Չորեքշաբթի՝ 16 Դեկտեմբեր 2021-ին Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաքելական Կառավառիչ Արհիապատիւ Տ. Յովսէփ Թ.Ծ.վրդ. Պէզազեան այցելեց Յունաստանի Թեմի Առաջնորդին՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեանին Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։
Դրական տրամադրութիւն առթող տօնական օրերուն փոխադարձ այցելութիւններու գեղեցիկ աւանդութիւնը պահելու եւ եղբայրական բարեմաղթութեանց կարգին¸ Գերապայծառը անդրադարձաւ 4-7 Դեկտեմբեր 2021-ին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Քահանայարետ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին Յունաստան այցելութեան¸ յայտնելով որ այս այցելութիւնը տեղի ունեցած էր Յունաստանի հանրապետութեան նախագահուհիին եւ տեղուոյն լատին եկեղեցւոյ հրաւէրով¸ որով այցելութիւնը աւելի պետական հանգամանք ունէր քան եկեղեցական եւ հետեւաբար այցելութեան յայտագիրը եւ առիթները տնօրինուած էին Յունաստանի պետութեան կողմէ։ Եկեղեցական եւ հոգեւոր բնոյթի միակ առիթը Պապին մատուցած սուրբ պատարագն էր¸ որուն մասնակցեցան միայն Յունաստանի լատին¸ հայ եւ յոյն կաթոլիկ համայնքներու հոգեւոր պետերը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ Գերապայծառը իր ափսոսանքը յայտնեց¸ որ հակառակ կազմակերպիչ մարմինին մէջ եղած աշխատանքներուն¸ որոշ պարագաներ չքաջալերեցին, որ կարելի ըլլար Յունաստանի ոչ կաթոլիկ համայնքապետեր եւս մասնակցին։
Անոր համար ալ¸ Գերապայծառը Առաջնորդ Սրբազանին փոխանցեց Սրբազան Քահանայապետին եղբայրական ջերմ եւ սիրալիր ողջոյնները¸ ի հարկէ նախ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին¸ ինչպէս նաեւ Յունաստանի Թեմին Սրբազան հօր եւ ժողովուրդին¸ որոնք այս այցելութենէն անմասն չմնալու համար¸ Գերապայծառը Առաջնորդ Սրբազանին Պապին կողմէ փոխանցեց Յունաստան այս այցելութեան առթիւ պատրաստուած պապական յուշատեմետալը։
ԹՂԹԱԿԻՑ