­Թուր­քիոյ Էս­քի­շե­հիր քա­ղա­քի ­Սիւ­րի­հի­սար շրջա­նին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան Սբ. Երր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րած­քին մէջ շուրջ հինգ տաս­նեակ թուրք գոր­ծիչ­նե­րու ար­ձան­նե­րէ բաղ­կա­ցած «Ար­ձան­նե­րու ­Պու­րակ» բա­ցո­ւած է:
Ըստ «Էր­մէ­նի­հա­պեր»ի՝ թրքա­կան «Haberturk» թեր­թը կը տե­ղե­կաց­նէ, որ ար­ձա­նա­խում­բի բաց­ման մաս­նակ­ցած է ­Թուր­քիոյ մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար ­Նա­պի Աւ­ճըն: ­Տե­ղե­կաց­նենք, որ ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րած­քին մէջ տե­ղադ­րո­ւած են ար­ձան­նե­րը այն­պի­սի հա­յա­տեաց պատ­մա­կան դէմ­քե­րու, ինչ­պի­սիք են ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մալ Ա­թա­թուրք ու ­Քեա­զիմ ­Քա­րա­պե­քիր: ­Կան նաեւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծիչ­նե­րու ար­ձան­ներ` բա­նաս­տեղծ Եա­շար ­Քե­մալ, նկա­րիչ Ա­պի­տին ­Տի­նօ եւ այլք:
Ծ­րա­գի­րը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է թուրք քան­դա­կա­գործ ­Մե­թին Եուր­տա­նուր:
Ն­շեալ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին կա­ռու­ցո­ւած է 1650ին: Հր­դե­հէ մե­ծա­պէս վնա­սուած է 1876ին: ­Վե­րա­կա­ռու­ցո­ւած է 1881ին: Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կանգ­նու­մը սկսած է 2010ին, երբ ­Սիւ­րի­հի­սա­րի սե­փա­կա­նու­թիւ­նը հա­մա­րո­ւող ե­կե­ղե­ցին յանձ­նո­ւած է մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան: