իւրայատուկ ոճը ու հանդիսացաւ ամերիկեան Վերացական Խորհրդապաշտութեան հիմնադիրը:
Կորքի իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Նիւ Եորքի Իւնիոն Սքուէրթաղի աշխատանոցին մէջ. 1925ին, Պոսթընի ընկերոջը կ՛ըսէ՝ «կ՛երթամ Նիւ Եորք դասաւանդելու. կամ՝ մեծ արուեստագէտ մը պիտի դառնամ, կամ՝ յանցագործ մը»: Մօտէն բարեկամացաւ արուեստը գնահատող, շատ արուեստագէտներու յանձնակատար (էյճընդ), Ժուլիէն Լեւիի հետ: Արուեստի ուսանողի մը հետ անյաջող ամուսնութենէն ետք, տը Գունինկ 1940ին Ոստանիկին կը ծանօթացնէ ապագայ տիկնոջը՝ արուեստ ուսանող, 18ամեայ Ակնէս Մակրուտըրի հետ, աղջիկը՝ բարձրաստիճան նաւային սպայի մը. որուն Կորքի փաղաքշանքով պիտի անուանէր «Մուկուչ»՝ ընկերներուն ըսելով, թէ Մուկուչի իմաստն է՝ «Իմ Հզօր Փոքրիկս»*։
Զոյգերը կ՛ամուսնանան Վիրճինիա քաղաքի մէջ (Նէվատա) 1940ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ շրջան մը կենակցելէ յետոյ: Կը հաստատուին Նիւ Եորք: Մուկուչ Կորքիին կը պարգեւէ երկու աղջնակներ՝ Մարօ և Նադաշա:
Մուկուչն ու աղջիկները յաճախ ամառները կ՛անցընեն Մուկուչի մօր մօտ, Վիրճինիայի մէջ, կամ՝ Պոսթըն: Ընտանիքը մի քանի անգամ կը փոխադրուի եւ վերջապէս կը բնակի Հէպէլնի «ապակիէ» վերանորոգուած տան մէջ, Շրմըն, ուր նախորդ տարին Կորքիի այդ տան աշխատանոցին մէջ կրակ բռնկած էր ու Կորքիի վերջի երեք տարիներու նկարները այրած: Շրմընի մօտ կը բնակէին Կորքիի բարեկամները, ինչպէս Ճուլիէն Լեւին:
Ան յաճախ աշակերտներուն կը խրախուսէր, որ նկարչութիւն մը գեղարուեստական պէտք է ըլլայ՝ լաւ ըլլալու համար, բայց թէ՝ նկարչութիւնը անկախ պէտք է ըլլայ անձէն:
Կորքիի սկզբնական գործերը եւրոպական արուեստի ոճերը կ՛ընդգրկէին, որ ըսել կուտար ոմանց, թէ Կորքիի արուեստը իւրայատուկ չէր: Այդ օրերուն, Փարիզը արուեստի աշխարհի սիրտն էր: Կորքի հիացած էր Փիքասոյով ու Սեզանով՝ զանոնք սերտելով կը սորվէր: Փարիզէն վերադարձին կը յայտարարէր, որ ուսանած է Փարիզի մէջ: Օր մը, երբ քննադատ մը նկատողութիւն կ՛ընէ, որ ներկի գետակ մը կը կաթէր Կորքիի նկարչութենէն, Կորքի կը պատասխանէ, «Երբ Փիքասօ կը կաթի, ես ալ կը կաթիմ»…
Ըստ արուեստի քննադատներու՝ Կորքի իր «արուեստի ոճը, ձայնը» գտաւ մահուընէ քիչ առաջ, երբ չհասցուց շատ կտաւներ արտադրելու: Նիւ Եորքի իր Եունիըն Սքուերի աշխատանոցը հանդիպման վայր եղած էր դեռ անծանօթ արուեստագէտներու համար: Անոնք խոր յարգանք ունէին Եւրոպական Ավանկարդի (յառաջապահ) նկատմամբ, որու մանաւա՛նդ Փարիզի դպրոցին պաշտողն էր Կորքի:
Ան հաճելի բնաւորութիւն ունէր, ուրախ, գեղեցիկ երիտասարդ էր, գրաւիչ: Ուոլ Սդրիդ Ճըրնըլի լրագրող մը կը նկարագրէր Կորքին՝ որպէս «Կարօտի բանաստեղծ» ու կ՛աւելցնէր.- «Քիչ արուեստագէտներ այնքան արժեւորուած էին իրենց աշխատակիցներուն կողմէ, որքան Կորքին էր»:
Լրագրողներէն ոմանք իր իւրայատուկ տաղանդը կը վերագրէին իր տխուր անցեալի փորձառութիւններուն: Սակայն, բացի Կորքիի մօր հետ նկարէն, եւ մի քանի խորհրդանշաններէ, Կորքի չէր արտայայտած իր Հայկականութիւնը՝ նո՜ր անձ մը ստեղծած էր Նոր Աշխարհին մէջ:
Ըստ մէկ այլ լրագրողի՝ Կորքի արուեստի աշխարհ եկած էր փոխարինելու այն ընտանիքը, զոր կորսնցուցած էր Հայաստանի մէջ:
Սոլոմոն անունով արուեստի մէկ այլ լրագրող կը նկատէ, որ Կորքիի գործերուն մէջ յայտնի են իր հայկական անցեալէն խորհրդանշաններ -մաշիկ մը, ծառ մը, արօր, գոգնոց մը: Օրինակ՝ իր «Լեարդը աքլորին սանտրն է» (1944) մեծ աշխատութիւնը պարտէզ մըն է՝ ծածկուած կարմիր մարմնի կտորներով: Կարեւոր աշխատութիւններէն է Նիւորքի օդակայանի պատի նկարը, որ վաթսունականներուն ի յայտ եկաւ ու փրկուեցաւ:
Փոքր տարիքին, Խորխոմի ուսուցիչը նկատեր էր Ոստանիկի տաղանդը՝ անոր նկարելու մե՜ծ սէրը.- «…Քաուչուկի գործարան մը աշխատած ժամանակ, երբ միայն կ՛ուզէր նկարել եւ դպրոցի համբերութիւն չունէր, գործարանին մէջ ժամանակին մեծ մասը կ՛անցնէր կտուրի սեւ թուղթին վրայ նկարելով: Եւ հակառակ որ աշխատակից մը կը ծածկէր Ոստանիկի բացակայութիւնը, գործարանատէրը շուտով հասկցաւ եւ գործէն արձակեց երիտասարդ նկարիչին: Ան Նոր Անգլիոյ (Նիւ Ինկլանտ նահանգ) մէջ տարբեր վայրեր բնակեցաւ, նկարեց: Կարճ ժամանակ մը գծագրութեան դասեր առաւ Փրավիտենսի Տեխնիկական Դպրոցին մէջ: Ան նաեւ պատմութիւն յօրինեց, որ էնժինիրինկ ուսաներ էր Պրաուըն համալսարանին մէջ:
Այդ ժամանակ էր, որ անունը փոխեց՝ զանազանուելու համար իր անտարբեր հօրմէ ու խորթ եղբօրմէ: Մինչեւ 1930 ներկայացաւ որպէս Արչի Կան, յետոյ՝ Արշիլ Կորքի:
1945ին մի քանի դժբախտութիւններ պատահեցան: Իր Շրմընի աշխատանոցը հրոյ ճարակ եղաւ ու Կորքի կորսնցուց վերջին երեք տարիներու իր ստեղծած նկարները: Քիչ անց, քոլոնի ծանր վիրահատութեան ենթարկուեցաւ, որ իր կեանքն ու տիկնոջ հետ յարաբերութիւնը փոխեց: Մի քանի տարի ետք, երբ կինը սպառնացեր էր բաժնուելու իրմէ ու աղջիկներով հեռացեր, Կորքի ինքնաշարծի ծանր արկածի մը զոհը եղաւ:
Իր բարեկամը, Ժուլիէն Լեւի, որ Շրմընի մէջ կը բնակէր, անձրեւոտ օր մը, Կորքիին տուն տարած ժամանակ, ինքնաշարժը դարձաւ եւ Կորքիի ողնահարը վնասուեցաւ: Լրագրողները այն տպաւորութեան տակ են, որ Կորքի չկարողացաւ նկարել այդ արկածէն յետոյ, մինչ Լեւին կը գրէ, թէ երբ մի քանի շաբաթ անց Կորքիին այցելեց, Կորքին ու կինը պաստառ կը պատրաստէին:
Արկածէն ետք, Չորեքշաբթի օր մը, Կորքի կը հեռաձայնէ Ռօքսպըրիի եւ Նիւ Եորքի իր բարեկամներուն՝ զանազան պատրուակներով: Մի քանի բարեկամներ մտահոգ, որ ինքզինքին չվնասէ, կապ կը պահեն Կորքիի հարեւաններուն հետ՝ խնդրելով, որ աչք պահեն Կորքիի վրայ:
Հարեւանները յաջորդ օրը տունը պարապ գտնելով՝ տարածքը կը պրպտեն, մինչեւ որ Կորքիի շունը զիրենքց կ՛առաջնորդէ այն ցախանոցը, ուր Կորքի սովորութիւն ունէր երթալու եւ խոկալու: Հոն, գերանէ մը կախուած, կը գտնեն Կորքին ու գերանի մը վրայ փորագրուած՝ իր հրաժեշտի խօսքերը սիրելիներուն:
Մուկուչ՝ լսելով, անմիջապէս կը վերադառնայ Շրմըն, ներկայ կ՛ըլլայ թաղման եւ կը հեռանայ՝ հարեւաններուն ըսելով, թէ Նիւ Եորք միտք ունի հաստատուելու:
Կորքի երկար ժամանակ խորը տխրութիւն զգացած էր, նոյնիսկ աղջնակին հարց տուած՝ թէ անտառի ո՞ր ծառէն ինքզինքը կախէ:
Լեւիի հետ այցելած էր հոգեբոյժի մը – Լեւիդի համար շունիկ մը որդեգրելու — եւ բժիշկը նկատելով Կորքիի տխրութիւնը՝ թելադրած էր, որ մասնագէտի մօտ երթար: Վիրահատութենէ ետք, Մուկուչ փորձեր էր զինք համոզել, որ Եունկեան հոգեվերլուծողի մօտ երթար, բայց Կորքի խիստ զայրացեր էր եւ Մուկուչէն խոստում առեր, որ այդ մասին չխօսի այլեւս:
1948ին Կորքի 44-46 տարեկան էր: Նոր ստեղծած էր իւրայատուկ ոճը…
Կորքիի նկարները այժմ կը զարդարեն բազմաթիւ անուանի թանգարաններ, ուր մի քանի ցուցադրութիւններ ներկայացուած են Կորքիի նկարներու հաւաքածոներով:
Ինչպէս Կորքի կը սիրէր պատմութիւն յօրինել, իր կեանքի պատմութիւնը նոյնպէս անորոշ կամ հակասութիւններով լի էր: Փեսան՝ Մաթիու Սպենտր, որ կենսագրութիւնը գրած է, կը նշէ, թէ ծննդեան թուականը երբեմն Ապրիլի մէջ էր, երբեմն՝ Հոկտեմբերին: Ծննդեան տարին նոյնպէս փոփոխական էր. Կորքի միշտ աւելի տարիքոտ կ՛երևար, քան իր ըսած տարիքը: Մի քանի աղբիւրներ ուսումնասիրելով՝ այս կենսագրութեան յանգեցայ: Կորքիի կեանքի շատ հետաքրքրական մանրամասնութիւնները կարելի է գտնել յիշուած գրականութեան մէջ:
*Այնպէս կ՛երեւայ, որ Ոստանիկի ազգականի անունը Մկրտիչ էր, որու ժողովրդական կրճատումը՝ Մուկուչը այլ նշանակութիւն ունի: