Արմէն Տիգրանեան (1879-1950)

Արմէն Տիգրանեան (1879-1950). Հայ ժողովրդական երգի եւ երաժշտութեան դասական հսկան Ն.

0
1132

Դեկ­տեմ­բեր 27ին (հին տո­մա­րով՝ ­Դեկ­տեմ­բեր 14ին) կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­ցա­ռիկ տա­ղանդ­նե­րէն Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեա­նի, որ իր ե­րաժշ­տա­կան մե­ծար­ժէք վաս­տա­կով՝ հա­յոց հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թիւ­նը հարս­տա­ցուց «Ա­նոյշ»ի եւ «­Դա­ւիթ ­Բէկ»ի տա­րո­ղու­թեամբ օ­փե­րա­յին ե­րաժշ­տու­թեան գլուխ-գոր­ծոց­նե­րով, ինչ­պէս եւ «­Սեւ Ա­չե­րէն»ի ու «­Նու­պար, ­Նու­պար»ի օ­րի­նա­կով ժո­ղովր­դա­կան սի­րո­ւած եր­գե­րով։
Բա­ռին ազ­նո­ւա­գոյն ի­մաս­տով մեր ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցէն ծնած մե­ծու­թիւն էր Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեան։ 1910ա­կան­նե­րուն ար­դէն հռչա­կի տի­րա­ցած էր իբ­րեւ հայ ժո­ղովր­դա­կան եր­գի ու ե­րաժշ­տու­թեան դա­սա­կան հսկան՝ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Բա­նաս­տեղծ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի ան­զու­գա­կան «Ա­նոյշ»ը ե­րաժշ­տա­կա­նաց­նե­լով եւ, իր տե­սա­կին մէջ, նոյն­պէս ա­րո­ւես­տի բար­ձունք մը նո­ւա­ճե­լով։
Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ նաեւ խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ, ո­րոնց պար­տադ­րած սնա­մէջ մի­ջազ­գայ­նու­թեան հո­սան­քին միայն նո­ւա­զա­գոյն չա­փով տուրք վճա­րեց մեծ ե­րա­ժիշ­տը… ­Խորհր­դա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ ան­գամ Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեան յա­ջո­ղե­ցաւ ոչ միայն վե­րամ­շա­կել ու կա­տա­րե­լա­գոր­ծել «Ա­նոյշ»ը, այ­լեւ՝ օգ­տո­ւե­լով Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի սկզբնա­ւո­րու­թեան ազ­գա­յին ա­կունք­նե­րու շղթա­յա­զերծ­ման առ­ջեւ Ս­տա­լի­նի խորհր­դա­յին­նե­րուն բա­ցած կա­նաչ լոյ­սէն, հայ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան նո­ւի­րա­բե­րեց «­Դա­ւիթ ­Բէկ»ը՝ անկրկ­նե­լի ­Րաֆ­ֆիի հա­մա­նուն պատ­մա­վէ­պին ներշն­չու­մով։
Ա. ­Տիգ­րա­նեան ծնած է 1879ի ­Դեկ­տեմ­բեր 27ին, Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ, ուր եւ ստա­ցած է իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը։
1894ին տե­ղա­փո­խո­ւած է ­Թիֆ­լիս՝ հե­տե­ւե­լու հա­մար ե­րաժշ­տա­կան բարձ­րա­գոյն ուս­ման։ 1902ին ա­ւար­տած է ­Թիֆ­լի­սի Ե­րաժշ­տա­կան Ու­սում­նա­րա­նի ֆլէյ­տա­յի եւ Ն.Ս.Կ­լե­նովս­կիի ա­նո­ւան ե­րաժշ­տու­թեան տե­սու­թեան դա­սա­րան­նե­րը։
­Միա­ժա­մա­նակ՝ ե­րաժշ­տա­կան յօ­րի­նու­մի յա­տուկ դա­սեր ա­ռած է հայ ե­րաժշ­տու­թեան մեծ վար­պետ Մ. Եկ­մա­լեա­նէն, ո­րուն ար­ժա­նա­ւոր յա­ջորդ­նե­րէն ե­ղաւ։
Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեա­նի ե­րաժշ­տա­կան նկա­րագ­րի կազ­մա­ւոր­ման եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ճա­շա­կի ձե­ւա­ւոր­ման մէջ վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցան ­Շի­րա­կի շրջա­նի, յատ­կա­պէս Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի ժո­ղովր­դա­կան երգն ու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը, հայ գու­սա­նա­կան եր­գե­րու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թեանց իւ­րո­վի ըն­կա­լու­մը։
Թիֆ­լի­սի մէջ իր պատ­րաս­տու­թիւ­նը ա­ւար­տե­լով՝ Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեան 1902ին Ա­լեք­սանդ­րա­պոլ վե­րա­դար­ձաւ եւ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Կազ­մեց ժո­ղովր­դա­կան քա­ռա­ձայն երգ­չա­խումբ, ե­ղաւ ա­նոր տքնա­ջան խմբա­վա­րը եւ շու­տով հա­մերգ­նե­րով հան­դէս ե­կաւ ոչ միայն Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի, այ­լեւ՝ ­Կար­սի, ­Թիֆ­լի­սի եւ ­Պա­քո­ւի մէջ։
Սկզբ­նա­կան այդ շրջա­նի իր մշա­կում­նե­րը՝ «­Հո­վերն ա­ռան սար ու դա­րեր», «Ախ իմ ճամ­բէն» եւ «­Սեւ Ա­չե­րէն» եր­գե­րը՝ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի խօս­քե­րով (1903ին, 1906ին եւ 1907ին), ինչ­պէս նաեւ հայ ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու խմբեր­գա­յին մշա­կում­նե­րը ան­մի­ջա­պէս ար­ժա­նա­ցան լայն ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան։
1908էն 1912, Ա. ­Տիգ­րա­նեան աշ­խա­տե­ցաւ «Ա­նոյշ» օ­փե­րա­յի վրայ, որ­մէ ա­ռան­ձին հա­տո­ւած­ներ ա­ռա­ջին ան­գամ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան 1908ին, ­Թիֆ­լի­սի մէջ, իսկ ամ­բող­ջու­թիւ­նը բեմ հա­նո­ւե­ցաւ, ա­ռա­ջին ան­գամ, 1912ի Օ­գոս­տոս 17ին, Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի մէջ, սի­րո­ղա­կան ու­ժե­րով։
«Ա­նոյշ»ը մեծ ըն­կա­լում գտաւ եւ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ­Ռու­սաս­տա­նի ու ­Կով­կա­սի կեդ­րո­նա­կան քա­ղաք­նե­րուն մէջ։
1913 ին Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեան վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր դար­ձաւ ­Հայ Ե­րաժշտա­կան Ըն­կե­րու­թեան գոր­ծու­նեայ ան­դա­մը՝ միա­ժա­մա­նակ երգ ու ե­րաժշ­տու­թիւն դա­սա­ւան­դե­լով «­Յով­նա­նեան» վար­ժա­րա­նի մէջ։ Իր մշա­կած եր­գե­րէն կազ­մո­ւած ծրա­գիր­նե­րով՝ հա­մերգ­ներ տո­ւաւ։
Նաեւ՝ նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց վրայ աշ­խա­տե­ցաւ։ Այդ շրջա­նին մշա­կեց «­Լէյ­լի եւ ­Մեճ­նուն» ող­բեր­գու­թեան ե­րաժշ­տա­ւո­րու­մը (ա­ւար­տած՝ 1915ին եւ բեմ հա­նո­ւած 1918ին, ­Թիֆ­լիս), ինչ­պէս նաեւ «Ա­րե­ւե­լեան ­Պար»ը՝ սիմ­ֆո­նիք երգ­չա­խում­բի հա­մար։
­Խորհր­դա­յին կար­գե­րու հաս­տա­տու­մէն ետք, Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեան թէեւ օ­րո­ւան իշ­խա­նու­թեանց պա­հան­ջին տուրք տո­ւող շար­քա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ հրա­պա­րա­կեց, բայց միա­ժա­մա­նակ ամ­բողջ թա­փով լծո­ւե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան ա­րո­ւես­տի իր մօ­տե­ցում­ներն ու սկզբունք­նե­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու աշ­խա­տան­քին։
­Տա­րի­ներ տրա­մադ­րեց «Ա­նոյշ»ի վե­րամ­շա­կու­մին, յա­ւե­լում­նե­րուն եւ նոր գոր­ծի­քա­ւո­րու­մին։ ­Տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րած այդ աշ­խա­տան­քին ար­գա­սի­քը գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ռում­բի մը պայ­թու­մին տպա­ւո­րու­թիւ­նը գոր­ծեց 1935ի ­Մարտ 27ին, երբ խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով բեմ հա­նո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եւ ­Պա­լէի ­Թատ­րո­նին մէջ։ ­Նոյն­պի­սի յա­ջո­ղու­թիւն գտաւ «Ա­նոյշ»ը 1939ին, երբ ­Մոս­կո­ւա­յի մէջ «­Հայ ա­րո­ւես­տի եւ գրա­կա­նու­թեան տաս­նօ­րեակ»ի ա­ռի­թով խորհր­դա­յին մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ բեմ հա­նո­ւե­ցաւ։
Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեա­նի կա­րա­պի եր­գը ե­ղաւ «­Դա­ւիթ ­Բէկ»ը, ո­րուն վրայ հայ մեծ ե­րա­ժիշ­տը աշ­խա­տե­ցաւ 1941էն մին­չեւ 1950։
«­Դա­ւիթ ­Բէկ»ը ա­ւար­տուն տեսք ստա­ցաւ հե­ղի­նա­կի մա­հո­ւան նա­խօ­րեա­կին եւ բեմ հա­նո­ւե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան խմբա­վար Գ. ­Բու­դա­ղեա­նի օ­փե­րա­յին խմբագ­րու­մով ու Լ. ­Խո­ջաէյ­նա­թեա­նի գոր­ծի­քա­ւո­րու­մով։ «­Դա­ւիթ ­Բէկ» օ­փե­րան յա­ջո­ղա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեա­նի ե­րաժշ­տա­կան՝ տաս­նա­մեակ­նե­րու ո­րո­նում­նե­րը եւ ինք­նա­կա­տա­րե­լա­գործ­ման ճի­գե­րը՝ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի սրտին ու մտքին հասկ­նա­լի, հա­ղոր­դա­կան եւ հո­գե­պա­րար լե­զուն ու ո­ճը իր լրու­մին հասց­նե­լով։
Ինչ­պէս որ ե­րաժշ­տա­կան քննա­դատ­նե­րը միա­ձայ­նու­թեամբ կը հաս­տա­տեն, Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեան ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս բարձր գա­գաթ մը նո­ւա­ճեց հայ եր­գի ու ե­րաժշ­տու­թեան բազ­մա­դա­րեան ու հա­րուստ մշա­կոյ­թին մէջ։
Ս­տեղ­ծեց իր ու­րոյն ո­ճը, որ հայ ժո­ղովր­դա­կան եր­գի ու ե­րաժշ­տու­թեան դա­սա­կա­նա­ցումն էր՝ երգ­չա­խում­բի հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած բա­ժին­նե­րով հարս­տաց­նե­լով հայ­կա­կան օ­փե­րա­յի դա­սա­կան ըն­կա­լու­մը։ ­Բայց մա­նա­ւանդ հայ ժո­ղո­վուր­դին սիրտն ու հո­գին ջեր­մաց­նող մեծ ա­րո­ւես­տի մը ա­րա­րի­չը դար­ձաւ Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեան, ո­րուն «Ա­նոյշ»ը մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ մնալ հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­մէ­նէն սի­րած ու հո­գե­հա­րա­զատ ե­րաժշ­տա­կան գլուխ-գոր­ծո­ցը։
­­Թէեւ ­Թիֆ­լիս մա­հա­ցաւ, բայց Ե­րե­ւան թա­ղո­ւե­ցաւ ու հա­յոց հայ­րե­նի­քի ծո­ցին մէջ իր յա­ւեր­ժա­կան հան­գիս­տը գտաւ հայ ժո­ղովր­դա­կան եր­գի ու ե­րաժշտու­թեան դա­սա­կան հսկան, որ ա­ռա­ւե­լա­գոյն հնչե­ղու­թեամբ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց բարձ­րար­ժէք ժա­ռան­գու­թիւն մը, ո­րուն ներշնչ­ման աղ­բիւ­րը միա­ժա­մա­նակ Ար­մէն ­Տիգ­րա­նեա­նի հա­ւա­տոյ հան­գա­նակն էր՝ «Ինձ հա­մար մի բան պարզ է, որ հայ­կա­կան օ­պե­րան չպէտք է կրկնի եւ­րո­պա­կա­նը, պէտք է լի­նի ինք­նա­տիպ, ազ­գա­յին, ժո­ղովր­դին սի­րե­լի եւ հաս­կա­նա­լի»: