Յու­նա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ իր տա­քուկ ան­կիւնն ու հո­գե­հա­րա­զատ բե­մը ստեղ­ծած «Ար­մե­նի­քա» յու­նա­լե­զու պար­բե­րա­թեր­թը տօ­նեց իր 20ա­մեա­կը։
­­Պար­բե­րա­թեր­թի 20 տա­րի­նե­րու ա­նընդ­հատ հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս եւ մե­ծա­թիւ գործա­կից­նե­րու եւ հա­մա­կիր­նե­րու ներ­կա­յու­թեան նշո­ւե­ցաւ «Ար­մե­նի­քա»ի վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած յա­տուկ ե­րե­կո­յի ըն­թաց­քին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Շա­բաթ՝ 27 ­­Յու­նո­ւար 2018ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։30ին, ­­Գա­րէա­յի «Ա­զա­տա­մարտ» ա­կում­բէն ներս։
Ե­րե­կո­յին ներ­կայ էին «Ար­մե­նի­քա»ի քսա­նա­մեայ հրա­տա­րա­կու­թեան մէջ ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­ցած 100է ա­ւե­լի հայ եւ յոյն աշ­խա­տա­կից­ներ։
Ե­րե­կո­յի բա­ցու­մը հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով կա­տա­րեց պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րա­կան կազ­մին կող­մէ ­­Յով­հան­նէս ­­Ղա­զա­րեան։
«Ար­մե­նի­քա»ի 20 տա­րո­ւան պատ­մու­թեան ընդ­հա­նուր ու­րո­ւա­գիծ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­մը կա­տա­րե­լով՝ ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թեանց, դա­սա­խօ­սա­կան ե­րե­կո­նե­րու եւ լսա­րան­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մին, ինչ­պէս եւ կայ­քէ­ջե­րու մա­տու­ցու­մին։
Յ. ­­Ղա­զա­րեան նշեց, թէ ինչ­պէ՛ս կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ պար­բե­րա­թեր­թը, որ­քա­նո՛վ ար­ձա­գանգ գտաւ հայ եւ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան մօտ եւ որ­քա՜ն նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով կա­րո­ղա­ցաւ գո­յա­տե­ւել, զար­գա­նալ ու բա­րե­լա­ւո­ւիլ՝ պա­րու­նա­կու­թեան եւ տպագ­րա­կան ո­րա­կի տե­սա­կէ­տէ։
Ներ­կա­յաց­ման ըն­թաց­քին պաս­տա­ռի վրայ կը ցու­ցադ­րո­ւէին 20 տա­րի հրա­տա­րա­կո­ւած «Ար­մե­նի­քա»ի հա­մար­նե­րուն կող­քի է­ջե­րուն պատ­կեր­նե­րը ու զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով կազ­մա­կեր­պո­ւած լսա­րան­նե­րէն նկար­ներ։
Խմ­բագ­րա­կան կազ­մի ան­դամ՝ ­­Գո­ւին ­­Մի­նա­սեան ըն­թեր­ցեց պար­բե­րա­թեր­թի ար­տօ­նա­տէր Գ­րի­գոր Մ­խի­կեա­նի (ներ­կա­յիս ար­տա­սահ­ման ապ­րող) ող­ջոյ­նի խօս­քը, որ ու­ղար­կո­ւած էր 20ա­մեա­կին ա­ռի­թով։
Ան մաղ­թեց, որ «Ար­մե­նի­քա» երկար տա­րի­ներ գո­յա­տե­ւէ՝ յաղ­թա­հա­րե­լով նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ խոս­տա­նա­լով, որ խմբագ­րա­կան կազ­մին կող­քին պի­տի մնայ՝ տրա­մադ­րե­լով իր օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը։
­­Գո­ւին ­­Մի­նա­սեան ըն­թեր­ցեց նաեւ «Ա­կօս» պոլ­սա­հայ թեր­թի խմբագ­րու­թեան ող­ջոյ­նի խօս­քը։
Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ «Ար­մե­նի­քա»ի տա­րի­նե­րու աշ­խա­տա­կից­նե­րէն ազ­գագ­րա­գէտ Է­լէֆ­թե­րիոս Ա­լեք­սա­քիս, որ հա­կիրճ ներ­կա­յա­ցու­մը ը­րաւ ­­Հա­յաս­տա­նի եւ հա­յոց պատ­մու­թեան առն­չո­ւող իր հե­տա­զօ­տու­թեանց աշ­խա­տան­քին եւ թեր­թին հա­մար իր պատ­րաս­տած նիւ­թե­րուն վե­րա­բե­րեալ։
«Ար­մե­նի­քա»ի մնա­յուն գոր­ծա­կից­ներ՝ ­­Ռի­քար­տօ Եր­կա­նեան եւ ­­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեան, ի­րենց հեր­թին խօսք առ­նե­լով, ի­րենց խօս­քը ուղ­ղե­ցին ներ­կա­նե­րուն՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք սա­տար կը հան­դի­սա­նան պար­բե­րա­թեր­թի գո­յա­տեւ­ման։ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի 20ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ Ա­մա­նո­րի գա­թա­յի կտրու­մով։
­­Յով­հան­նէս ­­Ղա­զա­րեան իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց Հ. Կ. ­­Խա­չի ­­Գա­րէա-­­Կե­սա­րիա­նիի «Աղ­թա­մար» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, որ պատ­րաս­տած էր գա­թան ու հրա­ւի­րեց պար­բե­րա­թեր­թի ա­մէ­նէն տա­րեց ու ա­մէ­նէն փոքր գոր­ծա­կից­նե­րը, որ­պէս­զի կտրեն գա­թան։ Այս­պէս՝ ­­Կա­րօ Ա­ւա­գեան եւ փոք­րիկն Ա­րամ Ե­զե­կիէ­լեան կտրե­ցին 2018ի գա­թան, ո­րը բաժ­նո­ւե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն։
Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ ու ե­րե­կոն վերջ գտաւ ­­Լեֆ­թե­րիս ­­Խա­վու­ծա­սի քա­նի մը ե­րաժշ­տա­կան կտոր­նե­րու մեկ­նա­բա­նու­թեամբ կի­թա­ռի վրայ։

Թղ­թա­կից