«Ար­շա­լոյ­սի լու­սա­բա­ցը»՝ Օ­րօ­րա ­Մար­տի­կա­նեա­նի
նո­ւի­րո­ւած շար­ժան­կա­րի (animation) ա­ռա­ջին
ցու­ցադ­րու­թիւն ­Յու­նաս­տա­նի մէջ

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը ձեզ կը հրա­ւի­րէ
«Ար­շա­լոյ­սի լու­սա­բա­ցը»՝ Օ­րօ­րա ­Մար­տի­կա­նեա­նի կեան­քին
նո­ւի­րո­ւած շար­ժան­կա­րի ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։

­Ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ
­Շա­բաթ 21 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023,
ժա­մը 5ին կէ­սօ­րէ ետք, ­Պե­նա­քի թան­գա­րա­նի (­Փի­րէոս 138)
ցու­ցաս­րա­հէն ներս։

­Ցու­ցադ­րու­թեան պի­տի յա­ջոր­դէ զրոյց՝ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի
­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեա­նի հետ
եւ հար­ցու­պա­տաս­խա­նի բա­ժին։

«Ար­շա­լոյ­սի լու­սա­բաց» շար­ժան­կար (animation) ժա­պա­ւէ­նը, վա­ւե­րագ­րա­կան մըն է Ար­շա­լոյս-Օ­րո­րա ­Մար­տի­կա­նեա­նի կեան­քին մա­սին:
1915-ին, ըն­դա­մէ­նը 14 տա­րե­կա­նին, ան ապ­րած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը: ­Մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ա­կա­նա­տես ե­ղած ըլ­լա­լով իր ըն­տա­նի­քի բո­լոր ան­դամ­նե­րու մա­հո­ւան` Ար­շա­լոյ­սը կորսն­ցու­ցած է ա­մէն ին­չը եւ վա­ճա­ռո­ւած` թրքա­կան կա­նա­նո­ցին: ­Սա­կայն իր բա­ցա­ռիկ խի­զա­խու­թեամբ եւ յա­ջո­ղու­թեամբ ան կրցած է փա­խուստ տալ եւ հաս­նիլ Ա­մե­րի­կա, ուր իր պատ­մու­թիւ­նը դար­ձած է ցնցիչ: Այս շար­ժան­կա­րը ­Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան թեկ­նա­ծու­թիւնն էր 2022ի Օս­քար­նե­րու մրցու­մին։
­Կը ներ­կա­յաց­նէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած­նե­րու պատ­մու­թիւն­նե­րը ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար, զարկ տա­լով աղ­ջիկ­նե­րու պա­րա­գա­յին ապ­րո­ւած ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, զա­նոնք հզօ­րաց­նե­լու եւ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դի ապ­րած մեծ դժբախ­տու­թիւն­նե­րը եւ բռնու­թիւն­նե­րը:

­Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը տե­ղի կ­’ու­նե­նայ Cine Doc (KinderDocs) բաժ­նի
հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ եւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ
Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։

­Ֆիլ­մը ար­տօ­նե­լի է 12 տա­րե­կա­նէ վեր ան­ձե­րու հա­մար։
­
Տոմ­սակ­ներ կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել more.com by viva & tickets.benaki.org
­Գին՝ 10 եւ­րօ եւ 7 եւ­րօ (մին­չեւ 24 տա­րե­կան)