Երկուշաբթի,15 Յունուար 2024-ին Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաքելական կառավառիչ՝ արհիապատիւ Տ. Յովսէփ Թ.Ծ.վրդ. Պէզազեան ամանորի եւ տօնական օրերու առիթով այցելեց Յունաստանի Թեմի Առաջնորդին՝ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեանին Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։
Դրական տրամադրութիւն առթող տօնական օրերուն փոխադարձ այցելութիւններու գեղեցիկ աւանդութիւնը պահելու եւ եղբայրական բարեմաղթութեանց կարգին, հանդիպումը պատեհ առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու յունահայ համայնքին առնչուած հարցերու, ինչպէս նաեւ վերջերս Յունաստանի մէջ հրատապ քննարկումի նիւթ դարձած կենսաբանական բնոյթի հարցը եւ ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ կեցուածքը այս առնչութեամբ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Արհ. Տ. Յովսէփ Թ. Ծ. վրդ. Պէզազեան այցելեց Առաջնորդ սրբազանին