Ե­րե­խա­նե­րու բայց նաեւ մե­ծա­հա­սակ­նե­րու ուղ­ղո­ւած «Ար­շա­լոյ­սի լու­սա­բա­ցը»՝ Օ­րօ­րա ­Մար­տի­կա­նեա­նի կեան­քին նո­ւի­րո­ւած շար­ժան­կա­րի ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շա­բաթ, 21 ­Հոկ­տեմ­բե­րին ­Պե­նա­քի թան­գա­րա­նի (­Փի­րէոս 138) ցու­ցաս­րա­հէն ներս։
­Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Cine Doc (KinderDocs) բաժ­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ եւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ՀՀ դես­պա­նու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։
­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան բա­նա­ւոր հար­ցազ­րոյց­նե­րու հա­րուստ հա­ւա­քա­ծո­յի մը վրայ հիմ­նո­ւած այս գոր­ծը, նշա­նա­ւո­րո­ւած էր ­Զօ­րեան հիմ­նար­կի լուրջ ներ­գոր­ծու­թեամբ։ ­Վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն մըն էր փաս­տօ­րէն, որ կը պատ­մէր Ար­շա­լոյս-Օ­րո­րա ­Մար­տի­կեան-­Մար­տի­կա­նեա­նի կեան­քի հանգ­րո­ւան­նե­րը, որ­պէս 1915ի ­Հա­յոց ­ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րո­ղի կա­րե­ւոր վկա­յու­թիւն։ Ան ըն­դա­մէ­նը 14 տա­րե­կա­նին ապ­րած էր ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քը, մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ա­կա­նա­տես ե­ղած ըլ­լա­լով իր ըն­տա­նի­քի բո­լոր ան­դամ­նե­րու մա­հո­ւան։
Ար­շա­լոյ­սի ո­դի­սա­կա­նը սկսած էր իր հօ­րե­նա­կան գիւ­ղէն՝ Չմս­կա­ծա­կէն, ուր գաղ­թի են­թար­կո­ւե­լով ան ցա­ւա­լիօ­րէն տու­ժած է, բայց իր բա­ցա­ռիկ խի­զա­խու­թեամբ եւ յա­ջո­ղու­թեամբ կրցած է փա­խուստ տալ եւ հաս­նիլ Ա­մե­րի­կա։ Ար­շա­լոյ­սի պատ­մու­թիւ­նը դար­ձած է ցնցիչ, ­Հո­լի­վու­տի մէջ ֆիլ­մի վե­րա­ծո­ւե­լով եւ Ա­մե­րի­կեան բա­րե­սի­րա­կան Near East Relief կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­մար քա­րոզ­չա­կան մեծ աշ­խա­տանք տա­նե­լով, ուր­կէ գո­յա­ցած հսկա­յա­ծա­ւալ նիւ­թա­կան գու­մա­րը տրա­մադ­րո­ւած է հայ որ­բուկ­նե­րու խնա­մա­տա­րու­թեան։
Այս շար­ժան­կա­րը ­Հա­յաս­տա­նի պաշ­տօ­նա­կան թեկ­նա­ծու­թիւնն էր 2022ի Օս­քար­նե­րու մրցու­մին։ Իւ­րա­յա­տուկ աշ­խա­տանք մըն է, ուր ի­րա­րու կը խառ­նո­ւին շար­ժան­կար, կեն­դա­նի հար­ցազ­րոյց եւ Ravished Armenia (­Հո­գի­նե­րու ա­ճուր­դը) համր ֆիլ­մի նկար­նե­րը, պատ­րաս­տո­ւած 1919ին։ Ա­նոր նպա­տակն է՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած­նե­րու պատ­մու­թիւն­նե­րը ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել, զարկ տա­լով աղ­ջիկ­նե­րու պա­րա­գա­յին ապ­րո­ւած ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, զա­նոնք հզօ­րաց­նե­լու եւ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դի ապ­րած մեծ դժբախ­տու­թիւն­նե­րը եւ բռնու­թիւն­նե­րը: ­Մէ­կու­կէս ժամ տե­ւած ժա­պա­ւէ­նը հան­դի­սա­տես­նե­րու ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ, ո­րոնք գնա­հա­տե­ցին իւ­րօ­րի­նակ այս ներ­կա­յա­ցու­մը։ ­Ժա­պա­ւէ­նը կեան­քի կո­չո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Զօ­րեան հիմ­նար­կի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու գի­տա­կան ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ հիմ­նո­ւած է հիմ­նար­կին մօտ գտնո­ւող՝ Օ­րօ­րա ­Մար­տի­կա­նեա­նի հար­ցազ­րոյ­ցին վրայ, որ կա­տա­րո­ւած է 29 ­Յու­նուար 1984ին։ ­Բե­մադ­րու­թիւ­նը Ին­նա ­Սա­հա­կեա­նը կա­տա­րած է։ KinderDocs բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու տի­կին ­Քու­զի բա­ցատ­րեց թէ որ­քան տպա­ւո­րո­ւած է շար­ժան­կա­րը դի­տե­լով եւ որ­քան յար­մար նկա­տած է այս նիւ­թը նե­րառ­նել ֆիլ­մե­րու փա­ռա­տօ­նի ցան­կին մէջ։ Ա­պա ան բեմ հրա­ւի­րեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեա­նը, որ նե­րա­ծա­կան մը կա­տա­րե­լով՝ անդ­րա­դար­ձաւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թին եւ ինչ­պէս նմա­նօ­րի­նակ վի­ճակ­ներ ստի­պո­ւած ե­ղած է դի­մագ­րա­ւե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դը ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուս։ Ան գնա­հա­տեց KinderDocs-ի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, խիստ անհ­րա­ժեշտ նկա­տե­լով այս­պի­սի դժո­ւա­րին նիւ­թե­րու մա­տու­ցու­մը ե­րի­տա­սարդ սե­րունդ­նե­րուն մօտ։
­Յա­ջոր­դեց հար­ցում-պա­տաս­խա­նի բա­ժի­նը, ուր ներ­կա­նե­րը ի­րենց գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին շար­ժան­կա­րի ցու­ցադ­րու­թեան ա­ռի­թով եւ նշում­ներ կա­տա­րե­ցին ներ­կայ ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն մա­սին։
Ա­ւելց­նենք, որ նա­խորդ օ­րե­րուն, յա­տուկ ցու­ցադ­րու­թիւն մը կա­տա­րուած էր ­Միջ­նա­կարգ վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար, ուր ներ­կայ գտնո­ւած էին նաեւ Հ.Կ.­Խա­չի «Ազ­նիւ եւ ­Ժի­րայր ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը։