Արշակ Ջամալեան (Իսահակեան, 1882-1940)

Արշակ Ջամալեան (Իսահակեան, 1882-1940). Անձնուէր յեղափոխականը, քաղաքական ղեկավարը եւ պետական գործիչը Ն.

0
1425

77 տա­րի ա­ռաջ, 1940ի ­Դեկ­տեմ­բեր 27ին, Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի թո­հու­բո­հով կլա­նո­ւած ­Փա­րի­զի մէջ, առ­յա­ւէտ փա­կո­ւե­ցան աչ­քե­րը ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տած ­Սե­րուն­դին ա­մէ­նէն ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քե­րէն՝ անձ­նո­ւէր յե­ղա­փո­խա­կա­նի, քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րի եւ պե­տա­կան գոր­ծի­չի դաշ­նակ­ցա­կան տի­պա­րը մարմ­նա­ւո­րող հսկա­նե­րէն Ար­շակ ­Ջա­մա­լեանի։
Եր­կու օր ետք, ­Դեկ­տեմ­բեր 29ին, հա­մազ­գա­յին յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ան­նա­խըն­թաց շու­քով եւ օ­տար քա­ղա­քա­կան-պե­տա­կան յար­գան­քի հան­դի­սա­ւոր մթնո­լոր­տին մէջ, հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն հե­ռու, տա­րագ­րու­թեան ցուրտ հո­ղին յանձ­նո­ւե­ցաւ վա­հագ­նա­տիպ, բայց ար­դէն յոգ­նա­բեկ ու ան­կեն­դան մար­մի­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­կան մտքին ու յե­ղա­փո­խա­կան կամ­քին ճա­ռա­գայ­թող այս ար­ժա­նա­ւո­րին։
­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան ­Սե­րուն­դին ա­մէ­նէն աշ­խոյժ ու վաս­տա­կա­շատ նո­ւի­րեալ­նե­րէն է դաշ­նակ­ցա­կան այս հսկան, որ շուրջ քա­ռա­սուն տա­րի իր սե­փա­կան դրոշ­մը դրաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան կեան­քի հու­նա­ւոր­ման վրայ։
­Հայ մտքի եւ քա­ղա­քա­կան կամ­քի փո­թոր­կա­շունչ դար­բի­նը դառ­նա­լու կո­չումն ու­նէր ­Գան­ձա­կի մէջ 22 ­Սեպ­տեմ­բեր 1882ին ծնած բազ­մաշ­նորհ Ար­շա­կը։ ­Հայ­րը՝ բա­րե­կե­ցիկ ոս­կե­րիչ ­Ջա­մալ Ի­սա­հա­կեա­նը (ո­րուն ա­նու­նով Ար­շակ ընտ­րեց յե­ղա­փո­խա­կա­նի իր ­Ջա­մա­լեան մա­կա­նու­նը) յա­տուկ պատ­ճառ ու­նէր իր զաւ­կին ու­սում­նա­ռու­թիւ­նը քա­ջա­լե­րե­լու եւ ա­պա­հո­վե­լու, ո­րով­հե­տեւ ոչ միայն Ար­շակ ինք ըն­դու­նակ ա­շա­կերտ էր, այ­լեւ՝ Ար­շա­կի վա­ղա­մե­ռիկ մօր կտակն էր, որ իր տղան ան­պայ­ման ու­սա­նի եւ բարձ­րա­գոյն կրթու­թեան տի­րա­նայ։
Ար­շակ Ի­սա­հա­կեան իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Գան­ձա­կի հա­յոց ծխա­կան դպրո­ցին մէջ, ա­պա՝ երբ 1892ին ցա­րա­կան հրա­մա­նագ­րով փա­կուե­ցան հա­յոց ծխա­կան վար­ժա­րան­նե­րը, յա­ճա­խեց ­Գան­ձա­կի ռու­սա­կան գիմ­նա­զիան։
­Ռու­սաց­ման ա­լի­քը ու­ժեղ էր այդ շրջա­նին եւ Ար­շակ սկսաւ տա­րո­ւիլ հո­սան­քէն, բայց հայ­րը հո­սան­քի դէմ պայ­քա­րող մարդ էր եւ ա­մէն ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի հա­յե­ցի կրթու­թիւն ա­պա­հո­վէ իր տղուն։ ­Զու­գա­դի­պու­թիւն մը օգ­նեց, որ­պէս­զի Ար­շա­կի կեան­քը հիմ­նո­վին նոր ուղ­ղու­թիւն ստա­նայ։ 1896ի ­Վա­նի կո­տո­րած­նե­րէն ետք, Ս. Էջ­միա­ծին ա­պաս­տա­նած գաղ­թա­կան բազ­մու­թեան հետ էր ազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր ման­կա­վարժ Պ­լուզ ­Կա­րօ, որ Խ­րի­մեան ­Հայ­րի­կի կող­մէ ան­մի­ջա­պէս ղրկո­ւե­ցաւ ­Գան­ձակ՝ հայ դպրո­ցէ զրկուած սե­րուն­դին ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ ­Ջա­մալ Ի­սա­հա­կեան Պ­լուզ ­Կա­րո­յէն խնդրեց, որ իր տղուն հա­յե­րէ­նի եւ հա­յոց պատ­մու­թեան մաս­նա­ւոր դա­սեր տայ։ Այդ­պէս ալ ե­ղաւ։ Ար­շա­կի ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լով՝ Պ­լուզ յոր­դո­րեց ու հա­մո­զեց ­Ջա­մա­լին, որ Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը ղրկէ Ար­շա­կին։ Եւ այդ­պէս, 1897ին, Ար­շակ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րան։
­Հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ե­ռուն ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր, իսկ ­Գէոր­գեան ­Ճե­մա­րա­նը, հա­կա­ռակ հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն մը ըլ­լա­լու իր պաշ­տօ­նա­կան հան­գա­ման­քին, փաս­տօ­րէն վե­րա­ծուած էր յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման հնո­ցի մը, ուր կը տի­րէր յատ­կա­պէս դաշ­նակ­ցա­կան ո­գին։ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի եւ Ա. Վ­ռա­մեա­նի օ­րի­նա­կով դաշ­նակ­ցա­կան մե­ծու­թիւն­նե­րու հո­գեմ­տա­ւոր կազ­մա­ւոր­ման օր­րա­նը դար­ձած ­Ճե­մա­րա­նը իր բա­րե­բեր ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ նաեւ ու մա­նա­ւանդ Ար­շակ ­Ջա­մա­լեա­նի վրայ, որ իր սե­րուն­դին յե­ղա­փո­խա­կան խմո­րում­նե­րուն եւ ա­շա­կեր­տա­կան ըմ­բոս­տա­ցում­նե­րուն մղիչ ուժն ու յա­ռա­ջա­պա­հը ե­ղաւ շու­տով։
Իր կեն­սա­գիր­նե­րուն վկա­յու­թեամբ ­Ջա­մա­լեան գա­ղա­փա­րա­կան շարժ­ման փո­թո­րիկ մը ա­ռա­ջա­ցուց ­Ճե­մա­րա­նի մէջ՝ ձե­ռա­գիր «­Նա­ւակ» ա­շա­կեր­տա­կան թերթ խմբագ­րե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թե­նէն մին­չեւ հա­յաս­տա­նեայց ե­կե­ղե­ցին ծի­սա­պաշ­տու­թե­նէ դուրս բե­րե­լու եւ բա­րե­կար­գե­լու գա­ղա­փա­րա­կան պայ­քար ծա­ւա­լե­լու իր մար­տու­նա­կու­թեամբ։
­Բայց յատ­կա­պէս Երկ­րի մէջ սաստ­կա­ցած յե­ղա­փո­խա­կան կեն­դա­նի կռո­ւին անձ­նա­պէս նո­ւի­րո­ւե­լու իր կո­չե­րով՝ ար­դէն դաշ­նակ­ցա­կա­նի իր ու­ղին գտած ­Ջա­մա­լեան իր դէմ լա­րեց ­Ճե­մա­րա­նի պահ­պա­նո­ղա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն դժգո­հու­թիւ­նը։ Եւ հա­կա­ռակ իր ա­շա­կեր­տա­կան փայ­լուն ար­դիւնք­նե­րուն, ­Ճե­մա­րա­նի լսա­րա­նա­կան (հա­մալ­սա­րա­նա­կան) բաժ­նի ա­ռա­ջին տա­րին հա­զիւ ա­ւար­տած, 1902ին, ­Ջա­մա­լեան տուն ճամ­բո­ւե­ցաւ եւ ­Ճե­մա­րա­նի դռնե­րը իր առ­ջեւ վերջ­նա­կա­նա­պէս փա­կո­ւե­ցան։
Ք­սա­նա­մեայ ե­րի­տա­սարդ՝ ­Ջա­մա­լեան քա­նի մը տա­րի մնաց իր ծննդա­վայ­րին՝ ­Գան­ձա­կի մէջ, ուր ծա­ւա­լեց դաշ­նակ­ցա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն՝ գա­ղա­փա­րա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու եւ տեղ­ւոյն ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։
Իսկ երբ վրայ հա­սան 1905ի հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը եւ բա­ցա­յայտ դար­ձաւ ազ­գա­մի­ջեան թշնա­մանք հրահ­րե­լու ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց գրգռիչ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, ­Ջա­մա­լեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. յանձ­նա­րա­րու­թեամբ ցա­րա­կան ոս­տի­կա­նա­պե­տի մը ա­հա­բե­կու­մին, ո­րուն հե­տե­ւան­քով 7 ա­միս բան­տար­կո­ւե­ցաւ, իսկ ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­լէ ետք՝ ան­ցաւ Եւ­րո­պա, ու­սու­մը շա­րու­նա­կե­լու մտօք։
­Ճե­մա­րա­նա­կան տա­րի­նե­րէն իսկ, Ար­շակ ­Ջա­մա­լեան շեշ­տա­կի հե­տաքրք­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րած էր հայ հա­սա­րա­կա­գի­տա­կան մտքի զար­գաց­ման եւ հարստաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Լ­սա­րա­նա­կան ա­ռա­ջին տա­րո­ւան իր ծա­ւա­լուն շա­րադ­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը, որ կը վե­րա­բե­րէր ­Րաֆ­ֆիի պատ­մա­վէպ­նե­րուն մէջ ար­ծար­ծո­ւած հա­սա­րա­կա­կան խնդիր­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան, ար­ժա­նա­ցաւ ­Ճե­մա­րա­նի ա­տե­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մին բարձր գնա­հա­տան­քին։ ­Հե­տե­ւա­բար, երբ ­Ջա­մա­լեան հա­սաւ Եւ­րո­պա եւ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցաւ ­Պեր­լի­նի հա­մալ­սա­րա­նը, ա­ւե­լի քան բնա­կան էր, որ ըն­կե­րա­յին գի­տու­թեանց վրայ պի­տի կեդ­րո­նա­նար ա­նոր բարձ­րա­գոյն ու­սու­մը։
Եւ­րո­պա­յի մէջ ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րը ­Ջա­մա­լեա­նի առ­ջեւ բա­ցին ոչ միայն գա­ղա­փա­րա­կան իր հե­տաքրք­րու­թեանց ու ծա­նօ­թու­թեանց հո­րի­զո­նը ըն­դար­ձա­կե­լու, այ­լեւ կազ­մա­կերպ­չա­կան իր տա­ղան­դը մշա­կե­լու եւ զար­գաց­նե­լու լայն հո­րի­զոն­ներ։ Ե­ղաւ հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը Եւ­րո­պա­յի ­Հայ Ու­սա­նո­ղա­կան ­Միու­թեան եւ ա­նոր պաշ­տօ­նա­թերթ «Ու­սա­նող»ին, ո­րուն է­ջե­րէն Ա­րի­սեան ստո­րագ­րու­թեամբ կա­նո­նա­ւո­րա­բար հան­դէս ե­կաւ՝ հայ միտ­քը աշ­խու­ժաց­նող եւ ազ­գա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան խնդիր­նե­րու գի­տա­կան քննար­կու­մը հարս­տաց­նող յօ­դո­ւած­նե­րով եւ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րով։
Ար­դէն գա­ղա­փա­րա­կան ու կազ­մա­կեր­պա­կան իր դէմ­քը հաս­տա­տած էր Ար­շակ ­Ջա­մա­լեան 1907ին, երբ Եւ­րո­պա­յի ­Հայ Ու­սա­նո­ղու­թեան կող­մէ պատ­գա­մա­ւոր ընտ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Չոր­րորդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին։ Այդ ժո­ղո­վին էր, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը սուր կեր­պով դի­մագ­րա­ւեց երկ­փեղկ­ման վտան­գը։ ­Մէկ կող­մէ ա­րեւմ­տա­հայ մար­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րը վա­րա­կած ­Միհ­րա­նա­կան շար­ժու­մը կա­տա­ղի պայ­քար բա­ցած էր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ըն­կեր­վա­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան դէմ՝ դա­տա­պար­տե­լով հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խա­կան շար­ժում­նե­րուն Հ.Յ.Դ. մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Իսկ միւս կող­մէ ա­րե­ւե­լա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնն ու ու­սա­նո­ղու­թիւ­նը վա­րա­կած ձա­խա­պաշտ հա­կում­նե­րը յան­գած էին ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ ան­ջա­տո­ղա­կան շարժ­ման մը ա­ռա­ջա­ցու­մին՝ ա­րեւմ­տա­հայ եւ ա­րե­ւե­լա­հայ դա­տե­րը ի­րար­մէ ան­ջատ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րով ղե­կա­վա­րե­լու պա­հան­ջով։
­Պա­ռակ­տիչ այդ մթնո­լոր­տին մէջ ուղ­ղա­կի փրկա­րար դեր կա­տա­րեց ­Ջա­մա­լեան՝ դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ ու­սա­նո­ղի դիր­քե­րէն պա­հա­պան կանգ­նե­լով կու­սակ­ցու­թեան ներ­քին միաս­նու­թեան եւ ազ­գա­յինն ու ըն­կեր­վա­րա­կա­նը հա­մադ­րե­լու դաշ­նակ­ցա­կան աշ­խար­հա­յեաց­քին։
1908ին ­Ջա­մա­լեան վե­րա­դար­ձաւ ­Կով­կաս եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր ­Ներ­սի­սեան վար­ժա­րա­նի մէջ իր ստանձ­նած ու­սուց­չա­կան պաշ­տօ­նի կող­քին դաշ­նակ­ցա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լեց՝ Աղ­բա­լեա­նի հետ «­Հո­րի­զոն»ի խմբագ­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ստանձ­նե­լով։ ­Ռու­սե­րէ­նի, գեր­մա­նե­րէ­նի եւ ֆրան­սե­րէ­նի իր տի­րա­պե­տու­մը մե­ծա­պէս օգ­նեց, որ­պէս­զի այդ ժա­մա­նակ­նե­րէն իսկ ­Ջա­մա­լեան կեդ­րո­նա­կան դէմ­քե­րէն մէ­կը դառ­նայ ռուս, վրա­ցի եւ թա­թար յե­ղա­փո­խա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հաս­տա­տած յա­րա­բե­րու­թեանց։ ­Թէ՛ հայ մտքի ար­դիա­կա­նաց­ման, թէ՛ հա­մա­ռու­սա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ հայ քա­ղա­քա­կան կամ­քի ար­մա­տա­ւոր­ման ի խնդիր ­Ջա­մա­լեա­նի թա­փած ճի­գե­րը եւ կա­տա­րած մեծ ներդ­րում­նե­րը բա­ւա­րար նկա­տո­ւե­ցան, որ­պէս­զի 1914ի Հ.Յ.Դ. 8րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին — եւ ի բա­ցա­կա­յու­թեան — ան ընտ­րո­ւի Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ եւ շա­րու­նա­կէ մնալ այդ պաշ­տօ­նին վրայ մին­չեւ 1933, երբ Հ.Յ.Դ. 12րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վի ո­րո­շու­մով ան կո­չո­ւե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան մնա­յուն քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի մաշտօնին ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան։
1914էն 1921 եր­կա­րող եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն բախ­տո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը հան­դի­սա­ցած տա­րի­նե­րուն, Ար­շակ ­Ջա­մա­լեան բա­ռին բուն ի­մաս­տով փո­թոր­կա­շունչ ներ­կա­յու­թիւն ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խաց­ման եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան ամ­րապնդ­ման յա­ռա­ջա­պահ դիր­քե­րուն վրայ։ Ե­ղաւ ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման ղե­կա­վար­նե­րէն։ 1917ի հա­մա­ռու­սա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան եր­կար ա­միս­նե­րուն, ներ­կա­յա­ցուց ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ։ Անդր­կով­կա­սեան ­Սէյ­մի կա­ռա­վա­րու­թեան մաս կազ­մեց եւ Երզն­կա­յի մէջ հաշ­տու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը վա­րեց թուր­քե­րուն հետ՝ յա­նուն ­Սէյ­մի։ Ն­շա­նա­կո­ւե­ցաւ նո­րան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան Վ­րաս­տա­նի մօտ։ Ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր եւ Ե­րե­ւան տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սէն։ 1919ի հայ-վրա­ցա­կան պա­տե­րազ­մին շու­տա­փոյթ դադ­րե­ցու­մը ա­պա­հո­վող գլխա­ւոր բա­նագ­նա­ցը ե­ղաւ։ 1920ին մաս կազ­մեց ­Հա­մօ Օ­հան­ջա­նեա­նի ­Բիւ­րօ-կա­ռա­վա­րու­թեան, իբ­րեւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նա­խա­րար։ Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մէն ետք, 1922ին, պոլ­շե­ւիկ­նե­րու հետ ­Րի­կա­յի խորհր­դակ­ցու­թեանց ժա­մա­նակ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ բա­նագ­նա­ցը ե­ղաւ։
­Տա­րագ­րու­թեան մէջ եւս, շուրջ քսան տա­րի, ­Ջա­մա­լեան ղե­կա­վար դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ։ Ար­շակ ­Ջա­մա­լեան վճռո­րոշ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ, յատ­կա­պէս, սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րու մէջ ծա­ւա­լած հա­կա­դաշ­նակ­ցա­կան բուռն պայ­քա­րը դի­մագ­րա­ւե­լու գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան ճա­կա­տին վրայ։ ­Ջա­մա­լեան դրօ­շա­կի­րը ե­ղաւ ­տարագիր Դաշ­նակ­ցու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան վե­րաշ­խու­ժա­ցու­մին եւ, այդ հի­ման վրայ, դաշ­նակ­ցա­կան ներ­քին միա­կա­մու­թեան ամ­րապն­դու­մին։
­Գա­ղա­փա­րա­կան բուռն պայ­քար­նե­րու այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէն կու գայ օ­րի­նա­կը ­Ջա­մա­լեա­նի գրչին պատ­կա­նող հե­տե­ւեալ պոռթ­կու­մին.-
«­Չա­րա­շուք հայ հրա­պա­րա­կա­գիր­նե­րից մէ­կը, չգի­տենք ի՛նչ առ­թիւ, գրել է մի ան­գամ, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը տա­րո­ւայ 365 օ­րե­րից ո­րե­ւէ մէ­կը կա­րող է ազ­գա­յին տօն դարձ­նել, բա­ցի ­Մա­յիս 28ից, ո­րով­հե­տեւ վեր­ջինս հա­յոց պատ­մու­թեան ա­մե­նա­դառն օրն է…
«Այս­պէ՛ս դա­տե­լով՝ ոչ մի քրիս­տո­նեայ չպէտք է տօ­նի Ք­րիս­տո­սի ծնուն­դը, ո­րով­հե­տեւ դրա հետ կա­պո­ւած է յի­շո­ղու­թիւ­նը այն ա­նա­գո­րոյն հա­լա­ծանք­նե­րի, ո­րոնց ե­րե­սից փախս­տա­կան ­Մա­րիամն ու ­Յով­սէ­փը ­Բեթ­լե­հէ­մի մսուրն էին ա­պաս­տա­նել՝ ա­նա­սուն­նե­րի աղ­բի մէջ, չոր ծղօ­տի վրայ ծնունդ տա­լու նոր կրօ­նի հիմ­նադ­րին…
«­Բո­լոր ծնունդ­նե­րը կա­պո­ւած են մայ­րա­կան ա­հա­ւոր տան­ջանք­նե­րի հետ. ­Քա­նի՜, քա­նի՜ մար­դիկ աշ­խարհ են գա­լիս վի­րա­հա­տի դա­նա­կի տակ՝ ի­րենց ծնո­ղի ա­րե­ւը խա­ւա­րեց­նե­լով։ ­Բայց մի­թէ՞ մենք նման պատ­ճառ­նե­րով հրա­ժար­ւում ենք տօ­նել ոե­ւէ մեծ մար­դու ծննդեան տա­րե­դար­ձը, ե­թէ նա ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­ներ է յա­րու­ցա­նում մեր մէջ»։
Իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին, երբ ­Ջա­մա­լեա­նի վստա­հո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. մնա­յուն գոր­ծի­չի պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն գա­ղա­փա­րա­կան կազ­մա­ւո­րու­մը ա­մուր հիմ­քի վրայ դնե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, ան գոր­ծի վե­րա­ծեց ու­սա­նո­ղա­կան տա­րի­նե­րէն իր մէջ ար­մա­տա­ւո­րո­ւած այն հա­մո­զու­մը, թէ՝
«­Պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, որ ար­տա­սահ­մա­նեան այ­սօ­րո­ւայ պայ­ման­նե­րում մէ­կին իս­կա­կան դաշ­նակ­ցա­կան դարձ­նե­լը այ­լեւս այն­պէս դիւ­րին չէ, ինչ­պէս որ էր ե­րէկ՝ երկ­րի մէջ։ Այն­տեղ դաշ­նակ­ցա­կա­նը իր կու­սակ­ցա­կան աշ­խա­տանքն սկսում էր, կա­րե­լի է ա­սել, հէնց ա­ռա­ջին օ­րից գոր­ծօն պայ­քա­րի թոհ ու բո­հի մէջ նե­տո­ւե­լով, յա­ճախ հրի ու սրի դէմ կանգ­նե­լով։ Ս­րա՛ հա­մար էլ երկ­րում դաշ­նակ­ցա­կան ար­ձա­նագ­րո­ւա­ծը շատ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցում թրծւում էր կու­սակ­ցա­կան կար­գա­պա­հու­թեան եւ պար­տա­ճա­նա­չու­թեան մէջ։ Այս­տեղ, ար­տա­սահ­մա­նում, յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծի այդ նպաս­տա­ւոր պայ­ման­նե­րը չկան եւ, դրա հա­մար, կրկնա­կի եւ ե­ռա­կի աշ­խա­տանք է հար­կա­ւոր ­Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րը դի­մող ե­րի­տա­սարդ­նե­րին կու­սակ­ցա­կան գի­տակ­ցու­թեան բե­րե­լու, նրա քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը յստա­կաց­նե­լու եւ կար­գա­պա­հու­թեան ու պար­տա­ճա­նա­չու­թեան ո­գին նրա մէջ մշա­կե­լու հա­մար»։
­Գոր­ծի եւ ­Գա­ղա­փա­րի այս­պի­սի՛ տա­րո­ղու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դող դէմ­քը ե­ղաւ Ար­շակ ­Ջա­մա­լեան եւ բնաւ պա­տա­հա­կան չէր, որ 77 տա­րի ա­ռաջ ­Դեկ­տեմ­բե­րի այս օ­րը՝ ա­նոր հան­դի­սա­շուք թա­ղու­մին, ­Ջա­մա­լեա­նի կո­րուս­տը սգա­լու եւ յար­գան­քի ի­րենց տուր­քը մա­տու­ցա­նե­լու ե­կան ոչ միայն հայ կեան­քի գլխա­ւոր հո­սանք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, այ­լեւ՝ ար­տա­սահ­ման աք­սո­րո­ւած ռուս, վրա­ցի եւ նոյնիսկ ատր­պէյ­ճան­ցի ծա­նօթ հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նը ներ­կա­յաց­նող ֆրան­սա­ցի եւ եւ­րո­պա­ցի ա­կա­նա­ւոր գոր­ծիչ­ներ։
­Հայ մտքի եւ քա­ղա­քա­կան կամ­քի փո­թոր­կա­շունչ այս դար­բի­նին՝ Ար­շակ ­Ջա­մա­լեա­նի մա­հո­ւան տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, յի­շեց­նենք Հ.Յ.Դ. 40ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած եւ «Դ­րօ­շակ»ի է­ջե­րուն լոյս տե­սած ա­նոր գա­ղա­փա­րա­կան կտա­կը.-
«­Հայ ժո­ղո­վուր­դը գի­տէ, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը միշտ կանգ­նած է ե­ղել իր վճռած կամ պաշտ­պա­նած գոր­ծի յե­տե­ւը ամ­բողջ հա­սա­կով, կա­տա­րեալ ան­կեղ­ծու­թեամբ եւ բո­լո­րա­նո­ւէր անձ­նա­զո­հու­թեամբ։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դը հա­մո­զո­ւած է նաեւ, որ ե­թէ վա­ղը նոր զո­հա­բե­րու­թեան եւ նոր ա­րիւ­նի հար­կադ­րանքն ստեղ­ծո­ւի ­Հայ­կա­կան ­Դա­տը «մե­ռեալ կէ­տից» շար­ժե­լու հա­մար՝ դար­ձեալ դաշ­նակ­ցա­կան­ներն են շար­ժո­ւե­լու վտան­գա­ւոր դիր­քե­րի վրայ, դար­ձեալ նրանք են նո­ւի­րա­բե­րե­լու ա­ռա­ջին լու­ման — լի­նի դա չար­քաշ աշ­խա­տանք, դրամ թէ ա­րիւն — որ­պէս­զի գոր­ծը քա­լէ»։