Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ տեղի ունեցած «Եւրոտեսիլ-2017»ի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլէն ետք, դատական կազմի եւ հեռաձայնային քուէարկութեան արդիւնքով, Հայաստանը ներկայացնող Արծուիկը անցաւ եզրափակիչ փուլ եւ պայքարը կը շարունակէ Մայիս 13ին։
Արծուիկը կը ներկայանայ Fly with me երգով, որու երաժշտութեան համահեղինակները Լեւոն եւ Լիլիթ Նաւասարդեաններն են։ Եզրափակիչ փուլ անցան նաեւ Մոլտովայի, Յունաստանի, Շուէտի, Փորթուկալի, Լեհաստանի, Աւստրալիոյ, Կիպրոսի, Ատրպէյճանի եւ Պելճիքայի ներկայացուցիչները։
Մրցոյթի եզրափակիչ փուլը պիտի հեռարձակուի Մայիս 13ին։ Հայաստանեան միաւորները պիտի յայտարարէ «Եւրոտեսիլ-2016»ի ներկայացուցիչ Իվետա Մուկուչեան։
Կիպրոսի ներկայացացուչիը «Եւրոտեսիլ-2017»ին Յովիկ Տէմիրճեանն է, որ կարողացաւ եւ անցաւ եզրափակիչ փուլ՝ իր ներկայացուցած Gravity երգով շատ լաւ տպաւորութիւններ ձգելով։
Արծուիկը եւ Յովիկը եզրափակիչ փուլ անցան
Հայաստանը ներկայացնող Արծուիկը եւ Կիպրոսը ներկայացնող Յովիկը «Եւրոտիսիլ-2017»ի եզրափակիչ փուլ անցան