Հա­յաս­տա­նի մէջ մի­ջազ­գա­յին ա­մե­նա­բարձր չա­փա­նիշ­ե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նող ար­հես­տա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րան պի­տի հիմ­նո­ւի: ­­Նա­խա­գահ ­­Սերժ ­­Սարգ­սեա­նին ներ­կա­յա­ցո­ւած է ­­Հա­յաս­տա­նի ար­հես­տա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րան հիմ­նե­լու հա­յե­ցա­կար­գը:
­­Հա­մալ­սա­րա­նի հիմ­նա­կան նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու բե­կում­նա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը:
Կր­թու­թեան ո­լոր­տի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու եւ շա­հագր­գիռ այլ ան­ձե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­յա­ցած խորհր­դակ­ցու­թեան, հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի խորհր­դա­կան ­­Մես­րոպ ­­Քա­հա­նայ Ա­րա­մեան եւ կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան փոխ-նա­խա­րար ­­Դա­ւիթ ­­Սա­հա­կեան ի­րենց զե­կոյց­նե­րով անդ­րա­դար­ձած են ար­հես­տա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ստեղծ­ման մօ­տե­ցում­նե­րուն ու սկզբունք­նե­րուն:
Ա­նոնք նշած են, որ ան­ցեալ մէկ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ի­րա­կա­նա­ցո­ւած ծա­ւա­լուն աշ­խա­տան­քը, ըստ էու­թեան, շա­րու­նա­կու­թիւնն է 2016ին ­­Մա­սա­չու­սէթ­սի Ար­հես­տա­գի­տա­կան ­­Հիմ­նար­կին տրո­ւած Հ.Հ. նա­խա­գա­հի այ­ցին, որ­մէ ետք մշա­կո­ւած է ծրա­գիր` ­­Հիա­յաս­տա­նի մէջ մի­ջազ­գա­յին ա­մե­նա­բարձր չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նող ար­հես­տա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րան հիմ­նե­լու` ­­Մա­սա­չու­սէթ­սի Ար­հես­տա­գի­տա­կան ­­Հիմ­նար­կի եւ նման այլ հե­ղի­նա­կա­ւոր հա­մալ­սա­րան­նե­րու հետ գոր­ծըն­կե­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւն­քով:
­­Հա­յաս­տա­նի եւ ար­տերկ­րի հա­մալ­սա­րան­նե­րու ու գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան հիմ­նարկ­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ՝ հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ըստ զե­կու­ցող­նե­րու, հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ­­՛ու­նե­նան ստա­նալ եր­կու վկա­յա­կան` ար­հես­տա­գի­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին եւ գոր­ծըն­կեր հա­մալ­սա­րա­նին կող­մէ: