­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վը քո­ւէար­կու­թեամբ ընտ­րեց ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 4րդ ­նա­խա­գա­հը: ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին վրայ Ար­մէն ­Սարգ­սեա­նի թեկ­նա­ծու­թեան կողմ քո­ւէար­կեց 90, դէմ` 10 պատ­գա­մա­ւոր: Այս մա­սին, ըստ «Ար­մէնփ­րես»ի, ը­սած է ­Հա­յաս­տա­նի  Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ժա­մա­նա­կա­ւոր հա­շո­ւիչ յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ­Գա­գիկ ­Մե­լի­քեան: «­Քո­ւէար­կու­թեան մաս­նակ­ցած է 101 պատ­գա­մա­ւոր: ­Քո­ւէա­տու­փին մէջ ե­ղած է 101 քո­ւէա­թեր­թիկ, ո­րոնց­մէ ան­վա­ւեր նկա­տո­ւած է մէկ քո­ւէա­թեր­թիկ: Այս­պի­սով, Ար­մէն ­Սարգ­սեան ընտ­րո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ»,- ը­սած է ­Մե­լի­քեան:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ըն­դու­նած է նո­րըն­տիր նա­խա­գա­հը

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան ըն­դու­նած է Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին կող­մէ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ընտ­րո­ւած Ար­մէն ­Սարգ­սեա­նը, որ  ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հա­մա­ձայն իր պաշ­տօ­նը պի­տի ստանձ­նէ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խորդ նա­խա­գա­հի լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րու ա­ւար­տին օ­րը:
­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան շնոր­հա­ւո­րած է Ար­մէն ­Սարգ­սեա­նը հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին ընտ­րո­ւե­լու ա­ռի­թով, մաղ­թած յա­ջո­ղու­թիւն եւ վստա­հու­թիւն յայտ­նած, որ ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար ա­պա­գայ տա­րի­նե­րը պի­տի ըլ­լան լա­ւա­գոյն ձեռք­բե­րում­նե­րու  տա­րի­ներ:
«­Յար­գե­լի՛ պա­րոն ­Սարգ­սեան, սրտանց կը շնոր­հա­ւո­րեմ ձեզ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ընտ­րո­ւե­լու ա­ռի­թով: Ա­սի­կա, ան­շուշտ, շատ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն է մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ պե­տու­թեան կեան­քին մէջ եւ շատ կա­րե­ւոր փուլ է խորհր­դա­րա­նա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան կա­յաց­ման ճամ­բուն վրայ: Վս­տահ եմ, որ դուք լա­ւա­գոյնս պի­տի կա­տա­րէք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը: Այս ըն­թաց­քին ու­շադ­րու­թեամբ հե­տե­ւե­լով ձեր հան­դի­պում­նե­րուն` ես ուղ­ղա­կի հա­մո­զուած եմ, որ ա­մէն ինչ լաւ պի­տի ըլ­լայ: ­Մին­չեւ ձեր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու ստանձ­նու­մը մնա­ցած է քա­ռա­սուն օր: Այս քա­ռա­սուն օ­րե­րուն ըն­թաց­քին դուք ամ­բող­ջո­վին կրնաք ա­պա­ւի­նիլ իմ աշ­խա­տա­կազ­մի, մեր պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու բո­լոր պաշ­տօ­նեա­նե­րուն  ա­ջակ­ցու­թեան եւ տնօ­րի­նել այդ ժա­մա­նա­կը ինչ­պէս որ ու­զէք, ո­րով­հե­տեւ այդ դժո­ւար եւ պա­տո­ւա­բեր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րո­ւին ի շահ մեր ժո­ղո­վուր­դին: Ան­գամ մը եւս սրտանց կը շնոր­հա­ւո­րեմ ձեզ»,- ը­սած է նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:
­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նին շնոր­հա­ւո­րան­քին եւ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րուն հա­մար: «­Պա­րո՛ն նա­խա­գահ, կրկին թոյլ տո­ւէք ձեզ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել ձեր բա­րի եւ դէ­պի մեր հայ­րե­նի­քի ա­պա­գան նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած խօս­քե­րուն հա­մար:
Ա­ւար­տե­լով հան­դի­պում­նե­րը եւ ընտ­րո­ւե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան յա­ջորդ նա­խա­գահ` թոյլ տո­ւէք նախ եւ ա­ռաջ իմ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօսքս ը­սել ձե­զի` իբ­րեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եր­րորդ նա­խա­գահ: Ան­շուշտ, ­Հա­յաս­տա­նի ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը Եւ­րա­սիա­կան Տնտե­սա­կան Միու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի շատ ա­ւե­լի խոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն­նե­րը Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ, մաս­նակ­ցու­թիւ­նը նոր բազ­մա­թիւ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու մէջ եւ ընդ­հան­րա­պէս տնտե­սու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցող նոր դրա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը հիմք կու տան վստա­հու­թեամբ նա­յե­լու ա­պա­գա­յին եւ ին­ծի մեծ լա­ւա­տե­սու­թիւն կը նե­րար­կեն, որ ա­պա­գայ տա­րի­նե­րը` առ­նո­ւազն եօ­թը տա­րին, որ ես պի­տի ծա­ռա­յեմ իբ­րեւ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ, պի­տի ըլ­լան աշ­խուժ աշ­խա­տան­քի տա­րի­ներ»,- ը­սած է նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեան: