­­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն ­Սարգ­սեան շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ յղեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Քա­թէ­րի­նա ­Սա­քե­լա­րո­փու­լո­ւին ազ­գա­յին տօ­նի՝ Ան­կա­խու­թեան օ­րո­ւան եւ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան լու­ծէն ա­զա­տագր­ման 200-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով:
­Նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի ու­ղեր­ձին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշո­ւած է.
«­Հե­րո­սա­կան մա­քա­ռում­նե­րի, եր­կա­րա­տեւ պայ­քա­րի ու զո­հո­ղու­թեան գնով յոյն ժո­ղո­վուր­դը նո­ւա­ճեց իր ան­կա­խու­թիւ­նը: Այդ ճա­նա­պար­հին բազ­մա­թիւ են Օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ գտնո­ւող հայ եւ յոյն քրիս­տո­նեայ բախ­տա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ու հա­մա­տեղ պայ­քա­րի դրսե­ւո­րում­նե­րը՝ խարս­խո­ւած հա­զա­րա­մեակ­նե­րի պատ­մամշա­կու­թա­յին առն­չու­թիւն­նե­րի, ընդ­հա­նուր հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րի եւ փո­խա­դարձ հա­մակ­րան­քի վրայ:
­Վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րի ըն­թաց­քում ­Հա­յաս­տա­նը եւ ­Յու­նաս­տա­նը կա­րո­ղա­ցել են զար­գաց­նել ա­մուր միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու երկ­կողմ կա­յուն օ­րա­կարգ, որն ընդգր­կում է ակ­տիւ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւն եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն տար­բեր ո­լորտ­նե­րում։
Ն­շա­նա­կա­լի է ­Յու­նաս­տա­նում կեն­սու­նակ հայ հա­մայն­քի եւ ­Հա­յաս­տա­նում հայ ժո­ղովր­դի սէրն ու յար­գան­քը վա­յե­լող յու­նա­կան հա­մայն­քի դե­րը մեր երկր­նե­րի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րի ա­ռա­ւել սեր­տաց­ման գոր­ծում»:
­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ եր­կու եր­կիր­նե­րուն ջերմ բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րը, ան­կեղծ եւ ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը այ­սու­հե­տեւ ա­ւե­լի պի­տի զար­գա­նան ու պի­տի ամ­րապն­դո­ւին՝ ի շահ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն:

­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեա­նի շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղեր­ձը

­Վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղերձ յղեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սին՝ Ան­կա­խու­թեան օ­րո­ւան ա­ռի­թով: Ու­ղեր­ձին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սո­ւած է.
«­Հա­յաս­տանն ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րում է նոյ­նա­կան ար­ժէք­նե­րի, պատ­մա­կան սերտ առն­չու­թիւն­նե­րի եւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րի փո­խա­դարձ ջերմ կա­պե­րի վրայ հիմ­նո­ւած ա­ւան­դա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եղ­բայ­րա­կան ­Յու­նաս­տա­նի հետ: Անց­նող տա­րո­ւայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը մէկ ան­գամ եւս վե­րա­հաս­տա­տե­ցին մեր եր­կու բա­րե­կամ երկր­նե­րի մի­ջեւ բազ­մաբ­նոյթ եւ շա­րու­նա­կա­կան երկ­խօ­սու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:
­Հա­մո­զո­ւած եմ, որ գա­լիք տա­րի­նե­րին մեր երկր­նե­րի մի­ջեւ ան­կեղծ ու ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնն ա­ւե­լի կ­՚ամ­րապն­դո­ւի եւ կ­՚ընդ­լայ­նո­ւի:
­Մաղ­թում եմ ­Ձեզ եւ ­Յու­նաս­տա­նի եղ­բայ­րա­կան ժո­ղովրդին բա­րօ­րու­թիւն եւ եր­ջան­կու­թիւն»։